Քալիֆորնիոյ շրջանի Մոնթեպելլօ քաղաքի ղեկավար Ճէք Հաճինեան Հայոց ցեղասպանութիւն վերապրածի թոռ է, ուստի 2015-ին, երբ պիտի նշուի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, հետաքրքրական պիտի ըլլայ հայկական ծագումով առաջին քաղաքապետին համար: Այս մասին՝ ըստ news.am-ի՝ EGP-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է ինքը` Ճէք Հաճինեան:
Պարբերականը կը նշէ, որ քաղաքային խորհուրդի անդամը պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ առաջին ամերիկահայ, որ դարձած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ:
“Ասիկա յատուկ զգացում է, ես հպարտ եմ, որ հայ եմ, սակայն ես կը ներկայացնեմ բոլորը”,-ըսած է նոր քաղաքապետը` աւելցնելով, որ ինք պիտի կենտրոնանայ պիզնեսի զարգացման, անվտանգութեան ապահովման, քաղաքի մաքրութեան եւ քաղաքային ծառայութիւններու լաւ աշխատանքին վրայ:
Յիշեցնենք, որ Ճէք Հաճինեան այս տարուան նոյեմբերին պաշտօնապէս ստանձնած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնը: Ան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Մոնթեպելլոյի քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն մէջ, ներառեալ՝ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, Մոնթեպելլօ-Ստեփանակերտ քոյր քաղաքներու խորհուրդի անդամ, Ս. Խաչ եկեղեցու հոգաբարձուներու խորհուրդի գանձապահ։ 2011 թուականին Հաճինեան ընտրուած է Մոնթեպելլոյի քաղաքական խորհուրդի անդամ: Մինչ այդ, ան տարբեր պաշտօններ ունեցած է. զբաղցուցած է քաղաքապետարանի սպասարկման հարցերու յանձնաժողովին մէջ, ոստիկանութեան հանրային ապահովութեան, նաեւ՝ ներդրումների յանձնախումբերուն մէջ:
www.news.am