Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 18-21 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայրենիք-սփիւռք համահայկական հինգերորդ համաժողովը: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի խնդրանքով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց համաժողովի կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուականը:
Ըստ նախարարին, արդէն սփիւռքի 600-է աւելի կառոյցներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը եւ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի: «Գիտէք, որ այդ համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր համահայկական կառոյցներու ղեկավարները, պիտի մասնակցին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Կաթողիկէ պատրիարքը եւ միւս բոլոր առաջնորդները: Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ եւ անոր բացումը պիտի կատարէ հանրապետութեան վարչապետը», ըսաւ Յակոբեան:
Ըստ նախարարին, համաժողովը տեղի պիտի ունենայ երկու մասով` լիագումար եւ ըստ ուղղութիւններու նիստեր: Համաժողովի աշխատանքները պիտի իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նիւթով, երկրորդ նիւթը պիտի առնչուի սուրիահայերուն եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու ապահովութեան հիմնախնդիրներուն, երրորդ հարցը պիտի առնչուի լեզուի պաշտպանութեան եւ մամուլին, չորրորդ հարցը` հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ձեւերու կատարելագործման: Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու 7-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին սփիւռքէն 120 խմբագիրներ եւ հայաստանեան մամուլի ներկայացուցիչներ:
Համաժողովի մասնակիցները պիտի ընդունուին հանրապետութեան վարչապետին կողմէ, այնուհետեւ անոնք պիտի այցելեն Ազգային ժողով: Անոնք մեծ ցանկութիւն յայտնած են հանդիպելու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին: Միաժամանակ, 21 սեպտեմբերին սփիւռքահայերը պիտի մասնակցին Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած հանրապետութեան նախագահի ընդունելութեան:
Հրանուշ Յակոբեան զեկուցեց, որ վարչապետին յանձնարարութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները համապատասխան, նախարարութիւններու եւ կառոյցներու հետ յաջողութեամբ կ՛իրականացուին:
[divide icon_position=»left» width=»medium»]
Հետեւեալը վերոյիշեալ համաժողովին մանրամասն Ծրագրին կապն է: Հաճեցէք Սեղմել Կարդալու համար ՝