ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ. Մեսրոպեան Վարժարան.
Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Ովասիս»ի ծրագիրը:
Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ յաջողութիւն մաղթեց անձնակազմին եւ յոյս յայտնեց, որ «Ովասիս»ը այս տարի եւս կ’արժանանայ մասնակիցներու դրական արժեւորումներուն: Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանքներու բաժանումը:
Իսկ երէկ, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ժամանեցին դպրոց: Ժամը 9:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Մոնտիալի թեմային շուրջ մասնակիցները պարերով ու խաղերով անցուցին հաճելի պահեր:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց «Ովասիս»-ին գործունէութիւնը, որ 16-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ իր երթը` նոր ծրագիրներով եւ աշխատանքներով: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը վստահեցուց, որ «Ովասիս»ականները ուրախ եւ բարձր տրամադրութիւններով պիտի հետեւին երկամսեայ ծրագիրին:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը:
Յայտնենք, որ «Ովասիս 2014» ամառնային ծրագիրը ունի «Փոքր Մասիս» (3-7 տարեկան), «Մեծ մասիս» (8-13 տարեկան) եւ պատանիներու (14-16 տարեկան) խումբեր, որոնք բաժնուած են 9 դասարաններու մէջ: Ծրագիրին կը հետեւին 204 աշակերտներ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 23 Օգոստոս 2014-ին:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ