Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Կարսի Ամրոցին Մէջ Եռագոյնին Ծածանումը Իրարանցում Յառաջացուցած Է Թուրքիոյ Մէջ

Կարսի բերդ այցելած հայ զբօսաշրջիկները պարզած են Եռագոյնը եւ երգած են Հայաստանի քայլերգը: Վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ հայ զբօսաշրջիկներուն առած այս քայլը իրարանցում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ:

Թրքական, այսպէս կոչուած՝ «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ASIMDER) կառոյցի ղեկավար Քէօքսալ Քիւլպէյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հետեւելու Թուրքիա այցելող հայերուն քայլերուն եւ սահմանափակելու զանոնք: Կարգ մը քաղաքացիներ ալ դժգոհած են, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ բարձրացուցած են իրենց Եռագոյնը եւ երգած Հայաստանի քայլերգը:

Թուրք ազգայնականը յայտնած է, որ հայերը արեւելեան Անատոլուն կը կոչեն Արեւմտեան Հայաստան՝ դիտել տալով, որ այս մասին նշուած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա այցելող հայերը «սադրիչ գործողութիւններ կը կատարեն» եւ մեղադրած է Հայաստանի իշխանութիւններն ու սփիւռքի նախարարութիւնը՝ նմանօրինակ գործողութիւններուն իբր թէ աջակցելու համար:

«Հայերը Կարսի բերդին մէջ պարզած են Հայաստանի դրօշը եւ երգած քայլերգը: Նոյնը կատարած են նաեւ Վանի Աղթամար կղզիին վրայ: Ինչո՞վ զբաղած են անվտանգութեան ուժերը», հարց տուած է ASIMDER–ի առաջնորդը եւ սպառնացած, որ հետամուտ պիտի ըլլայ այս հարցով թրքական պատասխանատու մարմինները պատժելու:

Թուրք ազգայնականը զգօնութեան կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն եւ յայտարարած, որ հայկական լոպիիստական ուժերը կը պատրաստուին 2015 թուականի շեմին Թուրքիոյ տարածքին սադրիչ եւ քայքայիչ գործողութիւններ իրականացնել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին