Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Նոր Հրատարակութիւն. «Նոր Նախիջեւանի եւ Բեսարաբիոյ հայոց թեմը»

Ն.Ս.Օ.Տ»Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միայբան Տ. Սահակ վարդապետ Շաքարեանի «Նոր Նախիջեւանի եւ Բեսարաբիայի հայոց թեմը» մենագրութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Էջմիածինի մամլոյ ծառայութիւնը։

Գիրքի մէջ հեղինակը արխիւային փաստաթուղթերու, պարբերական մամուլի եւ պատմագիտական գրականութեան համակողմանի քննութեամբ կը ներկայացնէ Բեսարաբիայի տարածքի մէջ հայկական գաղթավայրերու յառաջացման, եկեղեցիներու կառուցման եւ տարբեր եկեղեցական ծխական հաստատութիւններու ստեղծման ու գործունէութեան հարիւրամեայ պատմութիւնը, որ կ’ընդգրկէ 1812-1920 թթ. ժամանակահատուածը: Աշխատութեան մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կայ Բեսարաբիոյ թեմակալ առաջնորդներու եւ հայ նշանաւոր գործիչներու գործունէութեան: Հեղինակը քննութեան առած է նաեւ թեմի տարածքի մէջ գտնուող էջմիածնապատկան կալուածներու ընդհանուր դրութիւնը, քանակը եւ շահագործման հետ կապուած խնդիրները:


Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին