Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայաստանի Մնայուն Բնակչութեան Թիւը 3 Միլիոն 9.8 Հազար Է

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ 31 Յուլիսին հրապարակուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ 1 Յուլիսի դրութեամբ քաղաքային բնակչութեան թիւը կազմած է 1 միլիոն 911.9 հազար, գիւղականը՝ 1 միլիոն 97.9 հազար մարդ: Հայաստանի բնակչութեան 1 միլիոն 69 հազարը կ՛ապրի Երեւանի մէջ:

1 Յունուար 2014-ին հետ բաղդատելով՝ 1 Յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը նուազած է շուրջ 7.3 հազարով. այս թիւի նահանջին պատճառը գաղթն ու բնական աճին ոչ բաւարար ցուցանիշն է։

Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը 3 միլիոն 17.1 հազար մարդ է:

Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ ծնածներու թիւը 1.3 անգամով գերազանցած է մահացութեան դէպքերը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին