Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Այս տարի Վարդավառը իւրայատուկ ձեւով պիտի նշուի Գառնիի եւ Գեղարդի մէջ

Հայ երիտասարդներու ամենասիրելի տօներէն մէկը՝ Վարդավառը, այս տարի պիտի տօնուի իւրայատուկ ձեւով. հայ երիտասարդութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու տօնի իրական արմատներուն՝ «Վարդավառ միջազգային փառատօնի» շնորհիւ: Այս փառատօնի գաղափարը կը պատկանի «Երիտասարդ ակումբներու դաշնութեան» (FYCA) նախագահ Ատոմ Մխիթարեանին, իսկ փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարը Արմէն Սարգսեանն է, որ Tert.am-ին առաւել մանրամասն ներկայացուցած է փառատօնը:

Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ փառատօնի նպատակն է երիտասարդութիւնը համախմբելով կեանքի կոչել աւանդական Վարդավառը: «Եթէ այսօր մենք հաւաքւում ենք ու ուղղակի ջուր են լցնում միմեանց վրայ կամ «սպանում ջրելով», ապա անցեալում այս ամէնն ունեցել է իր խորհուրդը: Յուլիս 27-ին փորձելու ենք կեանքի կոչել մեր մոռացուած աւանդական ծիսակարգերն ու սովորոյթները: Աշխատանքային խումբը համագործակցել է ազգագրագէտների հետ, քննարկել անցկացման առաւել յարմարաւէտ տարբերակներ»,- նշած է Ամրէն Սարգսեան:

«Գեղարդում տօնելուց յետոյ կ’ուղեւորուենք Գառնի: Մինչեւ բուն խրախճանքը, Գառնիում նախատեսում ենք պատրաստել տաղաւարներ, որտեղ մարզից եկած մասնակիցները կը ցուցադրեն իրենց մարզի բերքն ու բարիքը, մշակոյթը, ինչպէս դարեր առաջ: Իսկ երեկոյեան թատերականացուած ներկայացման շնորհիւ հիւրերը մտովի կը տեղափոխուեն հին քաղաքակրթութիւն, կը տեսնեն թէ ինչ տօնակատարութիւններ են անցկացւել հինում: Այնտեղ ելոյթ կ’ունենան նաեւ ազգագրական երգչախմբերը»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Երեւանէն մասնակիցներուն Գեղարդ ու Գառնի կը տեղափոխեն նախապէս վարձակալած փոխադրամիջոցներով:
Փառատօնը Եւրոպայէն պիտի հիւրընկալէ մօտ 150 երիտասարդ, որոնք հնարաւորութիւն կ’ունենան ծանօթանալու հայկական ազգային տօնի ծիսակարգին:
Նշենք, որ փառատօնը տեղի կ’ունենայ Գեղարդի եւ Գառնիի մէջ: Որքան ալ որ փառատօնի կազմակերպիչները փորձած են վերականգնել աւանդական Վարդավառը՝ առանց կրօնական արմատներու, այնուամենայնիւ, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ ձեռնարկը կը սկսի Գեղարդի մէջ՝ առաւօտեան եկեղեցական ծիսակարգով, ապա ջրօրհնէքի արարողութիւն տեղի կ’ունենայ, այնուհետեւ փոքրիկ բեմականացում կը ցուցադրուի եկեղեցւոյ բակին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին