Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԱՄԷ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ՏԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՐԱՄԷ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Նախաձեռնութեամբ Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու ԱՐԱՄԷ Պատկերասրահի ներկայացուցիչ Միքայէլ Վայէճեանի, Պէյրութի ԱՐԱՄԷ Ցուցասրահը, որ կը գտնուի Ժմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոնի 5րդ յարկին վրայ, ինչպէս միշտ, հիւրընկալած էր` Երեւանի ԱՐԱՄԷ Արուեստի Տան վարպետ նկարիչներու գեղանկարներէն:

Գոյներու շողշողուն հանդէս մը ողողած էր տուեալ սրահը իր կողքին բազմած սենեակով:

Կը ներկայացուէին Հայաստանի նոր սերունդի գեղանկարիչներէն երկու տասնեակէ աւելի գործեր:

Հայաստանի գեղանկարիչներու գործերը բերել Պէյրութ եւ արտասահման, երեւոյթ մըն է, ուր ըսել կþուզուի.,Մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք, մենք այսօր ոչ թէ ջարդուած, այլ յարութիւն առած ժողովուրդ ենք եւ աշխարհին կը ներկայանանք ոչ թէ լացով, այլ մեր գեղարուեստի գործերովե:

Արուեստը սէր է: Գեղեցիկի ու սիրոյ պաշտամունք է:

Ո՞վ չի սիրեր գեղեցիկը, ո՞վ ենթակայ չէ սիրոյ պաշտամունքին:

Հայ Գեղանկարիչներու գործերը արտասահման բերելը, նախ նոր շունչ տալ է գեղանկարիչներուն, ապա ձեռնոց մը նետել արուեստի ճամբով օտար գեղանկարիչներու, ոչ որպէս մրցումի հրաւէր, այլ ցուցաբերել, որ հայ արուեստագէտը կրնայ ներկայանալ աշխարհին, որպէս ոչ միայն իր երկրին գեղանկարիչը, այլ որպէս չարագործ աշխարհի մը բարեգործ գեղանկարիչը:

Ակնդիրը պիտի ըմբոշխնէ Հայաստանի գեղանկարիչներուն գործերէն վեր բարձրացող զգացումներու բիւրեղացումը, որ պիտի խօսի ձեզի հետ, պիտի խօսի հայօրէն ու մարդկօրէն:

Հայ գեղանկարիչը երբ Արարատը կը նկարէ աշխարհին հետ հայերէն խօսած կ՚ըլլայ, Սեւանը նկարէ հայերէն խօսած կ՚ըլլայ, հայոց լեռնաշխարհը նկարէ, աշխարհի հետ բոլոր լեզուներով խօսած կ՚ըլլայ:

Հիմա, Թէքէեան Կեդրոնի 5րդ յարկին վրայ գտնուող ԱՐԱՄԷ ցուցասրահն ենք:

Հոս քովնտի սենեակի մը մէջ կը հանդիպինք ոչ միայն հայաստանցի նկարիչներու գործերուն, այլ նաեւ գործերուն Ժանսէմ (Ժան Սէմէրճեան) եւ Գառզու (Գառնիկ Զուլումեան) Ֆրանսայի մէջ ապրած գեղանկարիչներուն:
Ֆրանսայէն մինչեւ Ճափոն հիացողներ ունեցող այս երկու հայ գեղանկարիչները, կարծէք կողքի սրահին մէջ իրենց երփնագրերը ցոյց տուող նկարիչներուն կ՚ըսեն.- Սիրելիներ, դուք կրնաք հասնիլ համաշխարհային հնչեղութեան: Այո՛, կրնաք հասնիլ:

Տաղանդին ու շնորհքին պէտք է միացնէք աշխատասիրութիւնը, բազմապատկելով ձեր սէրը եւ նուիրումը գեղանկարչութեան նկատմամբ:

Եւ ահա ցուցասրահին մէջ մեր գործը երկու տասնեակէ աւելի հայրենի գեղանկարիչներու գեղանկարներու հետ է:
Հայաստանի մէջ մեր գեղանկարիչները դժուարութիւններ ունի՞ն: Բայց ո՞ր երկրի, ո՞ր մէկ գեղանկարիչը դժուարութիւններ յաղթահարելով չէ ապրած:

Հակառակ մեր երկրի պայմաններուն, հոն հայ գեղանկարիչը կը շարունակէ խօսիլ գեղեցիկի մասին, սիրոյ մասին, ինչու չէ նաեւ աշխարհը աւելի պայծառ տեսնելու ապրումին մէջ` պայքարի մասին, յանուն սիրոյ ու գեղեցկութեան:
Ահա հայրենի գեղանկարիչ Ռուբէն Գրիգորեանի ՙԳիրք՚ը գեղանկարը: Կարծէք տարածուող լոյսը գիրքէն ծագած է ու ողողած ոչ միայն դէմքը ընթերցողին, այլ ամբողջ շրջապատին: Գիրքը լոյս է եւ լոյսի տարածիչ:

ԱՐԱՄԷ սրահը ցուցադրուող արուեստի գործերուն մէջ, պիտի տեսնենք լոյսի եւ ստուերի ընկալման բազում ձեւեր: Չէ՞ որ հայ նորագոյն նկարչութեան վարպետին` Մարտիրոս Սարեանին գործերը ողողուած էին լոյսերով: Չ՞է որ Հայաստանը ներկայացուած էր որպէս դրախտ` լոյսի աղբիւր:

Ուրեմն ինչո՞ւ մեր նոր սերունդին գեղանկարիչներուն գործերը չըլլան լուսաողող:

Մեր ժողովուրդը ամբողջ լոյսի երգիչ է իր նկարչութեան, բանաստեղծութեան, արձակին, թատրոնին, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան եւ նոյնիսկ իր յօրինած գիտութեան մէջ: Ահա գործը Աւետիս Խաչատուրեանին: Պարզ շեփորահար մըն է, հնչեղ ձայնով, ձեզ խնճոյքի կը հրաւիրէ: Միթէ հայը խրախճանքի պէտքը չունի՞:

Պաստառին դիմացն ենք Արամ Յակոբեանին` ՙԾովափի Պատմութիւն՚: Ծով չենք ունեցած, բայց ծով երազած ու ծովանկարիչ ունեցած ենք, եւ այդ ալ Աշխարհի մեծերէն մէկը` Յովհաննէս Այվազովսկին: Մի՛ ըսէք ինչո՞ւ կը հպարտանանք: Ունի՛նք, պարզապէս այդ մասին խօսիլն ալ անհրաժեշտ է:

Բանաստեղծական մթնոլորտ մը ստեղծող է Յակոբեանին այս գործը: Հապա Ռուբէն Աբովեանի ,Ճազին Խումբըե դասական գործ մը ըլլար կարծէք` հոլանտական նկարչութենէն պահուած:

Արմէն Գէորգեանը իր իսկ դիմանկարը նկարած ըլլայ կարծէք, ինք` խաղաքարթի մը դիմաց: Պիտի շահի՞, թէ՞ կորսնցնէ, շատ խորհելու պէտք չունի, երբ լուսաւոր են իր դէմքն ու սեղանը:

Եւ այսպէս ամբողջ նկարաշարքն ու լուսաւոր արտադրութիւն եղող պաստառները:

Թող լոյսը Հայաստանէն ճառագէ աշխարհի մութին վրայ:

Լոյս ըսինք, եւ եղեւ` այս ցուցահանդէսը:

Թող յաճախ կազմակերպուին նման ցուցահանդէսներ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին