Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

ՏԱՂԱՆԴԱՇԱՏ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍՈՒՐԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ «ԳԻՇԵՐ ԲԱՐԻ ՄԱՄ» ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԶԱՆԳ՝ ԴԱԺԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

.ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.

Hamo Moskofian

Լիբանանի թատերասէր ընտրանին հրաւիրուած էր 2014 թ.ի Յունիսի առաջին օրերուն, ներկայ ըլլալու եւ գնահատելու երիտասարդ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի խիզախ թատերգութիւնը՝ «Գիշեր Բարի Մամ», Թէաթրոն Ժըմմէյզիի բեմահարթակին վրայ, որ կը ներկայացնէր ինչպէս լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս լիբանանեան կեանքը, այնպէս ալ մեր օրերու քաոսային համաշխարհայնացման ողբերգական արարներէն մէկը։

«Անհայր» ընտանիք, կեանքի դժուարին պայմաններէն ու տիրելու մոլուցքէն տառապող անհաւասարակշիռ մայր եւ զգայուն ու գեղանի դուստր, որ հիսասթափուած ամուսնութենէ, ձախողած յարաբերութիւններէ՝ միակ միջոցը կը գտնէ ձերբազատուելու այս քաոսէն… անձնասպանութիւնը։

_ “Գիշեր բարի մամ։ Կնոջ մը ինքնութեան մասին է։ Բիեսը կը խօսի Շաղիկին եւ իր մօր մասին։ Շաղիկ, շաբաթ գիշեր մը իր մօր կ’ըսէ. “Մամ, ես քիչ ետք անձնասպան պիտի ըլլամ”։ “Թէ ինչը մղեց Շաղիկին որ հասնի այս որոշումին, որն է անձնասպան ըլլալ կամ ոչ։ Այդ մէկը կը գիտնանք փիեսի աւարտին”,- թատրերգութեան նախաբանին մէջ կը ներկայացնէ Սուրէն Խտըշեան։

Լիբանանահայ թատրոնի կեանքին մէջ իր երկրորդ գլխաւոր “մուտքը” այս անգամ յաջողութեամբ պսակեց Շաղիկ Մայիսեան-Խտըշեան իր նոյնանուն՝ “Շաղիկ”ի դերով։ Ան կարողացաւ հանգիստ կերպով, ջղային ու հիսթերիք պոռթկումներով իր “մօր”՝ լիբանանեան թատրոնի փորձառու դերասանուհի Գոհար Քերոբեանին բացատրել կացութեան լրջութիւնը, յայտնելով թէ նոյն գիշերը անձնասպան պիտի ըլլայ, փամփուշտ մը կրակելով գլխուն՝ իր իսկ սենեակին մէջ։ Անհաւատալի թուացող այս մտադրութիւնը մայրը կ’ընդունի առերես, շարունակելով իր ջղային արարքները, ամէն ինչ ջարդուփշուր ընելու, մահացած ամուսինը բնովելու, նորանոր վէճեր հրահրելու եւ մէկ խօսքով, աղջկան կեանքը իսկական դժոխքի վերածելու “գործընթացը”։ Մանրամասն ծրագրելով (ինչպէս ըրած էր Ֆրանսայի հանգուցեալ նախագահ Միթերան) իր մահն ու յետ-մահու իրադարձութիւնները, Շաղիկ՝ վճռական ու ակամայ՝ “Գիշեր բարի մամ” կ’ըսէ ու… անձնասպան կ’ըլլայ շուարած ու հոգեկան ցնցումներ ապրող մօր շշմած հայեացքին առջեւ, որուն աղերսանքները՝ սենեակին դուռը բանալու, անարձագանգ կը մնան։

_ “Փիեսը patriarchal system-ի դէմ է։ Այսինքն՝ տղամարդը ընտանիքին գլուխը։ Տիպարներն ալ այդ սիստեմին զոհերն են։ Մայրը ընդունած է կեանքը ինչպէս որ է։ Իսկ Շաղիկ դէմ կ’ելլէ եւ չ’ընդունիր շրջապատը։

Շաղիկ կը մերժէ իր ինքնութիւնը եւ կը քանդէ կնոջ ինքնութեան յոյսը… կը վերլու թատերգութեան բեմադրիչը։

Սակայն, ինչպէս որ կը տեսնենք, երբ վարագոյրը կ’իջնէ, կեանք մը, ընտանիքի մնացորդաց մը, կը կործանի, որպէս “քաւութեան նոխազ” տիրող համակարգին անխիղճ ու մեքենայացած այս նոր աշխարհին մէջ։

Չափազանց բարդ, միտքերու ու գաղափարներու բախման տեսարաններով լի այս թատերգութիւնը, իր որոշ թերութիւններով՝ յաջողած էր բեմ դուրս գալ եւ ծափողջոյններով դիմաւորուիլ հանդիսականներուն կողմէ։ Թեթեւ եւ աժան կատակներով ու ծիծաղով լի թատերգութիւն մը չէր այս, այլ՝ նոր եւ հին “աշխարհ”ներու, մտայնութեանց եւ համակարգերու պայքարն ու անխուսափելի բախումը ցոլացնող ստեղծագործութիւն մը, որուն համար կը շնորհաւորենք տաղանդաշատ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանը, մաղթելով որ այս դժուարին ժամանակներուն, ան՝ առանց յուսահատելու շարունակէ վառ պահել հայ թատրոնի ջահը, փոխանցելու յետագայ սերունդներուն։

Պէյրութ, Լիբանան

Պէյրութ, Լիբանան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին