Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»Ը՝ ՌՈՒՍ ԲԵՄԱԴՐԻՉԻ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ

Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան« ստեղծագործութիւնը ռուս բեմադրիչ Վիթալի Մանսկիին համար ներշնչումի աղբիւր դարձած է: Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան վրայ հիմնուած «Գիրքը» ժապաւէնը առաջին անգամ կը ցուցադրուի «Ոսկէ Ծիրան» 11րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրին մէջ:

Ֆիլմը իրականացած է ջանքերովը Մեսրոպ քհնյ. Արամեանի, որ բեմագրութեան համահեղինակն է: «Ֆիլմի ներշնչանքն ի յայտ է գալիս գրքից, բայց գրքի մասին չէ, այն կեանքի իմաստի մասին է եւ բարձրացնում է հարցեր, որոնց մասին խորհում ենք: Մեզ համար մարդկային կեանքը նոյնպէս մի գիրք է: Մենք բաւականին մեծ աշխատանք ենք արել, ֆիլմը նկարահանուել է ամբողջ աշխարհում՝ Աւստրալիայից Արգենտինա, իսկ մենք փորձել ենք ժամանակակից մարդու կեանքը ներկայացնել», կը նշէ Մեսրոպ քհնյ. Արամեան:

«Գիրք»ին մէջ կը հնչեն տարբեր լեզուներով արտայայտութիւններ՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն. ֆիլմը ունի նաեւ անգլերէն ենթախորագիրներ:

«Երբ բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանը նայեց ֆիլմը, ասաց, որ անունը պէտք է դնէինք »Ինչո՞ւ», որովհետեւ այն մեզ մտածելու տեղիք է տալիս, թէ ինչու ենք մենք ապրում», կը պատմէ Մեսրոպ քահանայ Արամեան:
Հազար տարի առաջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին գրեց իր «Մատեանը», որ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ մարդ անհատի հոգեւոր աշխարհի խորագոյն յայտնութիւններէն մէկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին