Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար, Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ-ուլ-Իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ պատասխանեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նամակին:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն, Փաշազատէ, մասնաւորապէս, կոչ ուղղած է վեհափառին իր հեղինակութիւնը օգտագործելով ազդեցութիւն բանեցնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս «դուրս բերեն ուժերը Ատրպէյճանի տարածքէն եւ իմաստուն դիրքորոշում որդեգրեն խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին»:
Յիշեցնենք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Օգոստոս 5-ի իր նամակին մէջ Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդին կոչ ուղղած էր ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ չվտանգուի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը: