Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Վալերի Պուայէն Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պատժող Նոր Օրինագիծ Ներկայացուցած է

Ֆրանսացի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը պատժող նոր օրինագիծ ներկայացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ “Nouvelles d’Armenie”-ն:

Պուայէի խօսքով` երբ Ֆրանսան կը պատրաստուի դիմաւորել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Ֆրանսայի մէջ դեռ ոչ մէկ օրէնք թոյլ կու տայ պատժել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը` բացի Հոլոքոսթէն:

Պատգամաւորի խօսքով, երբ Ֆրանսան պաշտօնապէս կը ճանչնայ երկու ցեղասպանութիւնները` Հոլոքոսթը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միայն Հոլոքոսթի մերժումը պատժելի է երկրի մէջ: Պուայէ համոզուած է, որ այս անարդար իրավիճակը պէտք է փոխուի:

Անոր կարծիքով` բոլոր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մերժումը պատժելու հնարաւորութիւնը կ’արձագանգէ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու հետապնդումներու ենթահողի թէժ խնդրին:

“Անհրաժեշտ է օրէնք ընդունիլ, որ պիտի առաջարկէ ժխտման նոր դասակարգում: Ես աշխատած եմ այլընտրանքային եւ նորարարական տարբերակին վրայ, որ արդիւնք է քրէական իրաւունքի հանրածանօթ մասնագէտներու հետ իմ ունեցած երկար մտորումներու: Ահա թէ ինչու կ’առաջարկեմ, որ հերքումը օրէնքի մէջ այլեւս չդիտարկուի միայն ազատ արտայայտուելու չարաշահում, այլ` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Ասիկա ունի երկու առաւելութիւն. դուրս գալ ազատ արտայայտուելու առնչութեամբ Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորած կարծիքի իրաւական փակուղիէն եւ պաշտպանել բոլոր ցեղասպանութիւններու մասին յիշողութիւնը”,- ըսած է պատգամաւորը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին