Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հրանդ Տինքէն «Շարլի Հեպտօ». 19 Յունուար 2007 – 7 Յունուար 2015

* ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ – ՓԱՉԱՆԵԱՆ *

Սիպիլա

Դէպքը միեւնոյնն է, դէմքերն են տարբեր, վայրն է տարբեր, սակայն նպատակը միեւնոյնն է՝ կոտրել ազատ գրիչը, լռեցնել ազատ անկաշկանդ խօսքը, մթագնել ազատ միտքը…

2007-ին, Պոլսոյ մէջ, Ակօսի խմբագիր Հրանդ Տինքն էր զոհը, այսօր Փարիզի մէջ, «Շարլի Հէպտօ»-ի երգիծաբանական շաբաթաթերթի  չորս երգիծանկարիչ եւ լրագրող ՝Շարպ, Քապի, Ուիլինսքի եւԴինիու,  ազատ խօսքի ու մտքի զինուորներն են :

Ինչպէս Հրանդ Տինք, «Շարլի Հեպտօ»-ի լրագրող եւ երգիծանկարիչները նոյնպէս բազմաթիւ անգամներ սպառնալիքներու թիրախ դարձած էին եւ ի վերջոյ կատարուեցաւ «խոստումը» գրիչը կոտրեցաւ ,կարմիրը ծորեցաւ, սակայն  «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Բոլորս Շարլի ենք» լոզունքները բարձրացան, ի դէմ  սեւ ձեռնոցներով արիւնակզակ գազանին:

Երկու  ահազդու ահաբեկչական դէպքերուն միջեւ  որոշակի նոյնանման եզր մը ուրուագծուած է: Երկուքն ալ  լոյս աչքով, ամենայն յանդգնութեամբ գործադրուեցան: Հրանդ Տինքի ահաբեկչութեան հարցը աչքի փոշի ցանելով ընթացք առաւ մինչ 2013-ին երբ ծածուկ անձի մը կողմէ յայտնուեցաւ թէ Թրքական գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ ձեռնարկուած մէկ արարք մըն էր: Մինչ «Շարլի Հեպտօ»-ի մեղապարտները արդէն իսկ սեւ դրօշի ետին բացագանչող ծայրայեղական կազմակերպութեան  վարձկան զինուորներն են, որոնք «Շարլի Հեպտօ»-ի խմբագրատունը արիւնաթաթախ ընելէ ետք «մարգարէին վրէժը լուծեցինք» բացագանչութիւններով լքեցին ու անյայտացան վայրէն:

Սակայն այս բոլորին մէջ էականը կը մնայ այն հիմնական տուեալը թէ բոլոր պարագաներուն ո՞վ  յաճախակիօրէն ազատ խօսքի ու մտքի կանչը շղթայել կը փորձէ , որո՞ւն շահերուն կը նպաստէ այդ լռութիւնը:

Միթէ ոճրագործները միեւնոյն գաղափարին հաւատաւոր ծառաները չե՞ն:

Յարգանք ու պատիւ նահատակ լրագրողներուն, անոնց թափած արեան, այսօր ֆրանսան  12 նահատակ զոհեր  տուաւ, սակայն 66 միլիոն ֆրանսացի ոտքի կանգնեցուց ահաբեկիչներուն դէմ բարձրաձայն «Ո՛չ  մտքի ու արտայայտութեան ազատութեան կաշկանդումին գոչելով» …

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին