Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ.
Կարծես մեկնած էր սըրտէս, և գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ’ուզէ,
Կը սեղմուի գրկիս մեջ, կը բարձրանայ կուրծքս ի վեր…:
Քու պատկերըդ աչքիս մէջ և քու ձայնըդ՝ ականջիս,
Կը թրթըռան այս գիշեր, երակներուս մէջ կարծես
Քաղցրահոս շունչդ է լեցուած, որ կը զգլխէ, կ’օրրէ զիս,
Մինչ երեսէս ալ կ’անցնին կարծես մատներըդ անտես…:
Ետ կը դառնան մի առ մի մեր հին ժամերն անկորուստ,
Կարաւանին հետ աստեղց անոնք կուգա՜ն վերըստին.
Հոգիս փարա՜խն է բացուող ընդդէմ իր քա՛ղցր հօտին…:
Յիշատակովդ, այս գիշեր, կ’զգամ այնչա՛փ զիս հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ… որ գըթութեամբ մը անհուն՝
Կը մըտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն…։
Կողքի Գեղանկար՝ JANSEM