Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ճատրակի Վարպետ Սամուէլ Սեւեան Հասաւ Բացառիկ Յաջողութեան

«Armchess» կայքը կը հաղորդէ, թէ 13-ամեայ ամերիկահայ ճատրակի վարպետ Սամուէլ Սեւեան հասած է բացառիկ յաջողութեան՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին: Մերիլենտի Ռաքվիլ քաղաքին մէջ կայացած մրցաշարքին, Սամուէլ երրորդ անգամ ամբողջացուց գերվարպետի կոչումը՝ միաժամանակ հանդիսանալով Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին ճատրակ խաղացողը, որ ճատրակի բարձրագոյն բնագիծը յաղթահարած է՝ տակաւին 14 տարին չբոլորած: Ան մրցաշարքին մէջ երկրորդ հանդիսացած է։

Այժմ, անհրաժեշտ է, որ Սեւեան իր վարկանիշը հասցնէ 2500-ի, որպէսզի Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը հաստատէ անոր կոչումը:

www.armchess.am

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին