Սեպտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պուլկարիոյ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Փլովտիւի մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Ռուբէն Չաւուշեանը, Պուրկասի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ թեմական խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Գարաճեանը, Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Շաքարիյեանը, Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Բարդուղիմէոսը եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տէր Հրաչ քահանայ Մուրատեանը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութենէն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը գնահատեց Պուլկարիոյ մէջ հայ գրականութիւնը թարգմանաբար հասանելի դարձնելու ՀԲԸՄ Փլովտիւի մասնաճիւղին ջանքերը: Կազմակերպութեան ուժերով վերջին տարիներուն պուկարերէնի թարգմանուած եւ տպագրուած են «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը, Հայ անձնանուններու բառարանը, Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը», Հրանդ Տինքի «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» մենագրութիւնը, Նահապետ Քուչակի ստեղծագործութիւնները եւ այլ գիրքեր:
Նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց Սեպտեմբեր 19-20 կայանալիք «Հայրենիք-Սփիւռք» 5-րդ համաժողովի կազմակերպչական խնդիրները: «Սփիւռքից այս համաժողովին մասնակցելու ցանկութիւն է յայտնել աւելի քան 1000 ներկայացուցիչ: Դա գերազանցում է նախորդ տարիների մասնակիցների քանակը»,- նշեց գերատեսչութեան ղեկավարը` աւելցնելով,- «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին կազմակերպուող այս համաժողովին շատ կարեւոր է Հայրենիք-Սփիւռք համախմբուածութիւնը: Իւրաքանչիւր երկրում ապրող հայ ջանք ու եռանդ չպէտք է խնայի Մեծ Եղեռնի տարելիցն ըստ արժանուոյն վերհիշելու եւ այդ երկրի իշխանութիւնների համար ընդունելի դարձնելու գործում: Ակնյայտ է, որ հայ համայնքները միեւնոյն ժամանակ խնդիր ունեն պայքարելու թուրքական հակաքարոզչութեան դէմ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար` ՀԲԸՄ Փլովտիւի մասնաճիւղի ատենապետ Ռուբէն Չաւուշեան խօսեցաւ Պուլկարիոյ հայապահպանական խնդիրներուն մասին: Մասնաւորապէս անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքը պուլկարերէն թարգմանելուն, ինչպէս նաեւ հայկական դպրոցներու մէջ առկայ խնդիրներուն:
«Շատ կարեւոր կը համարենք ՀՀ սփիւռքի նախարարոթւեան «Արի տուն» ծրագիրին մեր պատանիներու եւ աղջիկներու մասնակցութեան ապահովումը, քանի որ անիկա Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան լաւագոյն միջոցն է»,- նշեց Ռուբէն Չաւուշեան:
Քննարկուեցան արեւմտահայերէնի պահպանութեան, հայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստման, համայնքային կեանքը կազմակերպելու առումով Ֆրանսայի օրինակով Պուլկարիոյ մէջ համակարգող խորհուրդ ստեղծելուն վերաբերող հարցեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը Պուլկարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ առաւել սերտացնելու կապը Հայրենիքի հետ, մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրերուն, որոնք ուղղուած են Սփիւռքի համայնքային խնդիրներու լուծման: