Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Պիտի Շարունակենք Նաւարկումը Դէպի Աւելի Պայծառ Հորիզոններ

*ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ – ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*

jenny

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 85 ամեակն էր՝ երբ օրուայ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը՝ ընկեր Մայք Խարապեան Դամասկոսի մէջ մեծ տօնակատարութեան մը ընթացքին երէց ընկերներու ՌԱԿ-ի վահանիկներ յանձնեց… այսօր անոնք չկան…:

Կը դիտեմ նկարները, եւ կը մտածեմ… Արդեօք եթէ հայրիկս ՌԱԿ-ի ղեկավարներէն չըլլար, ես այսքան հարազատ պիտի համարէ՞ի այս համակարգը: Եթէ մանկութիւնս ՌԱԿ-ի ակումբին մէջ չանցնէր, պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս այնտեղ չվայելէի, մտաւոր ու հոգեւոր աշխարհս այս համակարգի հսկաներուն ազդեցութեամբ չմշակուէր, կեանքիս ընկերը այս շրջանակէն արած չըլլայի, այսօր Հոկտեմբեր 1-ը ՌԱԿուսակցութեան տարեդարձ ըլլալը պիտի յիշէ՞ի…

Mike Krikor 11

Mike Jirayr 11

Ըսողներ կան, թէ. «Ծայրահեղ մարդը դեմոկրատ չի կրնար ըլլալ, իսկ կուսակցութիւն հասկացողութիւնը՝ գաղափարի մը հանդէպ հաւատարիմ մնալով անսասան համոզում մը կերտելով մարդուն ծայրահեղ դարձնելու ձեւ մըն է, ուստի՝ դեմոկրատ եւ կուսակցութիւն գաղափարները հակամերժ են…» եկուր ալ տակէն ելիր…: Բայց ինչո՞ւ այդքան կը բարդացնեմ հարցը: Ռամկավարութիւնը (դեմոկրասին) իմ կուսակցութեանս համար այնքան առաջնային չէ որքան ազգային հարցերը… հայրիկս այդպէս դաստիարակած է զիս. «Կուսակցութիւնը միջոց է եւ ոչ թէ նպատակ… նպատակը ազգն է, դատն ու հայրենիքը…» կը կրկնէր ան:

Իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր, հայապահպանումը, Հայ Դատը եւ մայր հայրենիքին աջակից ըլլալը իր առաջնային նպատակները համարած է ՌԱԿ-ը,  միւս աւանդական կուսակցութիւններու եւ միութիւններուն պէս՝ անոնց հետ այս սրբազան նպատակները իրագործելու ճակատամարտին մէջ մէկ գիծի վրայ միասնական պայքար մղելով…:

Փաստօրէն նոյն գլխաւոր նպատակի համար պայքարող զօրքեր են սփիւռքի ազգային  բոլոր կազմակերպութիւնները, հետեւաբար անոնց որեւէ մէկուն տկարանալը միւսներուն բեռը կը ծանրացնէ եւ ընդհանուր գործը կը տկարացնէ:

Երեւի այս իրականութիւնը գիտակցելով է որ, ժամանակին հայրիկիս Հոկտեմբեր 1-ը կը շնորհաւորէին նոյնիսկ ոչ համախոհ՝ այլ ազգային կուսակցութիւններու նուիրեալ ծանօթներ, այնպէս ինչպէս այսօր կը շնորհաւորեն ինծի եւ ամուսինիս: Եւ որպէսզի Հայ մնալու իրաւունքէն ու հպարտութիւնէն ապագային չզրկուին աղջիկներս, պարտաւոր եմ ես անձամբ հոգալ, պահել ու թիավարել այն կապոյտ նաւը, որ մեզի հոս հասցուցած է, որուն վրայ կը գտնուինք ընտանեօք…:

93 –րդ տարեդարձդ շնորհաւոր՝ մեր բարի եւ հարազատ կապոյտ տապան, թող գալ տարի յաջող ըլլայ մեզի համար, ու յաջորդ հանգրուանդ թող ըլլայ մեր Վան…

                                   1  Հոկտեմբեր 2014

                  Երեւան  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին