Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Հայաստանի Մէջ Կատարուող Բարեփոխումներուն

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրնը. վարչապետը կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակականութիւնը, երկկողմանի կապերու սերտացումն ու աշխուժացումը։

Երկուստեք յաջողած եւ արդիւնաւէտ նկատած են վարչապետին Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութիւնը: Յովիկ Աբրահամեան յատկապէս լուսարձակի տակ առած է այն, որ Համաշխարհային դրամատան, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Միջազգային ֆինանսական համագործակցականի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին բարձր գնահատուած է հաստատուած համագործակցութիւնը: Միջազգային ֆինանսական կառոյցներու ներկայացուցիչները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքէն եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են շարունակելու այդ ուղղութեամբ աջակցութիւնը:

Հայաստանի վարչապետը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը քննարկած են նաեւ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան հետագայ ընթացքը: Յովիկ Աբրահամեան ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ շարք մը առանցքային ոլորտներու մէջ նախաձեռնուած ծրագիրները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան բարելաւելու գործարար միջավայրը, օտար ներդրումներ ներգրաւելու եւ տնտեսական աճ ապահովելու: Ճան Հեֆըրն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման թափը պիտի պահպանուի եւ ողջունած է այդ նպատակով տարուող քաղաքականութիւնը: Դեսպան Հեֆըրն բարձր գնահատած է համայնքներու զարգացման, կառավարման թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան ապահովման, հակափտածութեան ռազմավարութեան մշակման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը եւ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու օժանդակել գործադիրին՝ բարեփոխումներու իրագործման գործին մէջ:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին