Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Լրագրողներու Համակարգող Մարմնի Նիստ` Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Ուրբաթ, 22 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի նիստը, որ կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Ժողովին մասնակցեցան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Շաւարշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան եւ սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ Մհեր Նալբանդեան:

Նիստին հեռակապով միացած էին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան, Թէքէեան մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան գործադիր տնօրէն Պայծիկ Գալայճեան եւ Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին