Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հրապարակուած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հինգ Դրոշմաթուղթեր

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ հինգ դրոշմաթուղթեր դրուած են շրջանառութեան մէջ։ Անոնք պատրաստուած են աջակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, որ տրամադրած է բացառիկ լուսանկարներ:

Դրոշմաթուղթերէն մէկը նուիրուած է դանիացի միսիոնարներ, մեծ մարդասէրներ Քարէն Եփփէին եւ Մարիա Ճաքոպսոնի: Այս մասին կը յայտնէ թանգարանի պաշտօնական կայքը։

Միւս դրոշմաթուղթերուն վրայ պատկերուած են 2012-ին Պոսթընի մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին, 2003-ին Փարիզի մէջ կանգնեցուած Կոմիտասի արձանին, հայ պատմաբան, Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատութիւններու հեղինակ Ճոն Կիրակոսեանին եւ 1975-ին Ուրուկուէյի Մոնթէվիտէօ քաղաքին մէջ տեղադրուած Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին լուսանկարները:

haypost02haypost03haypost04haypost05

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին