Սեպտեմբեր 15-19 Վիեննայի կեդրոնը գտնուող “Պալէ Սան Սուսի” հանդիսութիւններու սրահին մէջ կ’ընթանայ Արեւելեան գորգարուեստի միջազգային խորհրդաժողովի եւ Մանածագործական արուեստի ուսումնասիրութիւններու ընկերութեան կողմէ համատեղ կազմակերպուած Արեւելեան գորգարուեստին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը, որ կ’ուղեկցուի հայկական ասեղնագործութեան եւ գորգարուեստին նուիրուած ցուցահանդէսով: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, ԱՄՆ-ի մէջ տեղակայուած Հայկական գորգարուեստի ընկերութեան, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Վիեննայի մէջ գործող “Գէորգ եւ Ազնիւ Թելֆէյան” գորգագործական ցուցասրահին ջանքերով:
Ձեռնարկի բացման արարողութեան ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան: Ներկայացնելով Արցախի, ներկայ, պատմական Հայաստանի եւ յարակից տարածքներէն սերող հայկական գորգարուեստի եւ ասեղնագործութեան եզակի ցուցանմուշներուն շուրջ 4-դարեայ ընդգրկումը` դեսպան Կիրակոսեան միաժամանակ անդրադարձած է ցուցանմուշներու տեղակայման աշխարհագրութեան` Հայաստան, Արցախ, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Աւստրիա, որոնց հաւաքագրումը կատարուած է վիեննաբնակ գորգագէտ Արթուր Թելֆէյանի ջանքերով:
Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մասնագէտ-գիտնականներու առջեւ գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանի գիտաշխատող, տիկին Լորըն Առնոլտը, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը ներկայացնող Հայաստանի Ժողովրդական արուեստի կեդրոնի փորձագէտ, դոկտոր Աշխունջ Պօղոսեանը, Փարիզի մէջ տեղակայուած “Աշճեան” հիւսուածեղէնի արուեստի ցուցասրահի սեփականատէր, ֆրանսաբնակ Պերճ Աշճեանը:
Ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկած է ԱՄՆ պատուիրակութեան կազմով Վիեննա ժամանած Հայկական գորգարուեստի ընկերութեան նախագահ, պարոն Ճոզէֆ Պեզճեանը:
Ձեռնարկի մասնակիցներուն տրամադրուած է յատուկ այս գիտաժողովին եւ ցուցահանդէսին համար հրատարակուած ցուցադրուած գորգերու նմուշներու անուանացանկը` հայկական գորգի պատմութեան ներկայացումով:
Գիտաժողովին եւ ցուցահանդէսի աշխատանքներուն կը մասնակցի Հայաստանէն եւ Արցախէն ժամանած պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Ժողովրդական արուեստի կեդրոնի տնօրէն Յովիկ Հովէյեանի գլխաւորութեամբ:
Գիտաժողովին եւ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ գորգագիտութեան հարցերով մասնագիտացած միջազգային գիտական հանդէսներու խմբագրութիւնները («JOZAN Magazine», «HALI Magazine» եւ այլն):