Աստուած աշխարհի նուիրեց մէկ արեւ եւ մէկ լուսին, մարդուն տուաւ մէկ սիրտ, մէկ մայր ու մէկ հայրենիք։ Տարիներ ետք, տեսնելով Հայ ժողովուրդի սրտի մեծութիւնը, տոկալու եւ ապրելու սէրն ու յոյսը, նուիրեց երկրորդ Հայրենիք մը՝ Լիբանանը։
Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտները առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն, պատրաստեցին գեղեցիկ հանդէս մը, արտայայտելու համար իրենց սէրն ու յարգանքը սիրելի Լիբանանին, հրաւիրելով իրենց ծնողները ներկայ գտնուելու սոյն հանդէսին։
Հետեւաբար, Ուրբաթ՝ 28 Նոյեմբեր 2014 առաւօտեան ժամը 11:15-ին, անոնք տողանցելով մուտք գործեցին Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս, խմբերգեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները։ Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Վերա Ս. Հաննա։ Ան հրաւիրեց ծնողները ըմբոշխնելու մեր փոքրիկներուն՝ մանկամսուրէն մինչեւ ծաղիկ դասարան պատրաստած հանդէսը:
Աշակերտները հերթաբար տողանցեցին, կատարելով տարազներու ցուցադրութիւն, երգեցին ու արտասանեցին Լիբանանի դրօշակին, Մայրիներուն, գիւղերուն ,լեռներուն, ակերուն մասին , ձեռային աշխատանքով ամբողջացուցին Մայրրի ծառը եւ Լիբանանի դրօշակը, ապա խմբովին պարեցին «على دلعونا»։ Ձեռնարկը ընդմիջեց տեսերիզ մը Լիբանանի մասին։
Սրտի խօսքը կատարեց տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կ. Նաճարեան, ըսելով.-«Առաջին հերթին պիտի շնորհաւորեմ մեր ծաղկափթիթ փոքրիկները։ Հպարտ կը զգամ Ձեզմով։ Կը հաւատամ որ, Դուք տէր ու պաշտպան պիտի կանգնիք մայրիներու այս չքնաղ երկրին՝Լիբանանին։ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը՝ որպէս Լիբանանի մէջ գործող վարժարան, մեծ կարեւորութիւն տալով ազգային Լիբանանեան դաստիարակութեան, այսօրուան գեղեցիկ ձեռնարկով անդրադառձաւ Լիբանանի մասին, շեշտը դնելով ազգային հոգիի ու գիտակցութեան»: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն զինելու իրենց զաւակները հայրենասիրութեամբ, որպէսզի դառնան հայրենակերտի տեսլականով պարուրուած պատասխանատուներ, ներմուծելով նորագոյն միտք ու մշակոյթ Լիբանանեան առօրեային, ինչպէս նաեւ սատար կանգնելով անոր ապագային։
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ համեստ հիւրասիրութիւն։
Մեր շատ սիրելի Լիբանանին կը մաղթենք ,Մայրի ծառի նման հաստատ արմատ եւ մշտադալար տերեւներով լեցուն ապագայ։
Թղթակից