Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Թուրք Մտաւորականներ Կը Պահանջեն Դասագիրքերէն Հանել Հայերը Վիրաւորող Արտայայտութիւնները

Շարք մը թուրք մտաւորականներ արձագանգեցին թրքական դպրոցական դասագիրքերուն մէջ հայերու նկատմամբ թշնամանք սերմանող   ձեւակերպումներուն: Թուրք մտաւորականները իրենց կոչին մէջ կը յայտնեն, թէ իրենք կ’ամչնան յատկապէս 2015-ի նախօրէին, իրենց երեխաներուն կողմէ դասագիրքերէն   քաղելիք նման այլանդակութիւններուն համար : Մտաւորականները կը պահանջեն անմիջապէս ներողութիւն խնդրել Թուրքիոյ հայ աշակերտներէն եւ դպրոցներէն հաւաքել   յիշեալ դասագիրքերը:

Յիշեալ   կոչ-բողոքին տակ ստորագրած են ծանօթ թուրք մտաւորականներ Պասքըն Օրանը, Այշէ Կիւնայսուն, Ահմէտ Ալթանը, Ալի Նեսինը, Թանէր Աքչամը եւ ուրիշներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին