Ութսունվեց տարեկանին մահացած է պատմաբան, փիլիսոփայ, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հաստատութեան՝ Մատենադարանի նախկին տնօրէն Սէն Արեւշատեանը:
Սէն Արեւշատեան ծնած է 7 Յունուար 1928ին: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: 1951-54 եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ փիլիսոփայութեան եւ պատմութեան բաժանմունքի ասպիրանտ: Հոն աշխատած է իբրեւ գիտաշխատող: 1959էն Երեւանի Մատենադարանին մէջ աշխատած է որպէս հին ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան եւ հրատարակման բաժինի վարիչ: 1982-2007ին եղած է Մատենադարանի տնօրէնը: Անոր հիմնական աշխատութիւններն են՝ «Փիլիսոփայական գիտութեան ձեւաւորումը հին Հայաստանում», Գրիգոր Տաթեւացիի «Փիլիսոփայական հայեացքներ» աշխատութիւնները, Դաւիթ Անյաղթի «Քննական բնագրեր» հրատարակութիւնը, զոր նաեւ թարգմանած է աշխարհաբար եւ ռուսերէն: Ունի աւելի քան 150 գիտական աշխատութիւն, բնագիրներ, մենագրութիւններ, թարգմանութիւններ: 1978ին դարձած է Պետական մրցանակի դափնեկիր: 1993էն Փարիզի «Արարատ» միջազգային ակադեմիոյ, 1995էն Մոսկուայի Բնական եւ մարդասիրական գիտութիւններու, 1998էն Ազգային անվտանգութեան խնդիրներու ուսումնասիրութեան ակադեմիաներու իսկական անդամ է: 1996ին դարձած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, 2001ին՝ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի: 2008ին պարգեւատրուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով, մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալով: 2010ին արժանացած է Հայաստանի Պետական առաջին կարգի շքանշանի:
www.armenpress.am