Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Յունաստան

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յունաստան, ընդառաջելով Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին:

Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը պիտի տեւէ 10 օր: Ան պիտի այցելէ թեմի եկեղեցիները, հանդիպումներ ունենայ պատկան մարմիններուն հետ, նախագահէ ազգային-եկեղեցական տօնակատարութեանց եւ իր պատգամը ուղղէ ժողովուրդին: Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Տիեզերական Պատրիարքին, Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետին եւ այլ եկեղեցական պատասխանատուներու հետ:

Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպումներ նախատեսուած են պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ դասախօսութիւն մը պիտի տայ Աթէնքի համալսարանին մէջ: Սոյն այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան՝ գաւազանակիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին