Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Անի Կարմիրեան Միանալով “Գալուստ Կիւլպէնկեան” Հիմնարկութեան՝ պիտի Ստանձնէ Արեւմտահայերէնի Տարածման Աշխատանքը

Հայկա­կան Հա­մայնքնե­րու Բա­ժինը ու­րա­խու­թեամբ կը յայ­տա­րարէ Անի Կար­մի­րեանի նշա­նակու­մը Ծրագիրներու աւագ վարիչի պաշտօնին: Ան պի­տի ստանձնէ արեւմտա­հայե­րէնի տարած­ման պաշ­տօ­նը, որ Բաժ­նիս հա­մար առաջ­նա­կարգ խնդիր է, ինչպէս նշուած էր վեր­ջերս հան­րութեան ներ­կա­յացուած Հնգա­մեայ Ծրագ­րին մէջ ալ։

Տի­կին Կար­մի­րեան պի­տի զբա­ղի կրթա­թոշակ­նե­րու եւ Սփիւռքի դպ­րոց­նե­րուն տրա­մադ­րե­լի նպաստ­նե­րու, դաս­տիարակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ծրագ­րի, ինչ­պէս նաեւ արեւմտա­հայե­րէնին նոր շունչ տա­լու կո­չուած այլ ծրագի­րնե­րու վար­չա­րարու­թեամբ։

Ան Սեպ­տեմբեր 1-ին պի­տի միանայ «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» Հիմ­նարկու­թեան անձնա­կազ­մին, ինչ որ Հիմ­նարկու­թեան թոյլ պի­տի տայ օգ­տուիլ իր բազ­մա­մեայ փոր­ձա­ռու­թե­նէն՝ բազ­մա­լեզու կրթու­թեան բնա­գաւա­ռէն ներս, ինչպէս նաեւ իր ման­կա­վար­ժա­կան նորարար մօ­տեցումնե­րէն։

Տի­կին Կար­մի­րեան հե­ղինակ է բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու, նուիր­ուած՝ կրթու­թեան ընդմէ­ջէն լեզունե­րու պահ­պա­նու­թեան հար­ցին, ինչպէս՝ արեւմտա­հայե­րէնի, ոլորտ մը որ­մէ ներս ան փնտռուած դա­սախօս է։

“Մե­զի հա­մար առաւելութիւն մըն է Տի­կին Կար­մի­րեանի ընդգրկու­մը մեր անձնա­կազ­մին մէջ”,- կ՚ըսէ Հիմ­նարկու­թեան Հայ­կա­կան Հա­մայնքնե­րու Բաժ­նի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նոսեան՝ աւելցնե­լով. “Անոր գերազանց իմա­ցու­թիւննե­րը եւ ար­հեստա­վար­ժա­կան փորձառու­թիւնը զայն զա­տո­րո­շեցին՝ սքան­չե­լի որա­կաւո­րումնե­րու տէր բոյլ մը թեկ­նա­ծու­նե­րու մէջ։ Ան­կասկած, ան պի­տի հանդիսանայ Բաժ­նիս յա­ջողու­թեան կա­րեւոր ազ­դակ մը, հայ լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը ամուր կերպով պահպանելու գոր­ծին մէջ օգ­նե­լով ու­սա­նող­նե­րու, դաս­տիարակ­նե­րու, դպրոց­նե­րու եւ այլ կազմակերպութիւններու”։

Իսկ Հայ­կա­կան Հա­մայնքնե­րու Բաժ­նի ընդհա­նուր վա­րիչ Մար­թէն Եսա­յեան այս առ­թիւ կը նշէ. “Այս նշա­նակու­մը կա­րեւոր հանգրուան մը կը հան­դի­սանայ Բաժ­նիս առա­քելու­թեան մէջ, որ հայ ժո­ղովուրդի լե­զուին եւ մշա­կոյ­թին պաշտպա­նու­թեան եւ արժեւորման հա­մար պատ­շաճ պայ­մաններ ստեղ­ծելն է”։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին