Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Հայաստանի Եւրասիական Միութեան Անդամակցութիւնը Կը Բացառէ Արցախի Հակամարտութեան Լուծման Ռազմական Ընտրանքը

«Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէն Քոսթանթին Զատուլի ըսած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութիւնը բացառած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ռազմական ճանապարհը: «Համաձայնագիրի կնքումը ձգձգուեցաւ, որովհետեւ Ատրպէյճան ճնշումներ կը բանեցնէր Ղազախստանի վրայ, քանի որ լաւ կը հասկանար, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալով՝ Հայաստան նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ անդամ միւս երկիրներուն հետ, որոնք նաեւ Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ են, ու պիտի պարտադրեն, որ Պաքուն ընդունի, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ միջոցներով», աւելցուցած Զատուլին: Ըստ անոր՝ Հայաստան կրնայ վստահ ըլլալ, որ որեւէ վտանգի պարագային, Ռուսիա անվերապահօրէն պիտի կատարէ ՀԱՊԿ համաձայնագիրով իր ստանձնած պարտականութիւնները:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին