Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Քրիս Պոհճալեան «Ուաշինկթըն Փոսթ»Ին Գրած Է Հայկական Զանգուածային Գերեզմանի Մը Մասին

Տիգրանակերտ նահանգին մէջ գտնուող Ենիքոյ գիւղի եռայարկ տարրական դպրոցին կողքին գտնուղ անդունդի մը մէջ, 10 հազար սպաննուած հայեր կը շարունակեն մնալ անտեսուած, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ հրապարակած իր նոր յօդուածին մէջ գրած է ամերիկահայ յայտնի գրող Քրիս Պոհճալեան:

Հեղինակը կը պատմէ, որ այդ անդունդին մէջ իրենց վերջնական հանգրուանը գտած են հայկական Չունքուշ գիւղի շուրջ 10 հազար հայեր: «1915ի ամրան, թուրք ոստիկաններն ու քիւրտերը շրջանի բոլոր հայերը բերին անդունդի մօտ՝ զանոնք սպաննելով եւ դիերը նետելով անդունդը: Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան երեք հայերէն մէկը համակարգուած կերպով սպաննուած է սեփական կառավարութեան կողմէ: Թուրքիա Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու երկար պատմութիւն ունի, բայց թիւերը չեն խաբեր», գրած է Պոհճալեան:

Մէջբերելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տուեալները՝ ան կը նշէ, որ 1914ին, Տիգրանակերտի մէջ (որուն մէջ ներառուած էին նաեւ Ենիքոյն ու Չունքուշը) կ՛ապրէր 124,000 հայ, սակայն 1922ին այդ թիւը հասած է 3000ի: Ան կ՛աւելցնէ, որ ողջ մնացած հայերը դաստիարակուած են իբրեւ իսլամներ։ Ան ցաւով կ՛արձանագրէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ չկան յուշարձաններ, որոնք կը նշեն այն անհամար վայրերը, ուր տեղի ունեցած է կոտորածը: «Բայց մենք կը յիշենք: Շատ ականատեսներ կան, շատ յուշեր կան: Մեզմէ շատերը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպեն դէպի այսպիսի վայրեր, մեր յարգանքի տուրքը մահացածներուն մատուցելու համար: Մենք կ՛այցելենք մնացորդներն ու աւերակները այն եկեղեցիներուն, որոնք 99 տարի առաջ կը գործէին: Մենք կը խոնարհինք եւ կ՛աղօթենք: Մենք կը հաւաքենք այն աղբը, որ կը կուտակուի խորաններուն մօտ: Երբ ես եւ ընկերներս կը հարցնենք քիւրտ գիւղացիներուն, թէ, ըստ իրենց՝ ինչ պատահած է, սովորաբար անոնց պատասխանը կը համապատասխանէ շուրջ մէկդարեայ ուրացման եւ մոլորութեան», նշած է Պոհճալեան:

Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ նաեւ, որ մինչեւ իր յաջորդ այցը՝ անդունդը լեցուած կ՛ըլլայ, իսկ յանցագործութեան ապացոյցները՝ թաղուած: «Այնուամենայնիւ, հեգնականն այն է, որ կարիք չկայ, որ ոեւէ մէկը բարդ ուղղութիւններ ընտրէ 10 հազար մահացածները յայտնաբերելու համար: Հարկաւոր է պարզապէս այցելել Ենիքոյի տարրական դպրոցը եւ կանգնիլ խաղահրապարակին կից. զոհուածները հոն են», եզրափակած է Քրիս Պոհճալեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին