Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Գանատայի Պատգամաւորները Այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Օգոստոսի 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գանատայի պատգամաւորները: Այս մասին հաղորդեց նախարարութեան կայքը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը մասնաւորապէս նշեց. ,Ուրախ եմ ձեզ ողջունելու նախարարութենէն ներս եւ Հայաստանի մէջ: Առաջին անգամ եկած էք Հայաստան, վստահ եմ, որ շատ հետաքրքրական հանդիպումներ պիտի ունենաք: Ուրախ եմ, որ հայ-գանատական հանդիպումները աշխուժացած են: Քաղաքական, տնտեսական մշակութային կապերու աշխուժացումը կաեւոր է Գանատայի հայկական համայնքի համար: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գանատայի իշխանութիւններուն մեր ազգային աւանդոյթները, լեզուն, ինքնութիւնը պահպանելու հնարաւորութեան համար: Առանձնակի շնորհակալութիւն, որ Գանատայի Խորհրդարանը երկու պալատներով ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Պէտք է պայքարել, որ աշխարհի մէջ երբեւէ որեւէ տեղ ցեղասպանութիւն չըլլայ: Եթէ գնահատականը ճիշտ է կը տրուի, կարծեմ , որ ան պէտք չէ կրկնուի: Մեզի համար Գանատան ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան լաւագոյն օրինակ է:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատականի համար:

Քննարկուեցան հայ-գանատական կապերու զարգացման միտումներու եւ հեռանկարներու  հետ կապուած հարցեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին