Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Աշխատանքային Այցով ԱՄՆ Պիտի Մեկնի

ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 10-12 եռօրեայ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ԱՄՆ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Ուաշինկթընի մէջ վարչապետը պիտի մասնակցի Համաշխարհային դրամատան եւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի տարեկան լիագումար նիստին: Նախատեսուած են երկկողմ հանդիպումներ Համաշխարհային դրամատան, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ միջազգային ելեւմտական այլ կառոյցներու ղեկավարներու հետ:

Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ՀՀ դեսպանութեան մէջ պիտի մասնակցի Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած ընդունելութեան: Վարչապետը պիտի հանդիպի նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին