Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Թուրքերը Այժմ Լաւաշը Թրքական Կը Համարեն Եւ Կը Բողոքեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Որոշումին Դէմ

Միաւորուած ազգերու Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հայկական լաւաշը համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու որոշումէն ետք Թուրքիոյ մէջ կրկին հակահայկական արշաւ սկսած է:

Թրքական լրատուամիջոցները այժմ կը պնդեն, թէ լաւաշը ոչ թէ հայկական, այլ թրքական եւ ատրպէյճանական հացատեսակ է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am–ը:

Թրքական Sabah-ը կը գրէ, թէ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ համատեղ նախապատրաստուած էր լաւաշը որպէս թրքական սննդատեսակ ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Թուրքերը կը պնդեն, թէ լաւաշը թրքական հարսանիքներու զարդը, եւ լաւաշ թխելու արարողութիւնը հարսանիքի արարողակարգի անբաժան մէկ մասը եղած է:

Աւելին` թուրքերը կը պնդեն, թէ հարսի ու փեսայի ուսին լաւաշ դնելը եւս թրքական սովորոյթ է` առատութիւն եւ բարեկեցութիւն կը խորհրդանշէ:

www.tert.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին