Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Վանի Ս. Բարդողիմէոս Հայկական Եկեղեցին Կիսաւեր Վիճակի Մէջ Է

Վանի Բաշկալէ գաւառի պատմական Սուրբ Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին կիսաւեր վիճակի մէջ կը մնայ:

Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը նշէ, որ 2013ին, հայկական եկեղեցւոյ տարածքէն զինուորական զօրամասի հեռացումէն ետք, կ՛ակնկալուէին վերակառուցման աշխատանքներ, սակայն ցարդ ոչ մէկ քայլ առնուած է՝ զայն նորոգելու համար։

Թուրքիոյ խորհրդարանի զբօսաշրջային հարցերով զբաղող յանձնաժողովը 2011ին հաւանութիւն տուած էր 13-14րդ դարերու սոյն եկեղեցին վերականգնելու նախագիծին, այդուհանդերձ, այդ որոշումը մինչեւ օրս կեանքի չէ կոչուած:

Ս. Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին կառուցուած է Սուրբ Բարդողիմէոսի գերեզմանին վրայ ու մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ օգտագործուած է հայերու կողմէ: Եկեղեցւոյ կից եղած են ժամատուն, քահանաներու տուներ եւ այլ կառոյցներ:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին