Արեւելեան լեզուներու հիմնարկի նախագահուհին՝ Մանիւէլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց միաւորման տնօրէնուհի Իզապէլ Լեկլիզ՝ ներկայիս ղեկավարները այն հաստատութեանց, ուր տեղի ունեցած է Ա. Տօնապետեանի մասնագիտական յառաջընթացը, մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը: Մ. Ֆրանք մասնաւորաբար նշեց Տօնապետեանի վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը: Անթուան Մէյէի, Ժորժ Տիւմեզիլի, Ֆրետերիք-Արման Ֆէյտիի, Ժան-Փիեռ Մահէի նման այնքա՜ն նշանաւոր գիտնականներէ ետք ստանձնելով ղեկավարութիւնը INALCO-ի Հայագիտական բաժինին՝ Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել Հայաստանէն դուրս ամէնէն լիակատար եւ ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին: Իզապէլ Լեկլիզ, իր կարգին, ընդգծեց, որ ինք յաջորդած է եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Ա. Տօնապետեանի ժամանակին տնօրինած հետազօտական միջ-գիտակարգային միաւորումը, որ ձեւաւորուած եւ առաջին քայլերը առած է անոր օրօք (այժմ՝ ,Լեզուներու կառուցուածք եւ ուժականութիւնե):
Անահիտ իր երախտիքի բառերը ուղղեց, նախ եւ առաջ՝ իր ընտանիքին եւ ծնողներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան: 20-րդ դարասկզիբին Խարբերդի շրջանէն մազապուրծ եղած իր ընտանիքը մշտապէս թիկունք եւ ազդակ հանդիսացած է իր գործունէութեան: Մեծ Եղեռնէն վերապրած ընտանիքին միակ անդամը՝ Տօնապետ Տօնապետեանը, կռուած է ֆրանսական Արեւելեան լեգէոնի շարքերուն մէջ եւ մասնակցած Կիլիկիոյ մարտերուն: «Այժմ, այս պարտաւորող շքանշանը, որ կը շնորհուի ինծի, ես կը համարեմ յարգումը եւ պատուումը իմ մեծ հայր Տօնապետ Տօնապետեանի անմար յիշատակին. իսկական լեգէոնական, սակայն առանց Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ կոչումին…»:
*ԼԻԲԱՆԱՆ* Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալխը:
Նախ եւ առաջ ան վեհափառ հայրապետին` իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մէկը, մանրամասն զեկուցում տուաւ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական հանդիպման մասին, ուր կարեւոր որոշումներ տրուած էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծրագրային առաջնահերթութիւններուն եւ վարչական դրութեան առնչութեամբ: Ան նաեւ զեկուցեց վեհափառին խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան մասին:
Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մաս կը կազմեն շրջանի բոլոր եկեղեցիները: Յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքի մէջ միակ միջեկեղեցական կառոյցն է:
Արցախի հնագիտական արշաւախումբը Տիգրանակերտի մէջ կը ծրագրէ բանալ կեդրոնական թաղամասի վաղ քրիստոնէական հրապարակի երկրորդ եկեղեցին, որ յայտնաբերուած է անցեալ տարուան պեղումներու ժամանակ է: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
Արշաւախումբը սկսած է այս տարուան իր պեղումները եւ ունի շարք մը ծրագրեր, զորս պիտի իրականացնի մինչեւ Օգոստոսի վերջ: Այս մասին Armenpress-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է արշաւախումբի ղեկավար, ԵՊՀ մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Համլէթ Պետրոսեան: «Հիմա Տիգրանակերտում ենք: Պեղումներն սկսուել են Յունիսի 25-ին, այժմ զբաղուած ենք յուշարձանի տարածքը մաքրելով»:
«Պեղումների ծաւալը նախորդ տարիներին բաւականին մեծ է եղել, մօտ մէկ հեկտարից աւելի տարածութիւն է կազմում, եւ մենք ամէն տարի նախորդ բոլոր տարիների հետքերը մաքրում ենք, քանի որ անձրեւներ են գալիս, քարեր են ընկնում, հողածածկոյթ է առաջանում»,- ըսած է Համլէթ Պետրոսեան` յայտնելով, որ մաքրման աշխատանքներէն անմիջապէս ետք կը վերսկսին պեղումները:
«Այս տարուայ ծրագրում ունենք նաեւ ընդարձակել ամբողջ հարաւային բակը, եթէ հնարաւոր լինի: Շարունակելու ենք պեղումները ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի վրայ, որտեղ արդէն 220 մեթր պարիսպը բացուած է, ամէն տարի մօտ 20-30 մետր աւելացնում ենք: Պարիսպը մօտեցել է ընդհուպ արքայական աղբիւրներին, յոյս ունենք, որ այս երկու սեզոններին հանդիպենք հիմնական կամ գլխաւոր մուտքին ամրացուած թաղամասին: Քանի որ մեր կողմից վաւերացուած անտիկ թաղամասերը հինգն են, մենք միայն մէկում ենք պեղում իրականացնում, այս տարի ուզում ենք նաեւ սկսել երկրորդի փորձնական պեղումները»,-յայտնած է Համլէթ Պետրոսեան:
Անոնք յայտնած են, որ Տիգրանակերտի մերձակայքին մարդիկ որոշ հետքեր նկատած են, երբ արշաւախումբի անդամները գացած են ու ուսումնասիրած վայրը, պարզուած է, որ կայ այդ տարածքի մէջ կարասային թաղում, որ շատ կը հանդիպի այդ կողմերու մէջ: «Դա վերաբերում է մ. թ. ա. առաջին-մ.թ. երկրորդ դարերին, պէտք է տարածքը պեղենք, մաքրենք, նիւթերը տեղափոխենք»,-ըսած է Պետրոսեան` աւելցնելով, որ Տիգրանակերտը այս տարի շատ աւելի բարեկարգ է, նոր շրջապարիսպ դրած են, շրջակայքի մէջ նոր բացատրագրեր դրուած են: «Այդ տեսակէտից ամէն ինչ լաւ է, մի քիչ ծանր է յուշարձանների պահպանութեան վիճակը, որը մեզ համար ամենակարեւորն է, քանի որ միշտ չէ, որ յաջողւում է տարածքը լաւ հսկել: Տեղացի բնակչութիւնը մտածում է` որտեղ շինութիւն չկայ, կարելի է անասուն արածացնել, որը վնասում է: Վաղ քրիստոնեկան բազիլիկ եկեղեցին ամրակայման կարիք ունի արդէն, պայմանաւորաւել ենք, որ այս տարի մասնագէտներ կը գան ու կը գտնահատեն տեխնիկական վիճակը եւ ամրակայման ծրագրեր կը մշակեն»,-յայտնած է մշակութաբանը:
Չօպանեան ծնած էր Պէշիկթաշի շրջանը, Պոլիս, Յուլիս 15, 1872-ին: Հազիւ մէկ ամսական ան պիտի կորսնցնէր իր մայրը ու հասակ պիտի առնէր խորթ մօր մը խնամին տակ: Հայրը հակառակ արհեստաւորի համեստ պայմանները դիմակալող անձ մը ըլլալուն, զինք կրցած էր մասնաւոր դասատուներու մօտ դնել նախնական կրթութեան համար, ապա միջնակարգ ուսման համար պիտի յաճախէր ան տեղւոյն Մաքրուհեան վարժարանը աւարտելով զայն բացառիկ յաջողութեամբ 1886-ին:
Պատանի տարիքին արդէն ընթերցանութեան նուիրուած էր ու վարժարանը չաւարտած 13 տարեկանին իր առաջին գրութեանը հանդէս պիտի գար «Բուրաստան Մանկանց» հրատարակութեան մէջ, որ կը հրատարակուէր Պոլիս:
Պոլսոյ կեդրոնական երկրորդական վարժարանը կրթութեան ուսումնարան պիտի հանդիսանար Չօպանեանի համար: Վարժարանի ատենի տնօրէնն էր Մինաս Չերազը: Ան պիտի մասնագիտանար հայ ու Եւրոպական գրականութեան մէջ աշակերտելով Գարեգին Սրուանձտեանցին, Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, Մաղաթիա Արք. Օրմանեանին, Թովմաս Թերզեանին ու շատ մը ուրիշ երեւելի գործիչներու ու դաստիարակներու որոնց շունչին տակ ան պիտի աշխատակցէր նախ «Արեւելքը», ապա «Մասիս» թերթերուն: Իր մօտ կանուխէն կարողութիւններ կը տեսնէ Լեւոն Բաշալեան ու ցուցմունքներ կ՛ընէ Չօպանեանին եւ կը քաջալերէ իր գրչին արտադրութիւնը:
1889-ին առաջին իր պատմուածքներն ու քերթուածները լոյս պիտի տեսնէին «Արեւելք»ին մէջ: Արդէն քաջալերական խօսքերու անկեղծ արտայայտութիւնը խանդավառած էին վարժարանի ընթացքը չաւարտած հասուն պատանին, որուն յաջորդ քայլը պիտի ըլլար ֆրանսական գրականութենէն թարգմանութիւններ կատարել:
Չօպանեան պիտի աւարտէր երկրորդական իր կրթութիւնը, 1891-ին, ու լման ժամանակով պիտի շարունակէր իր աշխատանքը լրագրութեան ասպարէզէն ներս: Պոլսոյ ժամանակակից հասարակական ու մշակոյթի ատենի գործիչները՝ Զօհրապ, Կամսարական, Բաշալեան եւ Արփիարեան արդէն տեսած էին 19 տարեկան Չօպանեանի մօտ բացառիկ տաղանդի յատկութիւնները ու այդ միտումով Արփիարեան պիտի հրաւիրէր զինք մաս կազմելու Պոլիս հրատարակուող «Հայրենիք»ի խմբագրական կազմին: Նոյն տարին լոյս պիտի տեսնէր իր անդրանիկ գործը՝ «Արշալոյսի Ձայներ» խորագրով:
Նոյն տարուան աւարտէն առաջ ան կ՛անցնի ուսուցչութեան իր աւարտած կեդրոնական վարժարանէն ներս գրականութիւն դասաւանդելու, որովհետեւ Արփիարեանի հետ տարակարծութեան պատճառաւ ան որոշած էր ձգել «Հայրենիք»ին մէջ իր գործը:
Յաջորդաբար 1802-ին իր ուսուցչական ասպարէզին կողքին ան կը հրատարակէ «Թուղթին Փառքը» վէպը, ապա հետաքրքրական բանաստեղծութիւններու շարք մը, որ պիտի կոչէր «Թռթռումներ»: Հազիւ 20 տարեկան, արդէն ան դարձած էր գրականագէտ մը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զարգացող մտաւորական իրեն հասակակից սերունդին մօտ: Իրականացնելու համար իր երազը մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական գրականութեան տիտաններուն, կ՛որոշէ ֆրանսա մեկնիլ բարձրագոյն կրթութեան համար: Այդ ծրագիրը պիտի իրականանար 1893-ի աշնան, ու մօտէն պիտի հետաքրքրուէր ֆրանսացի լրագրողներու ծանօթանալով, որոնց հետ ֆրանսերէն խօսելու ու ինքզինք արտայայտելու դժուարութիւնը պիտի չունենար:
Շուրջ տարի մը ան պիտի մնար Փարիզ ու պիտի աշխատակցէր ֆրանսական մամուլին շնորհիւ իր ստեղծած անհատական բարեկամութեանց, նոյն ժամանակ իր ունեցած ժամանակը տրամադրելով մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական գրականութեան:
Պոլիս վերադառնալէ ետք կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ, Պոլսոյ կեդրոնական վարժարանէն ներս, ու կը ձեռնարկէ լրագրական նոր հրատարակութեան մը 1895-ին՝ «Ծաղիկ» անունով, որուն մէջ առաջին անգամ լոյս պիտի տեսնէր Չօպանեանի ինքնատիպ ուսումնասիրութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացիի մասին որ նոյնութեամբ լոյս պիտի տեսնէր ֆրանսական «Մերքիւր տը ֆրանս» թերթին մէջ հինգ տարիներ ետք՝ 1900-ին:
Չօպանեան իր կարծիքը արտայայտելու տարբեր միջոցներու ալ պիտի դիմէր օգտակար ըլլալու համար իր տառապող ժողովուրդի արդար դատին: Համիտեան ջարդերու ցնցիչ ու քստմնելի արարքէն ետք ան կը դիմէր ֆրանսական մամուլի լուսաբանելու համար Եւրոպայի կարծիքը Արեւմտահայոց վիճակին մասին, ինչպէս նաեւ ան պիտի հրատարակէր ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկներ, ուր պիտի պարփակէր փաստացի ու վաւերական տուեալներ իր ժողովուրդին արժանիքներուն ու իրաւունքներուն շուրջ: Պոլսոյ իր համեստ բնակարանը յաճախ կ՛այցելէին Երուանդ Օտեանի, Զապէլ Եսայեանի, Էտկար Շահինի, Տիգրան Կամսարականի, Սուրէն Պարթեւեանի նման գործիչներ ու մտաւորականներ, որոնք համոզումով կը մօտենային Չօպանեանի ուղղութեան, երբ այդ օրերուն տակաւին որպէս ոչ կուսակցական, հասարակական գործիչ մը: 1896-ին ան վերջնականօրէն պիտի հաստատուէր Փարիզ, ուր իր առաջին գործը պիտի ըլլար «Հայկական ջարդեր» գիրքի պատրաստութիւնը ֆրանսերէն լեզուով ու հրատարակութեան յառաջաբանը պիտի վստահուէր Ճորճ Գլեմանսոյին, իսկ ֆրանսացի նշանաւոր գրադատ՝ Անաթոլ ֆրանս լրջօրէն պիտի անդրադառնար աշխատասիրութեան վաւերագրութեան շուրջ:
Փարիզի մէջ էր, որ 1898-ին լոյս պիտի ընծայէր Չօպանեան «Անահիտ»ը, որ յետագային պիտի դառնար դիրքորոշող հրատարակութիւնը:
«Անահիտ»էն օրինակներ կը հասնէին Պոլիս ու ատենի արեւմտահայ գրականութեան տիտաններուն կողմէ կը գնահատուէր իր աշխատանքը: Չօպանեան դարձած էր Փարիզի փոքրաթիւ գաղութի փնտռուած առաջնորդը, իր յօդուածներով եւ վերլուծումներով ան կրցած էր յարգանքը վայելել նորահաստատ հայրենակիցներու, որոնց մեծամասնութիւնը եկած էին Պոլսոյ շուրջի գաւառներէն:
Չօպանեան իր գրութիւններով յաճախ քաղաքական ուղղութեան վերլուծում էր որ կը կատարէր, որովհետեւ արեւմտահայոց ապագան շատ ալ փայլուն չէր տեսներ 20-րդ դարու սկիզբէն արդէն: Իրեն համար Ռուսիոյ հետ մնայուն յարաբերութիւնը եւ բարեկամութեան կարեւորութիւնը որոշ բանի մը յենելու կարեւորութիւնը ունէր ու անոր համար ալ 1901-ին կը պատրաստէ ուսումնասիրութիւն մը «Ռուսիա եւ Հայեր» խորագրով, որմէ օրինակներ գաղտնաբար պիտի հասնէին արեւմտահայ գաւառներ ու որոշ զարթօնք մըն ալ պիտի տար անոնց թարգմանութիւնը յետագային Ֆրանսայի լրագրողներուն, որոնք հետզհետէ սկսած էին ծանօթանալ արեւմտահայոց դատին:
Արշակ Չօպանեան այդ օրերուն տակաւին կուսակցական չէր ու իր գաղափարախօսութեամբ եւ մօտիկութեամբ կը քաջալերէր Լոնտոն եւ Փարիզ գտնուող վերակազմեալներու (Ռամկավար) ղեկավար տարրերուն, որոնց հետ յաճախ կը խորհրդակցէր սփիւրքահայոց մտահոգութիւններուն շուրջ, ու այդ միտումով ալ 1902-ին վերակազմեալները զինք կը հրաւիրեն երեք հոգինոց իրենց պատուիրակութեան, որ պիտի հանդիպէր Երիտասարդ Թուրքերու պատուիրակութեան հետ՝ Փարիզի մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին, որուն հետ ներկայ էին դաշնակցութեան ներկայացուցիչները:
Հոն արտայայտուած միտքերը կը տպաւորեն 30-ամեայ Չօպանեանը որ Երիտթուրքերու ծրագիրին մէջ յստակօրէն կը տեսնէ արեւմտահայ զանգուածներու ձուլումն ու հեռացումը եւ ոչ թէ կազմել դաշնակցային պետութիւն մը, որուն մէջ արեւմտահայ ու կարգ մը քրիստոնեայ ազգեր որոշ իրաւունքներու պիտի տիրանային: Յետագայ տարիներուն ան պիտի յաջողէր վերակազմեալները լուսաբանել այս իրողութեան շուրջ: Բայց ցաւի սիրտ չկարողացաւ ընել նոյնը դաշնակցութեան համար, որովհետեւ 1908-ին անոնք համաձայնութիւն գոյացուցին Երիտթուրքերուն հետ անոնց հռչակած սահմանադրութեամբ:
Չօպանեան հրաւէր ստացած էր 1908-ին մասնակցելու Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսական ընտրութեանց, բայց նախ պիտի մնար իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր ամէն մտաւորական շրջանակ զինք խանդավառութեամբ պիտի ընդունէր, ապա աշնան ան պիտի հասնէր Էջմիածին, ուր հիւրը պիտի դառնար Կոմիտաս Վարդապետին քանի մը ամսուայ համար: Այս շրջանին էր որ տեղի կ՛ունենար Ատանայի կոտորածը (1909), ու Արեւելահայաստանի մէջ կատարուած ժողովրդային մէկ հաւաքին, ուր խօսք պիտի առնէր Շիրվանզադէ նաեւ Չօպանեանի կը տրուի խօսելու առիթ, ուր ան շեշտակի կը ջատագովէ ռուս ժողովուրդի հետ բարեկամութեան ու հաւատարմութեան հիմնահարցը:
Փարիզ վերադարձին կ՛որոշէ դադրեցնել «Անահիտի»ի հրատարակութիւնը 11 տարիներ ետք, որ անկանոն դարձած էր իր ճամբորդութեանց պատճառաւ: Ան կ՛որոշէ կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերել «Բիւզանդիոն»ին, ապա Թիֆլիս հրատարակուող «Մշակ»ին, որուն դերը մեծ էր ու խօսքը լսելի՝ Կովկասահայութեան մօտ ու իր յօդուածներով ան կը զգուշացնէր հայութեան այն խաւը մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, որ կը ջանար հարցեր լուծել Երիտթուրք կառավարութեան հետ, առանց մտածելու ու հեռատես ըլլալու:
Չօպանեան Էջմիածին այցելութենէ ետք սկսած էր մնայուն նամակագրութիւն պահել արեւելահայ մտաւորականներու հետ առաւելաբար Թիֆլիս ապրող Լէօյին հետ, որուն մէկ նամակը ուղղուած 1912-ին ան կ՛անդրադառնար որ Ֆրանսա ու Անգլիա եթէ աջակցին Ռուսիոյ հետ կարելի պիտի դառնայ ազատել Արեւմտահայաստանը ու արդար լուծում մը գտնել հայկական հարցին: Նոյնանման գրութիւններով նաեւ ան կապ կը պահէր Միքայէլ Պապաջանեանի հետ, որ այդ շրջանին ռուսական խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր:
Հազիւ 40 տարին բոլորած, Չօպանեան դարձեալ հրաւէր պիտի ստանար գալու իր ծննդավայրը այս անգամ իրեն ի պատիւ ծրագրուած տօնակարութեան նշելու 25-ամեակը գրական ու հասարակական իր բեղում գործունէութեան, կազմակերպուած Պոլիս բնակող մտաւորականութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Գրիգոր Զօհրապի: Բայց վրայ պիտի հասնէր 1914-ի Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը ու տօնակատարութիւնը պիտի յետաձգուէր անորոշ ժամանակով: Չօպանեանի համար յարմար առիթ էր գրելու եւ խրախուսելու որ զինուորագրուին իրենց գտնուած երկիրներու բանակներուն կռուելու պատերազմի հասարակաց թշնամիին՝ թուրքին դէմ, որովհետեւ ան կը տեսնէր որ գուցէ այդ ձեւով պիտի իրականութիւն դառնար իր տարիներու երազը՝ Արեւմտահայոց հարցին լուծումը:
Վրայ կը հասնի 1915-ին ցեղասպանութիւնը ու այս անգամ Չօպանեան տարբեր առիթով ու մանաւանդ գրութիւններով կ՛արտայայտուի որպէս Հրէշային ծրագրուած ոճիր անուանելով Մեծ Եղեռնը:
Չօպանեան Կոմիտասի հետ – Օգոստոս 1917
Իր այս քարոզչական աշխատանքը պիտի շարունակէր մեծ թափով, օտարներուն ծանօթացնելով Մեծ Եղեռնի ոճիրին իրականութիւնը ու պիտի յաջողէր Սորպոնի մէջ Մեծ Եղեռնի առաջին տարելիցին առիթով կազմակերպել խորհրդաժողով մը նախագահութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ՝ Դեշանելի, ուր խօսք պիտի առնէին Ֆրանսայի կրթական նախարար՝ Պենլըվի եւ Անաթոլ Ֆրանս, որոնք պիտի բաժնէին Չօպանեանի տեսակէտը ծրագրուած կոտորածին մասին: Տարի մը ետք պիտի հրատարակէր երկու գործեր «Ֆրանսա եւ հայ ժողովները», ինչպէս նաեւ «Հայաստան եւ թրքական լուծը», որոնք աւելի եւս պիտի հիմնաւորէին Ֆրանսայի մէջ հանրային կարծիքը՝ Թուրքիոյ նկատմամբ:
Մեծ Եղեռնի հետեւանքով Պոլսոյ եւ շրջակայքի հայութեան կարեւոր մէկ մասը պիտի գաղթէր Ֆրանսա, ապահով ապաստան մը ունենալու: Փարիզի մէջ հաստատուած պոլսահայեր յետագային իրենց կարեւոր ներդրումը պիտի ունենային Ֆրանսահայ կազմաւորուած գաղութի ապագային ու հասարակական ու ազգային կեանքէն ներս: Իսկ Չօպանեան փնտռուած առաջնորդ մը դարձած էր որպէս ատենոյ մտաւորական ու հրապարակախօս իր յստակ ու անշեղ գաղափարախօսութեամբ: 1908-ի վերակազմեալներու միացումով արմենականներուն, յառաջ եկած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ, Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը: Բայց Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ վերակազմեալներու մասնաճիւղերը հեռու մնալով Սահմանադրական սկզբունքը որդեգրելէ, կազմեցին Ազատական Կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդներէն դարձեր էր Արշակ Չօպանեան:
Իր հաճելի նկարագրով ու անհատական յարաբերութիւններով, ան ստեղծած էր կարեւոր շրջանակ մը օտար բարեկամներու որոնք լրագրութեան մէջ կարեւոր ազդեցութիւն ունէին պետական շրջանակներու մօտ: Անմիջական յարաբերութեանց մէջ էր ան՝ Պօղոս Նուպարի, Գարրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի հետ: Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտին (1918) ան տարուայ մը համար պիտի ստանձնէր «Վերածնունդ» երկշաբաթաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը եւ պիտի լծուէր արեւմտահայ պահանջատիրութեան կարեւոր գործին:
1919 Փետրուարին Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ազգային Համագումարը՝ նախագահութեամբ՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի, այլոց կողքին կը մասնակցի նաեւ Չօպանեան ու կ՛ընտրուի Ազգային Պատուիրակութեան անդամ: Այս շրջանին արդէն մերձեցման աշխատանք կը տարուէր Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան ու Ազգային Ազատական Միութեան միջեւ, որուն ջատագովներէն էր Արշակ Չօպանեան, որովհետեւ ան կը տեսնէր հայկական իրականութեան մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքները որդեգրող զուգահեռ հոսանքներ, որոնց միացումով պիտի հզօրանար կազմուած միութիւնը:
Յաջորդ տարին իսկ ազգային պատուիրակութեան կողմէ ան պիտի ղրկուէր Պէյրութ, ուր կար Ֆրանսայի Պետութեան բարձրագոյն գոմիսարը: Անոր հանդիպելու առիթը պիտի ընծայուէր Չօպանեանի, ու ան բուռն եռանդով կը ներկայացնէ պատուիրակութեան տեսակէտը՝ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութեան մը հաստատման մանին, որ պիտի ընդունուէր որպէս նախնական ծրագիր, բայց յետոյ պիտի ըլլար միայն պետական հռչակում Օգոստոս 1, 1920-ին:
Առանց ընկրկումի իր առաքելութեան մէջ, Չօպանեան պիտի մնար Միջին Արեւելք՝ Պէյրութ եւ Երուսաղէմ ու Տարսոն եւ Աղեքսանտրէթ, գէթ վստահ ըլլալով որ Ֆրանսան պիտի չպարպէր Կիլիկիան՝ իր հայ բնակչութենէն:
Տարի մը ետք ան պիտի վերադառնայ Փարիզ, ուր նոր հանգրուան մը լրացուած էր իր առջեւ խորհրդային Հայաստանի մը ստեղծումով, որուն հանդէպ իր հետեւորդներով ան նախ պիտի որդեգրէր վերապահ դիրք մը: 1921 Հոկտեմբերի 1-ին, Պոլսոյ մէջ պիտի յաջողէր կազմութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որուն արդէն նախնական աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենար Արշակ Չօպանեան: Հիմնադիր ժողովը 49-ամեայ Չօպանեանը պիտի ընտրէր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին ատենապետը, մէկ տարուան շրջանի մը համար, որ Փարիզէն պիտի ղեկավարէր կուսակցութեան աշխատանքները՝ առաւելաբար ապաւինելով իր ունեցած ժողովրդականութեան ու վայելած յարգանքին: Նորակազմ կուսակցութեան առաջին գործը պիտի ըլլար իր դիրքը յստակացնել Խորհրդական Հայաստանի նկատմամբ, օգտակար հանդիսանալով անոր վերաշինութեան ջանքերուն եւ աշխատանքին: Արդէն այս քայլը մղած էր դաշնակցական մամուլը անիմաստ եւ զօրաւոր յարձակումներ կատարելու Չօպանեանի վրայ: Չօպանեան նախ լուռ պիտի մնար, բայց պայքարէ չվախցող հեռատես հրապարակախօսը ատենին պիտի պատասխանէր սաստկութեամբ, նոյնիսկ ծեծի ենթարկուելով Փարիզի մէջ դաշնակցութեան քանի մը տաք գլուխ երիտասարդներու կողմէ:
1927-ի Լոզանի խորհրդաժողովի ձախողութենէն ետք, ան աւելի եւս պիտի ջատագովէր համախմբուիլ խորհրդային Հայաստանի շուրջ ու յօդուածներով հանդէս պիտի գար Ռամկավար Ազատական մամուլին մէջ՝ մանաւանդ մնայուն իր աշխատակցութիւնը պահելով «Արեւ»ին եւ «Պայքար»ին մէջ: 1924-ին ան լծած էր ՌԱԿ-ի շրջանակները խորհրդային Հայաստանի օժանդակելու գործին, մանաւանդ հանգանակութիւններով ան կրցած էր բազմահազար գիրքեր հասցնել հայրենիքէն ներս գտնուող համալսարանին: Իսկ 1924-ին եւ 1926-ին երկու տարբեր առիթներով Պոլսոյ շրջանէն կրցած էր գաղթականներ ու որբեր Հայաստան ղրկելու աշխատանքը յաջողցնել:
1920-ին կուսակցական որոշումով ան պիտի գար Միացեալ Նահանգնէր շուրջ 9 ամիս մնալով ու շրջելով Արեւելեան նահանգներու մէջ հաստատուած ամէն հայկական գաղութ ներառեալ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Գոլոմպիա համալսարանին մէջ ան պիտի տար Ֆրանսերէն լեզուով դասախօսութիւն մը «Հայ բանաստեղծութիւն եւ արուեստ»ը նիւթին շուրջ ու ապա անոր որպէս հետեւանք զանազան առաջատար ամերիկեան թերթերու հետ պիտի ունենար որակաւոր հարցազրոյցներ, նշելով մի քանին այդ թերթերէն՝ «Տիթրոյթ Նիուգ»ը, «Քրիսչըն Մոնիթըր»ը եւայլն: Տարի մը ետք 1927-ին, ան կը վերադառնայ Փարիզ՝ իր առաքելութիւնը աւարտած, սակայն հանգիստ չգիտցող Չօպանեան պիտի շարունակէր մամուլի իր աշխատակցութիւնը, շինարար դեր վերցնելով հայրենիքի վերելքին մէջ: 1929-ին ան պիտի վերսկսէր «Անահիտ»ի հրատարակութեան, որ իր առաքելութեանց ու ճամբորդութիւններուն պատճառով ընդմիջումներով լոյս պիտի տեսնէր ու այս անգամ վերջնականապէս պիտի փակուէր 1949-ին , նիւթական ու այլազան դժուարութեանց պատճառաւ:
Արշակ Չօպանեան դարձած էր Հայ Մշակոյթի Դեսպանը ու մեծ Բանասէրը որ գիտէր կարեւորութիւնը իր հաւատամքին ու անոր գրաւականը հանդիսացող հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան: Առիթով մըն ալ 1934-ին պիտի յայտարարէր «Պանդուխտ ծնայ ու պանդուխտ ապրեցայ, ոսկորներս թող կարենան հանգչիլ մեր տոհմային հողին մէջ»:
1936-ին կը մասնակցի «Հայ Գաղթականաց Յանձնախումբի» աշխատանքներուն ու կը յաջողի շուրջ 2000 գաղթականներ, դարձեալ Պոլսոյ շրջանէն փոխադրել հայրենիք:
1938-ին Փարիզի մէջ պիտի տօնուէր իր գրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեակի յոբելեանը հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Յաջորդ տարիներուն ան յաճախ կը ձգտէր կազմակերպելու հրապարակագրական ձեռնարկներ ծանօթացնելու հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարելով ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ որոնց որպէս արդիւնք 1945-ին Սորպոնի համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպէր հայ մշակոյթէն նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ Ֆրանսացի գրողներ ու լրագրողներ:
ՀԲԸՄ Մելգոնեան Հաստատութեան շրջանաւարտները Չօպանեանի հետ – 1953
Յառաջացած տարիքը իր աշխուժութեան արգելք չէր կրնար հանդիսանալ: 1952-ին 80- ամեայ մշակոյթի ալեհեր դեսպանը պիտի հրաւիրուէր Պէյրութ՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հրաւէրով ու տարի մը պիտի մնար Լիբանան: Այդ շրջանին հոն կը գտնուէր ՌԱԿ-ի կեդրոնը ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը: Լիբանանի գաղութէն ներս իր առաքելութիւնը աւարտած Չօպանեան պիտի վերադառնար Փարիզ:
1954 Յունիսին ան զոհ պիտի երթար ինքնաշարժի մը 82 տարեկանին յաւիտեան իր աչքերը փակելով:
Արշակ Չօպանեան
Մեծ երախտաւորը պիտի մնայ Չօպանեան, որովհետեւ ան կրցաւ դրսեւորել հայ ժողովուրդը իր փառքով ու ցաւով՝ ներկայացնելով օտարին, իսկ սփիւռքահայութեան համար եղաւ ուժը հայրենաշինութեան:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Յունիս 26ին քննարկուած եւ քուէարկութեան դրուած՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններուն առնչուող երկկուսակցական բանաձեւը (HR-4347), վաւերացուած է յանձնախումբին կողմէ, հակառակ զայն ձախողութեան մատնելու թրքական ջանքերուն։
Բանաձեւին նպատակն է երաշխաւորել Թուրքիա գտնուող քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ եկեղեցական գոյքի վերադարձը:
Բանաձեւը Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի կողմէ ներկայացուած էր Մարտին:
Բանաձեւին մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն կը պահանջուի տարեկան դրութեամբ զեկոյց ներկայացնել Թուրքիոյ եւ գրաւեալ Կիպրոսի բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վիճակին, ինչպէս նաեւ անոնց վերադարձը ապահովելու աշխատանքին մասին:
Բանաձեւին իբրեւ հիմք ծառայած է քրիստոնէական տաճարներու պարտադիր վերադարձին մասին 2011ի Դեկտեմբեր 13ին վաւերացուած թիւ 306 բանաձեւը, որ օրին ներկայացուած էր Ռոյսի եւ Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ եւ մէկ օղակը կը հանդիսանայ սուլթանական, երիտթրքական, ինչպէս նաեւ քեմալական-հանրապետական վարչակարգերուն կողմէ գործադրուած՝ Հայկական Հարցը ,լուծելեու միտող քաղաքականութեան: Հակառակ հայկական յուշարձաններուն վերաբերեալ հոգատար ըլլալու թրքական իշխանութիւններուն կատարած բարձրաձայն յայտարարութիւններուն, Անգարա չէ դադրեցուցած հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը կամ թրքացնելու փորձերը: Թուրքերուն կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւս քրիստոնէական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու աշխատանքը կը շարունակուի։
TCA Chairman Dr. Haroutune Arzoumanian handing lifetime achievement award from TCA Central Board
By ALIN K. GREGORIAN.
The Tekeyan Cultural Association (TCA) paid tribute to one of its own, Hagop Vartivarian, to mark the 45th anniversary of his activities in the Armenian Diaspora, at a banquet on June 21, to dovetail with the TCA convention.
About 350 people attended the banquet, held at the Clinton Inn, to pay tribute to Vartivarian for his many years of activity within the Armenian Democratic Liberal party, the TCA as well as supporting the Armenian Church and culture at large.
The program felt both like a national-level event and a family reunion. Unity and celebration were the theme, bringing together people from across party lines. During the program, Vartivarian received the St. Sahag and St. Mesrob medal from the Primate, Archbishop Khajag Barsamian, on behalf of the Catholicos of All Armenians Karekin II. In addition, Armenia’s new ambassador to the United Nations, Zohrab Mnatsakanian, presented the Movses Khorenatsi Medal to the honoree on behalf of President Serge Sargisian.
Among those offering remarks about him were his son, Haig Vartivarian, and brother-in-law,Anthony J. Principi, the former secretary of the Veterans Administration, as well as his brother, Dr. Zareh Vartivarian, from California. His son said, “We are all here to recognize him. He has traveled across North America, South America, Europe and Asia and befriended thousands of Armenians, always meeting Armenians. I am programmed to say, ‘Parev, Hay em. Hagopi tghan em.’” (Hello, I am Armenian. I am Hagop’s son.) Dr. Zareh Vartivarian said that the evening was “one of the most memorable nights for me. He and I are far away in terms of distance, but together through our souls.” He also thanked all those attending for honoring his brother, adding, “Hagop is not a person, he is an institution.” Principi, the brother of his wife, Maria, said he was delighted to pay tribute to his “brother, Jack.” “My family and I share your pride in his accomplishments. He is the kindest and most intelligent man I have ever met. I have enjoyed the time we sat together over good Cognac to talk about art,” he added. “When you visit Jack and Maria’s home, you eat well and drink well and they send you home with leftovers.”
He paid tribute to the honoree and his wife for taking care of Maria and Anthony Principi’s mother until her death. “The Jack I know is all about family. Jack and Maria took care of our mother. Jack was adamant that she belonged at home.” He also referred to the traumatic history of the Armenian people, who, like Italians, are family oriented.
Dr. Vaghenag Tarpinian, chair of the Tribute Committee, was the first to speak. He paid tribute to the honoree in both English and Armenian, as someone who had done his utmost to create further cultural ties between Armenia and the diaspora. “I appreciate the person and the talent” of Vartivarian, who is “ready to move mountains to reach his goals.”
Edmond Y. Azadian, vice chairman of the TCA Central Committee, offered one of the keynote addresses about Vartivarian. “His stature in the community and his impressive achievements command respect. That is why we are gathered here to extend our tribute to him, thereby recognizing his valuable contributions to the Tekeyan Cultural Association and the Armenian community at large.” He added, “On behalf of the Central Board, it is my distinct pleasur and privilege to congratulate Mr. Vartivarian on the 45th anniversary celebration of his multifaceted activities in the Armenian community. No one on our Central Board needs to be offended when we state that Hagop is the most active member of that Board.”
Azadian also alluded to the rift in the ADL that for a while had seen him and Vartivarian in opposing camps. “After years of intense cooperation, division in our organization threw us into opposite camps. Hagop even resorted to the extreme. He honored me by publishing a bi-weekly journal targeting my deeds and misdeeds. I never took it personally because I believed what he was doing was out of conviction, for the good of the organization. On the contrary, he was holding my toes to the fire to do the right thing. Perhaps, in a perverse way, I was even gratified for having an adversary as honest as Hagop as I am proud today for having a friend so dedicated.” He concluded, “His energy is unmatched, his imagination is fascinating and his collective success is beyond belief. … He is an organizer, journalist, scholar and actor. Hagop is a Good Samaritan. He wishes to help everybody, regardless whether those individuals deserve it or not.”
Dr. Arshavir Gundjian, former chairman of the ADL Central Committee, spoke in Armenian about Vartivarian’s role in the ADL and the importance of the ADL in the diaspora. He spoke about the importance of the Armenian General Benevolent Union, the Church and Tekeyan in Vartivarian’s life. “He is a soldier in Armenian community as the leader of the ADL,” he said.
He praised the honoree for giving of his time, ability and resources in the various communities in which he has lived, including Beirut, Amman, Boston and New York. Gundjian referred to the “exceptional role of the ADL in our community,” adding that the party helped keep “the Mother See. It was the ADL, that thanks to the smart leaders and its influential press, tied Armenian and Armenians to Holy Echmiadzin.” He called Vartivarian an “exceptional person” and “one of the leading activists in our press.”
Dr. Haroutune Arzoumanian of the TCA Central Board also offered comments praising him.
The event marked the debut of Ambassador Mnatsakanian in the community. He offered, “I did not know Mr. Vartivarian, but I had heard so much about him that when I met him, I felt I knew him. I want to thank you and your colleagues. You have done so much for us and my colleagues. The way you contribute to Armenia is very special.”
Playwright and freelance writer (and former staff writer for this newspaper) Taleen Babayan then read a message from her grandfather, veteran ADL member Yervant Babayan. She then
added her own comments, praising Vartivarian’s patriotism and thanking him for supporting cultural endeavors, including giving free rehearsal space to the troupe that performed her play,
“Pesad Oor Eh (Where Is Your Groom)?” at the Tekeyan Center in New Jersey.
The event was not just confined to ADL members. Friend and fellow culture lover, Armenian Revolutionary Federation (ARF) and Hamazkayin Central Executive Board member Dr. Hrant Markarian delivered an impassioned tribute to Vartivarian. “Hagop is a khalis [pure] Ramgavar and I am khalis ARF. But we are in a secret Armenian culture club. He has never laid down his weapon in the fight to preserve Armenian culture,” he said. He received thunderous applause from the audience.
Fellow ARF member, Antranik Kasparian, of the ARF Central Committee of Eastern US, had sent a letter on the occasion, in which he said, “Allow me to join the hundreds, from all walks of Armenian life, who are gathered today in recognition of your service, devotion, and accomplishments. There are few in our community who possess your gifts — as journalist, organizer, literary critic, staunch patriot and partisan; and even fewer who devote these gifts so willingly in the service of our nation and its cause. “As is well-known in our community, you and I come from ‘across the aisle’ to one another: You of staunch liberal, Ramgavar background, I of equally staunch Dashnaktsakan background. In the past, we have often focused on those issues that separated or divided us.
This was perhaps necessary at times — especially during the Soviet era, when ideological divisions continued to affect the functioning of our diasporan communities. But today, more and more, we are bound by those issues that unite us, that bring us together in a spirit of collaboration. It is this spirit that has blossomed between our different groups, and I look forward to working ever more closely with you and your colleagues as we seek justice on the momentous occasion of the 100th anniversary of the Armenian Genocide. “Today’s tribute is both timely and richly deserved, sireli Hagop. I join my fellow Dashnaktsakans in extending our warmest congratulations and best wishes, even though I must extend them from afar.”
The honoree himself spoke with visible emotion, thanking his friends and family, as well as expressing his gratitude to the president of Armenia and Catholicos Karekin II for the honors.
Welcoming Armenia’s new ambassador to the UN, he spoke about the ADL’s abiding support for Armenia, regardless of “the color of its flag. … We are all here to help Armenia.We have always loved our Armenia and want to strengthen ties between Armenia and the diaspora.”
He spoke about the importance of the Armenian community and clubs for serving the youth. He recalled how clubs bring the youth together and save the Armenian culture. Referring to his own life, he said that he had lost his mother when he was 16 and his brother 12 and that his involvement in various Armenian clubs provided a home to them. Vartivarian thanked many of the sponsors and donors, and reserved his deep thanks for Barsamian.
Barsamian, when he spoke, quoted the poet Vahan Tekeyan, who had praised the Armenian Church as the center of the Armenian life. “The first half of this century was a dark time for our people. Thanks to people like Hagop, we have an exceptional younger generation now,” he said. He then offered Vartivarian the encyclical from the Catholicos.
In a surprise, he called Nora Azadian, the wife of Edmond Azadian and the recently retired chair of the Detroit Tekeyan Chapter, to the podium and asked her to recite a poem by Tekeyan. She did, with emotion, thrilling the audience. He then presented to her, as a descendent of ADL founder Mihran Damadian and a disciple of Vahan Tekeyan, a plaque honoring her for her achievements as an artist, actress and educator, on behalf of the Tekeyan Central Board.
The banquet benefactors were Edward and Carmen Gulbenkian and the patrons were Henri Dimidjian and Nazar and Artemis Nazarian. Every attendee received a 120-page program book created by the tribute committee, featuring letters, reminiscences and photos.
Musical selections were offered by Solange Merdinian, Nicholas Bompart, Alyne Corrigan and Vagharshag Ohanyan. Mistress of Ceremonies Olympia Jebejian.
The Tekeyan Cultural Association (TCA) of US and Canada held its 33rd convention on Friday, June 20 and Saturday, June 21 in New Jersey.
Participating were delegates from New York and New Jersey, Boston, Philadelphia, Detroit, Montreal, Toronto, Pasadena/Glendale and Los Angeles.
On behalf of the host New York/New Jersey chapter, Hagop Vartivarian delivered the welcoming address to the delegates.
The convention sessions were chaired alternately by Dr. Haroutune Arzoumanian, president, and Edmond Azadian, vice president. Sebouh Avedikian served as the recording secretary of the convention.
Arzoumanian gave an introductory survey of the organization’s activities for the last two years and he also highlighted the challenges facing it.
Reports were presented by the delegates from each chapter. An extensive report was also read by Kevork Keushkerian from the TCA Arshag Dickranian School in Hollywood, Calif. The Abaka trilingual weekly of Montreal also submitted a report.
The Central Board presented its biannual financial report. Elections were held to fill the three rotating positions of the Central Board and the following members were elected: Panig Keshishian and Kevork Keushkerian (California) and Arto Berj Manoukian (Montreal).
The afternoon session was mostly dedicated to the discussion of future prospects and to the prospects of reinvigorating certain structures within the organization.
The role of the Board of Administrators is to coordinate activities between the chapters, to develop new programs and to conduct fundraising for the Sponsor a Teacher Program in Armenia and Karabagh. The TCA sponsors five Tekeyan schools in Armenia and Karabagh. Maro Bedrossian has served as the chair of the Board of Administrators since its inception. The convention expressed its appreciation to Bedrossian for running the board smoothly and achieving impressive amounts of funds for the educational projects. Unanimously, the convention elected Harout Chatmajian from the New York/New Jersey Chapter as the new chair of the Board of Administrators.
One of the major topics discussed was the centennial commemoration of the Armenian Genocide. Plans were laid for local chapter level programs as well as a national program to be developed by the Central Board.
The organization has two very successful theater groups, the Mher Megerdichian Theatrical Group in New York/New Jersey and the Hay Pem Group in Montreal. Both have given successful performances locally. The convention explored the possibility of rotating the groups between the other chapters.
The delegates were elated to hear the news of TCA acquiring a five-story building in Yerevan to house Armenia’s TCA, Azg weekly newspaper and the local structures of the ADL in Armenia.
The Appreciation Committee awarded the Dickran Simsarian Trophy to the Montreal Chapter as the most active group, which was in competition with the New York/New Jersey chapter.
The convention recognized with gratitude the outstanding achievement of two of its members, Dr. Nubar Berberian, the secretary of the Central Board, and Kevork Marashalian, who retired recently after serving the Central Board as the executive secretary for 24 years.
Next year, the 34th convention will be held in Montreal, in October, which will coincide with the 40th anniversary of the weekly Abaka.
After attending the tribute banquet honoring Hagop Vartivarian on Saturday night as well as the Sunday service at St. Thomas Armenian Church of Tenafly in memory of departed members of the TCA and the ADL, the delegates returned home energized by the achievements of the last two years and determined to perform even better next year.
Յակոբ Վարդիվառեան համասփիւռքեան վարկ եւ հեղինակութիւն վայելող դէմք մըն է, աւելի քան չորս տասնամեակէ մը ի վեր, իր ծաւալած ազգային ու միութենական լուրջ գործունէութեամբ, հրատարակած «Հանդիպումներ»ու հինգ հատորներով, ստանձնած մեկենասութիւններով, հաստատած մամլոյ մրցանակներով, եւ վերջապէս Հայ մշակոյթի տարածումով:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան ՄշակութայինՄիութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, Շաբաթ, Յունիս 21ին, Նիւ Ճըրզիի Քլինթոն Ինն հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ ազգային ու հասարակական գործիչ, մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիրեւ հայ մշակոյթի դեսպան Յակոբ Վարդիվառեանիմեծարանքիհանդիսութիւնը՝ներկայութեամբհոգեւորհայրերու, Հայրենի պետական գործիչներու, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատկառելի անդամներուն, կուսակցական, միութենականպատկանմարմիններուեւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, եւՅակոբ Վարդիվառեանի հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն։
Յոբելենական հանդիսութեան հեզասահ ընթացք տուաւ օրուան հանդիսավարը՝ Գոլոմպիա Համալսարանի Պառնարտ Գոլէճի նախկին տեկան՝ Տիկին Օլիմփիա Ճեպեճեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ սոյն պատուասիրութեան նպատակին, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց Վարդիվառեանի հոգիին կորիզը կազմող տուեալներու մասին. «Յակոբի հոգիին կորիզը կը բոլորեն գիրն ու գիրքը, հայ ազգն ու անոր մշակոյթը»: Ապա բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ Եղիշէ Արք. Գիզիրեան` Մեծն Բրիտանիոյ նախկին առաջնորդ իր օրհնութեան աղօթքով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարելու համար: 300 հոգիով լեցուն սրահը յուզմունքով ու հպարտութեամբ ունկնդիր հանդիսացաւ ամերիկեան եւ հայկական պետական հիմներուն, որոնք բացառիկ կերպով մեկնաբանուեցան Սոլանժ Մերտինեանի եւ Նիքոլա Պոմբարթի կողմէ:
Յանուն կազմակերպիչ մարմինին, բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան՝ Յոբելինական Յանձնախումբին ատենապետի հանգամանքով, ան նախ ներկայացուց օրուան խորհուրդը, ապա դրուատեց յոբելեարին ծաւալած գործունէութիւնը ՌԱԿ-էն եւ ԹՄՄ-էն ներս: «Յակոբ Վարդիվառեան անհատը, իր էութենէն ոչինչ խնայած է նուիրաբերելու համար յանուն Հայրենիքին, Սփիւռքին ու ազգին: Իրեն համար յոյժ կարեւոր կը նկատուի հայը հայուն հետ կապելէ բացի, հայը Հայաստանին կապել: Մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս մեծարելու համար Յակոբ Վարդիվառեան մարդը եւ անոր տաղանդը: Ան պատրաստ է լեռներ շարժելու, հասնելու համար իր գերագոյն նպատակին:»
Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին գործադրուած յայտագրի պարունակէն ներս իր որդիականխօսքըարտասանեցՀայկ Վարդիվառեան, որնշեց, թէ ինք միշտ հպարտ եղած է Յակոբ Վարդիվառեանի որդին ըլլալով: «Ան ճամբորդած ըլլալով աշխարհի չորս ծագերը՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Ասիա, Եւրոպա եւ Ափրիկէ բարեկամացած է հազարաւոր հայ մարդոց ու գործած է անոնց հետ լոկ ազգային մակարդակի վրայ: Սրտի ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ Տոքթ. Զարեհ Վարդիվառեան՝ հարազատ եղբայրը մեծարեալին. «Կեանքիս ամենայիշատակելի օրերէն մին է այս ինծի համար, ականատես ըլլալ եղբօրս մեծարման հանդիսութեան: Թէեւ մենք մղոններով հեռու ենք իրարմէ, սակայն հոգիով այնքան ջերմ ու գաղափարով այնքան մօտիկ, որ կարելի է անվարան ըսել, թէ Յակոբը պարզապէս անձ մը չէ, այլ կազմակերպութիւն մը ինքնին: Նման անհատներ մեծարուելու կարիքը չունին, քանի որ անոնք իրենց գործով, վաստակով, ձգած մեծ ժառանգութեամբ եւ կերտած պատմութեամբ արդէն իսկ նուաճած են բարձունքներ»։
Երեկոյթը ստացած էր հայկական ջերմ մթնոլորտ, յատկապէս երբ գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով գործադրուեցաւ հայկական երաժշտական որակաւոր մեկնաբանութիւններ: Գաղութին հեղինակաւոր պարիթոն՝ Նիքոլա Պոմբարթ բացառիկ կերպով ներկաներուն հրամցուց բոլորին կողմէ սիրուած «Կենաց երգ»ը, իսկ Սոլանժ Մերտինեան՝ Կոմիտասին «Շողեր Ճան» , Ռոմանոս Մելիքեանի «Վարդը» եւ Կոմիտասի «Հոյ Նազան»ը:
«Յակոբ Վարդիվառեան երեւոյթը» նիւթը ներկայացուց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեանը, որնշեց, թէ Սփիւռքի մէջ եկեղեցին ու ազգային կազմակերպութիւնները մտաւորականութեան նկատմամբ ունին յարգանքի ու խորհրդակցելու յատուկ վերաբերմունք, ինչ որ դրական է ու շահեկան։ Ան հաստատեց, որ Յակոբ Վարդիվառեան յատուկ երեւոյթ է, որուն հսկայական վաստակը Սփիւռքի մէջ իր հրատարակած յօդուածներով, ստեղծած է մամլոյ իւրայատուկ միջավայր ու մթնոլորտ։
«Հայ իրակականութեան մէջ ան գրաւած է իր ուրոյն տեղը, իսկ իր ունեցած տպաւորիչ իրագործումները յարգանք կը պարտադրեն իւրաքանչիւր հայորդիէ: Ահաւասիկ ա՛յս իսկ գլխաւոր պատճառով է որ այսօր բոլորս մեկտեղուած ենք հոս, մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու իրեն, արժեւորելու նաեւ իր մատուցած անձնազոհ ծառայութիւնները մեր սիրելի ԹՄՄ-ին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի»: Շարունակելով ան իր խօսքը յայտնեց թէ Կեդրոնական Վարչութենէն ո´չ ոքի համար նախատական կը թուի ըլլալ Յակոբին համար շռայլուած խօսքերը աւելցնելով նաեւ թէ Կեդրոնական Վաչութեան մէջ ինք ամենագործունեայ անդամն է, որովհետեւ բոլորն ալ կու գան հաստատելու սոյն իրողութիւնը։
Ընտանեկան պարագաներու անունով, Ամերիկայի Բանակային Վեթերաններու նախարար՝ Անթոնի Փրինսիփի (աներձագը Յ.Վ.-ին), նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք զանազան գաղութներէ գալով, ի մի հաւաքուած են մեծարելու համար մարդ մը, որուն հետ իր ընտանեկան բարեկամութիւնը մեծագոյն հաճոյք է: «Ան մեզի համար ամենաազնիւ մարդն է, իր հոգածու վերաբերմունքով, իւրայատուկ հիւմորով եւ համբերատար նկարագրով»: Փրինսիփի յայտնելով իր անձնական զգացումները, դրուատեց Վարդիվառեանը արժեւորող անհատը. «Մեծ հաճոյքով, բաժակ մը քոնեակի ընկերակցութեամբ, կարելի է երկար զրուցել Յակոբին հետ զանազան նիւթերու շուրջ, սկսելով միջազգային արուեստէն, քաղաքականութենէն, ու մարդկային-ընկերային հարցերէն: Մեր զրոյցը անպայմանօրէն կ’եզրափակուի Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր ճանաչման հանգրուաններուն մասին եւ այսօր ես անգամ մը եւս կը հաստատեմ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը լոկ հայկական կամ թրքական հարց չէ, այլ համայն մարդկութիւնը յուզող, 20րդ դարու պատմութիւնը յստակացնող ողբերգութիւն մըն է: Փրինսիփի իր ակնարկները սեւեռելով մարդկային պատմութեան սկզբնական տարիներուն, յայտնեց «Եթէ բոլորս որպէս քրիստոնեաներ կը հաւատանք, որ Նոյեան տապանը կանգ առած էր Արարատ լերան գագաթին, հետեւաբար բոլորիս ալ նախահայրերը ակամայ ունին հայկական ծագում»:
Գեղարուեստական դասական յայտագիրը իւրայատուկ բոյր մը կը թեւածէր հանդիսասրահին մէջ, երբ Նիքոլան` Մոցարթի «Լա Մոզէ արիան», իսկ Ֆիկարոյէն՝ Gaetemo Donizetti “Mevoglin fan a casa» գերազանցապէս կը հրամցնէր ներկաներուն, մինչ Կոնստանդին Պետրոսեանի «Հայաստան»ով կը թնդար սրահը Ալին Գորիկընի, Նիքոլայի եւ Վաղարշակ Օհանեանի թունդ մեկնաբանութեամբ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ընկեր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան: «Ինծի համար մեծ հաճոյք է ու առանձնաշնորհում, մեր երախտագիտական զգացումները յայտնել Յակոբ Վարդիվառեան անհատին, իր ազգային ծառայութեան 45 ամեակին առիթով: Եթէ փորձենք իր կեանքի էջերը թղթատել, հոն պիտի գտնենք էութիւնը անոր, որ նուիրումի, հաւատքի, զոհողութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան ոգին։ Ազգային կեանքի հաւատաւորնուիրեալնէ ան, ործառայածէ ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի գործունէութեան։Մեր մաղթանքը պիտի ըլլար, որ Վարդիվառեանվերանորոգուխտովշարունակէիրերթը»։Այնուհետեւ, յարգելի կուսակցապետը անդրադարձաւ ՌԱԿի անշեղ հայրենասիրութեան ոգիին եւ ազգային քաղաքական ուղեգիծին, որուն ճամբով քալեցին մեր երէկի ընկերները ու այսօր նոյ´ն հաւատարմութեամբ կը քալէ մեր սիրելի մեծարեալը»։
Պահն էր մեծարեալը պարգեւատրելու, որուն առընդեռ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր արարողութիւն:Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան հրաւիրեց Բաբգէն ծ. Վրդ. Անուշեանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոցկաթողիկոսիհայրապետականսրբատառ կոնդակը կարդալու, ապա մեծարեալին կուրծքին զետեղեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ» շքանշանը: Կոնդակինմէջնշուածէր. «Ազգանուէր ծառայութիւնը Դուք սկսեցիք տակաւին Ձեր ծննդավայր Բէյրութում, ապա անսպառ նախանձախնդրութեամբ շարունակեցիք Միացեալ Նահանգներում, կարեւոր աւանդ բերելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ազգային այլ հաստատութիւնների գործունէութեան: Ձեր վաստակը հարստացրեցիք նաեւ գրական-ստեղծագործական ու լրագրողական արդիւնաւոր աշխատանքով: Ուրախ ենք, որ ազգանուէր Ձեր երկարամեայ ծառայութիւնը, հեղինակած աշխատութիւններն ու Սփիւռքի մեր անուանի պարբերականներուն մէջ հրատարակուած յօդուածները արժանիօրէն բերել են Ձեզ մտաւորականի եւ ազգային գործիչի բարեհամբաւ ու ճանաչում»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած Մովսէս Խորենացի պատուոյ շքանշանը յանձնեց Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ շնորհաւորելէ ետք օրուան մեծարեալը, յայտնեց թէ հակառակ որ անձամբ նոր հանդիպած էր Յակոբ Վարդիվառեանին , սակայն այնքան շատ լսած էր անոր մասին ու կարդացած անոր յօդուածները, որ վաղեմի բարեկամներ որպէս կարելի էր երկար զրուցել իր հետ: Դեսպանը Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին ծաւալած գործունէութեան ան մօտէն ծանօթ էր յատկապէս Հայրենիք-Սփիւռք-Էջմիածին փոխ յարաբերութեան պարունակէն ներս:
Թէքէեան մեծ ընտանիքին կողմէ պատուոյ յուշատախտակ փոխանցեց ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, իսկ նիւեորքաբնակ հանրածանօթ գեղանկարչուհի՝ Էմմա Գրիգորեան յանձնեց իր արուեստի գործերէն իւղաներկ գեղանկարչութիւն մը:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներէն մի քանիներու արտայայտուելու մեծարեալին մասին։ Համազգային Հայ Մշակութային Կրթական Միութեան երկարամեայ պատասխանատուներէն եւ գործիչներէն Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան սրտբացօրէն վեր առաւ Յակոբ Վարդիվառեանին հայ մշակոյթի ծառայելու ոգին ըսելով. «Թէեւ մենք երկուքս կը գտնուինք տարբեր գաղափարական դպրոցներու մէջ, ինք` ռամկավար եւ ես` դաշնակցական, սակայն մեր երկուքին աշխատանքի դաշտը եղած է նոյնը` հայ մշակոյթին ծառայելու նուիրական առաքելութիւնը»։
Խոսք կ’առնէ նաեւ երիտասարդ մեր ուժերէն Օր. Թալին Պապայեան, որ նախ կը կարդայ իր մեծ հօր հարիւրամեայ ընկեր Երուանդ Պապայեանի ողջոյնի խօսքը եւ ապա կու տայ իր մանկութենէն եկած բարի յիշատակներ ՌԱԿի ու ԹՄՄի հետ կապուած, ինչպէս նաեւ կը նշէ թէ յոբելեարը եղած էր զինք դէպի լրագրութիւն մղողն ու քաջալերողը սկսելու իր աշխատակցութիւնը ՌԱԿի օրկան «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթէն։ Երիտասարդ սերունդի որպէս ներկայացուցիչ Թալինին խօսքը կ’ապահովցնէ թէ տակաւին երկա~ր ատեն կարելի պիտի ըլլայ ազգապահպանման համար տարուած աշխատանքները շարունակել այս ափերուն վրայ։
Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ նախ անգլերէն լեզուով շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Հայոց Հայրապետին` Գարեգին Բ.ին, հանրապետութեան Նախագահին` Սերժ Սրագսեանին, Սրբազան Հօր, ՀՀ Դեսպան Մնացականեանին, ինչպէս նաեւ նախկին դեսպան Կարէն Նազարեանին, որ իր կեցութեան շրջանին հարազատօրէն գործակցեցանք իրարու հետ։ Յայտագրին մէջ բաժին վերցնող բանախօսներուն թէ արուեստագէտներուն, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ`յոբելենական հանդիսութիւնը կազմակերպող իր ընկերներուն։ «Չէի խորհէր որ այսքա´ն բարեկամ կրնամ ունեցած ըլլալ, որովհետեւ ազգային գործիչ մը եւ մանաւա´նդ կուսակցական` միայն թշնամիներ կ’ունենայ. եւ այսօր ես ուրախ եմ որ հոս հաւաքուած են մեր գաղութի բոլոր շրջանակներէն սիրելի ներկայացուցիչներ»։ Այնուհետեւ, յոբելեարը շե´շտը կը դնէ երիտասարդներու եւ նոր սերունդին համար ապահովելու հաւաքավայեր ու ակումբներ նշելով որ հոս հաւաքուածներէն մեծ թիւ մը այսօր Մայր գաղութներու մէջ հասակ առած են ակմբային մթնոլորտի մէջ եւ ուր դրծուած են ազգային հայրենասիրական շունչով։ «Եթէ այսօր չապահովենք մեր նոր սերունդին ազգային դաստիարակութիւնը, ապա` 20-30 տարի պիտի չունենանք ազգային ծառայութեան եւ Հայրենիքին օգտակար ըլլալու նուիրուած սերունդ մը. այսօրուընէ պատրաստելու ենք մեր ապագայ առաջնորդները»։ Հուսկ ան իր խօսքի աւարտին կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանին օգնելու իւրաքանչիւրին պարտականութիւնը եւ ըսաւ թէ իր պատկանած Կուսակցութիւնը այդ ծառայութեան նոիրուած է առաջին օրէն, առանց նկատի ունենալու թէ մեր Հայրենիքին վրայ ո՞ր գոյնի դրօշակ կը ծածանի։
Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին ազգային բարերարներ Տէր եւ Տիկին Նազար Նազարեաններ, Տէր եւ Տիկին Էտուըրտ Կիւլպէնկեաններ, Տոքթ. եւ Տիկին Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ` Սարգիս Ճէպէճեան եւ Նազարէթ Ֆսթըգճեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արամ Յովակիմեան , Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան, Վարդանանց Ասպետներու աւագ սպարապետ Դոկտ. Տենիս Բաբազեան, Հայկական Հիմնադրամի նախագահ Խորէն Պանտազեան, Հարաւային Գընթիքըթ Համալսարանի նախագահ Դոկտ. Մէյրի Բաբազեան, «Միրըր»ի խմբագիր Ալին Գրիգորեան եւ «Հայրենիք»ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ երբ Յակոբ Վարդիվառեան հրաւիրեց ներկաներուն մէջ Վահան Թէքէեանը ճանչցող միա´կ անձին, արուեստագիտուհի Նորա Իփէկեան-Ազատեանին, որ իր մեծ հօր` ՌԱԿի հիմնադիրներէն եւ Սասունի հերոսամարտի կերտիչներէն Միհրան Տամատեանի օրերէն յաճախ վայելած է անմահանուն բանաստեղծին ջերմ ներկայութիւնը. Նորան այդ օրէն սկսեալ լաւագոյն մեկնաբաններէն է Թէքէեանի բանաստեղծութեան։ Հակառակ իր յառաջացած տարիքին արտասանեց «Հայու Հոգին» օրուան հանդիսութեան տալով բացառիկ եւ անմոռանալի յիշատակ մը, անկասկած։
Յարգանքի ու շնորհակալութեան ամենաջերմ զգացումներ կարելի է արտայայտել կազմակերպիչ յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան, Շողիկ Չալեան, Սիրվարդ Տէմիրճեան, Տոքթ. Սվեդլանա Ամիրխանեան, Շմաւոն Ադամեան, Յարութ Չաթմաճեան, Գարմէն Կիւլպէնկեան, Վարդան Իլանճեան, Տիրան Ճեպեճեան, Օլիմփիա Ճեպեճեան, Գրիգոր Մարգարեան, Նորայր Մկրտիչեան, Հելէն Միսք եւ Մարի Զօքեանի:
Արդարեւ, կազմակերպուած սոյն մեծարանքի հանդիսութիւնը իր մնայուն ներկայութիւնը պիտի ունենայ Վարդիվառեանի բոլոր բարեկամներուն մօտ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք ֆիզիքապէս ներկայ չի կրցան գտնուիլ, սակայն մեծարանքի գրքոյկին մէջ իրենց անկեղծ խօսքերով մասնակցութիւն բերին: ԹՄՄ-ի մեծ ընտանիքին հաւատաւոր անդամներէն Վարդան Իլանճեանի բծախնդիր պատրաստութեամբ, հայկական գրադարաններուն մէջ իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ սոյն գրքոյկը:
Յոյժ տպաւորիչ սոյն պատուասիրութիւնը հրապարակային երախտագիտական համեստ արտայայտութիւն մըն էր պատուական ընկերոջ մը, որ մեր բոլորին համար շատ սիրելի է: Յանուն իր լայն ու հարազատ շրջանակին, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեծարեալը՝ Ընկեր Յակոբ Վարդիվառեանը, մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ իր ծաւալած ազգային ու միութենական գործունէութեանց ծիրէն ներս:
Լիբանանի թատերասէր ընտրանին հրաւիրուած էր 2014 թ.ի Յունիսի առաջին օրերուն, ներկայ ըլլալու եւ գնահատելու երիտասարդ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի խիզախ թատերգութիւնը՝ «Գիշեր Բարի Մամ», Թէաթրոն Ժըմմէյզիի բեմահարթակին վրայ, որ կը ներկայացնէր ինչպէս լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս լիբանանեան կեանքը, այնպէս ալ մեր օրերու քաոսային համաշխարհայնացման ողբերգական արարներէն մէկը։
«Անհայր» ընտանիք, կեանքի դժուարին պայմաններէն ու տիրելու մոլուցքէն տառապող անհաւասարակշիռ մայր եւ զգայուն ու գեղանի դուստր, որ հիսասթափուած ամուսնութենէ, ձախողած յարաբերութիւններէ՝ միակ միջոցը կը գտնէ ձերբազատուելու այս քաոսէն… անձնասպանութիւնը։
_ “Գիշեր բարի մամ։ Կնոջ մը ինքնութեան մասին է։ Բիեսը կը խօսի Շաղիկին եւ իր մօր մասին։ Շաղիկ, շաբաթ գիշեր մը իր մօր կ’ըսէ. “Մամ, ես քիչ ետք անձնասպան պիտի ըլլամ”։ “Թէ ինչը մղեց Շաղիկին որ հասնի այս որոշումին, որն է անձնասպան ըլլալ կամ ոչ։ Այդ մէկը կը գիտնանք փիեսի աւարտին”,- թատրերգութեան նախաբանին մէջ կը ներկայացնէ Սուրէն Խտըշեան։
Լիբանանահայ թատրոնի կեանքին մէջ իր երկրորդ գլխաւոր “մուտքը” այս անգամ յաջողութեամբ պսակեց Շաղիկ Մայիսեան-Խտըշեան իր նոյնանուն՝ “Շաղիկ”ի դերով։ Ան կարողացաւ հանգիստ կերպով, ջղային ու հիսթերիք պոռթկումներով իր “մօր”՝ լիբանանեան թատրոնի փորձառու դերասանուհի Գոհար Քերոբեանին բացատրել կացութեան լրջութիւնը, յայտնելով թէ նոյն գիշերը անձնասպան պիտի ըլլայ, փամփուշտ մը կրակելով գլխուն՝ իր իսկ սենեակին մէջ։ Անհաւատալի թուացող այս մտադրութիւնը մայրը կ’ընդունի առերես, շարունակելով իր ջղային արարքները, ամէն ինչ ջարդուփշուր ընելու, մահացած ամուսինը բնովելու, նորանոր վէճեր հրահրելու եւ մէկ խօսքով, աղջկան կեանքը իսկական դժոխքի վերածելու “գործընթացը”։ Մանրամասն ծրագրելով (ինչպէս ըրած էր Ֆրանսայի հանգուցեալ նախագահ Միթերան) իր մահն ու յետ-մահու իրադարձութիւնները, Շաղիկ՝ վճռական ու ակամայ՝ “Գիշեր բարի մամ” կ’ըսէ ու… անձնասպան կ’ըլլայ շուարած ու հոգեկան ցնցումներ ապրող մօր շշմած հայեացքին առջեւ, որուն աղերսանքները՝ սենեակին դուռը բանալու, անարձագանգ կը մնան։
_ “Փիեսը patriarchal system-ի դէմ է։ Այսինքն՝ տղամարդը ընտանիքին գլուխը։ Տիպարներն ալ այդ սիստեմին զոհերն են։ Մայրը ընդունած է կեանքը ինչպէս որ է։ Իսկ Շաղիկ դէմ կ’ելլէ եւ չ’ընդունիր շրջապատը։
Շաղիկ կը մերժէ իր ինքնութիւնը եւ կը քանդէ կնոջ ինքնութեան յոյսը… կը վերլու թատերգութեան բեմադրիչը։
Սակայն, ինչպէս որ կը տեսնենք, երբ վարագոյրը կ’իջնէ, կեանք մը, ընտանիքի մնացորդաց մը, կը կործանի, որպէս “քաւութեան նոխազ” տիրող համակարգին անխիղճ ու մեքենայացած այս նոր աշխարհին մէջ։
Չափազանց բարդ, միտքերու ու գաղափարներու բախման տեսարաններով լի այս թատերգութիւնը, իր որոշ թերութիւններով՝ յաջողած էր բեմ դուրս գալ եւ ծափողջոյններով դիմաւորուիլ հանդիսականներուն կողմէ։ Թեթեւ եւ աժան կատակներով ու ծիծաղով լի թատերգութիւն մը չէր այս, այլ՝ նոր եւ հին “աշխարհ”ներու, մտայնութեանց եւ համակարգերու պայքարն ու անխուսափելի բախումը ցոլացնող ստեղծագործութիւն մը, որուն համար կը շնորհաւորենք տաղանդաշատ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանը, մաղթելով որ այս դժուարին ժամանակներուն, ան՝ առանց յուսահատելու շարունակէ վառ պահել հայ թատրոնի ջահը, փոխանցելու յետագայ սերունդներուն։