Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Յուշ-Երեկոյ Նուիրուած Խարբերդցի Երեք Նահատակ Մտաւորականներուն

Կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Խարբերդի մշակութային միութեան եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի Միացեալ հայկական խորհուրդին, Կիրակի, Յունուար 25-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի պիտի ունենայ հանրային յուշ-երեկոյ մը՝ նուիրուած խարբերդցի երեք նահատակ մտաւորականներու, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։

Յայտագիրին կը մասնակցին փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան  եւ Գէորգ Պետիկեան, որոնք յաջորդաբար պիտի ներկայացնեն՝ Թլկատինցին- Յովհաննէս Յարութիւնեանը, Յովհաննէս Պուճիքանեանը եւ Ռուբէն Զարդարեանը։ Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան։ Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան եւ երգեհոնահար Արամ Լեփեճեան, ինչպէս նաեւ՝ «Երկնային Տաղեր»ը (Սալբի՝ սրինգ եւ Սօսի՝ տաւիղ)։ Ձեռնարկի հանդիսավարն է Արա Ահարոնեան։

Յուշ-երեկոն տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին