Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

Մեքսիքոյի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբը Ներկայացուցած է «Հայաստան 1915»-ի Առաջին Ներկայացումը

0

Մեքսիքոյի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը` Խոսէ Արեանի ղեկավարութեամբ, Մայիս 30-ին եւ 31-ին Արուեստներու ազգային կեդրոնին մէջ ներկայացուցած է «Հայաստան 1915» ստեղծագործութիւնը, կը հաղորդէ armeniangenocide100.org-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման նուիրուած ստեղծագործութեան հեղինակը մեքսիքացի երաժշտագէտ Խուան Արթուրօ Պրենանն է: Հնադիսատեսը գնահատած է յատկապէս տուտուկի հատուածը:

«Այդ խոր ձայնը ինծի համար խորհրդանիշն է հայոց սփիւռքի հեռաւոր ձայնին, որ այսօր կը բնակի աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ», – ընդգծած է ստեղծագործութեան հեղինակը: Ան յայտնած է նաեւ, որ իր «Հայաստան 1915» ստեղծագործութիւնը «արձագանգն է հայերու բնաջնջման շարունակական ժխտման եւ քօղարկելու մտադրութեան եւ յիշողութեան փոքր դրսեւորում  հարիւրերորդ տարելիցին»:  Համերգին ներկայ եղած է նաեւ Մեքսիքայի Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը:

«Մեր Պատմութիւնը Դաժան Է…»

0

*ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*

??????????????????????????????????????????????????????????????????

Ապրիլ 28, 2015: Քաթարէն աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնիմ Թոքիօ: Առաջին անգամն է, որ Ճափոն պիտի այցելեմ: Բնականաբար կը հետեւինք Ճափոնի ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին եւ գիտենք, որ այդ երկիրը իր արտադրութիւններով ողողած է աշխարհի շուկան, բայց նաեւ կարդացած եմ պատմութեան ընթացքին անոր սխրագործութիւններուն մասին: Անոր անցեալի նուաճողական եւ որոշ համեմատութեամբ նաեւ «բռնատիրական»  ախորժակները լեցուցած են պատմութեան էջերը: Բայց նաեւ փոքր տարիքնէս միշտ ալ մեծ պաստառին վրայ դիտած ենք պատերազմական ժապաւէններուն մէջի ճափոնական սխրագործութիւնները: Այսպիսով ներկայի ու անցեալի անոր «նուաճողական» իրավիճակները, տարբեր բովանդակութիւններով, Ճափոնի նկատմամբ որոշ տրամադրութիւն ստեղծած են մտապատկերիս մէջ:

Քաթարէն մինչեւ Թոքիօ թռիչքը պիտի տեւէր մօտաւորապէս տասը ժամ: Երկար թռիչքներու ընթացքին ընդհանրապէս պէտք է ձեւով մը զբաղիլ, գէթ չզգալու համար, թէ կը գտնուիս «օդը»` դատարկութեան մէջ, եւ թէ տարբեր տրամադրութիւններ եւ հոգեվիճակներ կը ծագին ճամբորդողին ներաշխարհին մէջ:

Այդ երկար թռիչքին ընթացքին, չեմ գիտեր զուգադիպութեամբ թէ բախտով, յիսունէ աւելի ժապաւէններու շարքէն ընտրեցի հատ մը, որուն նիւթը կը վերաբերէր Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքի ճափոնական մեկուսացման բանտի մը մէջ ամերիկացի բանտարկեալներու կեանքին:

Ժապաւէնը կը նկարագրէր ամերիկացի ողիմպիականի մարզիկ եւ ախոյեան Լուիս Զամբերինիին կեանքը: Ան համաշխարհային մրցանակներ եւ մրցանիշեր հաստատելէ ետք կը զինուորագրուի ամերիկեան բանակին մէջ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին գերի կը բռնուի ճափոնցիներուն կողմէ:

Ժապաւէնը մէկ կողմէ կը նկարագրէ ամերիկացի գերեվարուած զինուորներու տաժանակիր կեանքը, իսկ միւս կողմէ կը կեդրոնանայ Լուիսի պարագային եւ ճափոնցի բանտապահին հետ, որ բռնակալ մըն էր, անոր յարաբերութեան վրայ:

Ժապաւէնը լեցուն էր Լուիսի կրած զրկանքներով ու անոր նկատմամբ եղած վիրաւորանքներով, Լուիսի ներաշխարհի վերիվայրումները. կը ներկայացուի բանտապահին դաժան ու բիրտ վերաբերումը Լուիսի նկատմամբ` ճզմելու համար անոր ապրելու ձգտումն ու կամքը (քանի որ բանտապահը գիտէր, թէ Լուիս ախոյեան էր): Կան նաեւ Լուիսի վիրաւորուած ու վրիժառուի նայուածքները եւ մտորումները բանտապետին նկատմամբ. «Օր մը քեզ պիտի սպաննեմ»:

Ժապաւէնը լրիւ դիտեցի, եւ ինչպէս որոշ ժապաւէններ, այս ալ իր ազդեցութիւն ունեցաւ ներաշխարհիս վրայ, ու մէջս սկսած ծագիլ մտմտուք մը. «Ես արդեօք ո՞ւր կ’երթամ»:

«Մեզի համար շատ կարեւոր է հաւաքական կեանք հասկացողութիւնը»: Ճիւնն է խօսողը` Ճափոնի մեր ընկերութեան գործադիր տնօրէնը: «Մեր պատմութիւնը լեցուն է արիւնով ու դաժանութեամբ, եւ այլեւս չենք ուզեր այդ մէկը կրկնել: Կ’ուզենք նոր կեանք մը կերտել որպէս երկիր եւ հաւաքականութիւն»:

Ճափոնի մէջ իմ քանի մը օրերու այցելութեանս ընթացքին ես վայելեցի այս «նոր կեանք»-ը: Ճափոնցիք կրցած էին տեսնել, թէ իրենց պատմութիւնը «դաժան» եղած էր եւ «սխալներով» լեցուն: Ուստի` որպէս երկիր եւ հաւաքականութիւն, տենդագին կերպով լծուած են այդ «դաժան»-ը ու «սխալ»-ը սրբագրելու: Մէկ կողմէ կ’ապրիս Ճափոնի յառաջխաղացքը, բայց նաեւ մարդկային կենցաղը, մարդոց նկատմամբ ճափոնցիներուն ունեցած յարգանքը ու տրուած արժէքին կարեւորութիւնը: Անոնք «դաժան»-ը եւ «սխալ»-ը սրբագրելով ստեղծած են նոր դաստիարակութիւն, որուն վրայ հիմնած են իրենց հաւաքական կեանքերը եւ այս` նոր գրաւականով: Անոնց հաւաքական այս կեանքերն են, որ այսօր յառաջխաղացքի մէջ են:

«Հայկական գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս հարիւր հայ»: Դոկտ. Կրանտ Պօղոսեանն է խօսողը` Հայաստանի դեսպանը Ճափոնի մէջ: «Չունինք գաղութի դրուածք, այնպէս որ դեսպանատունը նաեւ դարձած է հայութիւնը քով-քովի բերող հաւաքավայր»: Դոկտ. Պօղոսեան քսանհինգ տարիներէ ի վեր կ՛ապրի Թոքիօ: Եկած է որպէս համալսարանի դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ, կը տիրապետէ ճափոներէն լեզուին: Ներկայիս Հայաստանի դեսպան նշանակուած է: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ հրատարակած է գրքոյկներ ճափոներէն լեզուով` տեղացի ժողովուրդին ներկայացնելու համար հայուն արհաւիրքը: «Ճափոնցի ժողովուրդը ապրած է եւ գիտէ ցաւը, այնպէս որ կրնայ հասկնալ հայուն ենթարկուած Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը», շարունակեց դոկտ. Պօղոսեան:

Այդ ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ անոր հետեւանքները կը տեւեն մինչեւ այսօր: Սփիւռքը եւ հայուն կոտորակուած ու աշխարհով մէկ տարածուած իրավիճակն է: Ռազմիկ Պալեանը Իրանէն անցած է Անգլիա եւ ներկայիս կ’ապրի Թոքիօ: «Կը փորձենք ամէն ձեւով հայ մնալ», Ռազմիկն է խօսողը: «Տունը հայերէն կը խօսինք, որպէսզի զաւակներս վարժուին եւ սորվին: Ուրիշ գաղութներու նման կազմակերպուած չենք, որպէսզի կարենայինք 100-ամեակին առիթով պատշաճ կերպով նախաձեռնութիւններ կատարել», ըսաւ ան: Բայց Ռազմիկ ունէր «հպարտութիւն» մը, զոր բաժնեց ինծի հետ: «Տղաս, որ տեղական դպրոց կը յաճախէ, իր դասապահերու մէկուն որպէս նիւթ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը», եզրափակեց Ռազմիկ:

Հայը ամէն տեղ իր «ցաւը» կը դրսեւորէ որպէս յիշեցում, բայց նաեւ պահանջատիրութիւն:

Ապրիլ 30-ին Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր պատմութիւնը դաժան է: Կարելի չէ ժամանակին ընթացքը փոխել եւ վերադառնալ բռնութեան օրերուն ու չընել ինչ որ եղած է: Ես իմ յարգանքս եւ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ամերիկացի ժողովուրդին եւ անոր բոլոր նահատակներուն, որոնք ինկան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին…»: Ու տակաւին, վարչապետը «համեստութիւնը» ունեցաւ խօսելու պատմութեան ընթացքին իր երկրին «սխալներուն» մասին` տարածաշրջանի երկիրներուն նկատմամբ: «Մեր արարքները միայն դժբախտութիւն բերին ասիական երկիրներու ժողովուրդներուն»:

Եւ անպայմանօրէն կը սկսիս հարց տալ: Ե՞րբ պիտի գայ այն օրը, որ Թուրքիան ալ «յանդգնութիւն»-ը եւ «համեստութիւն»-ը պիտի ունենայ` յար եւ նման Ճափոնի, ընդունելու, թէ իրենց պատմութիւնն ալ «դաժան» է, եւ թէ իրենք ալ «միայն դժբախտութիւն բերին տարածաշրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն»: Եւ դժբախտութիւնը մարդկային նահատակներն են, հողային կլանումը ու աւելին®

Բայց կը վերադառնամ օդանաւին մէջ դիտած ժապաւէնիս: Համաշխարհային պատերազմը կ՛աւարտի, Ճափոն կը յանձնուի, ու գերիները ազատ կ՛արձակուին: Այս պայմաններուն մէջ Լուիս պէտք էր ընտրութիւն կատարէր:

Լուիս չսպաննեց ճափոնցի բռնապետը, այլ որոշեց իր «վրէժ»-ը լուծել «նոր կեանքեր» կերտելով: Ան իր կեանքը նուիրեց հոգեւոր եւ մարդասիրական առաքելութեան` նոր կեանքեր եւ հաւաքականութիւններ ստեղծելով…:

Եւ հայուն պատմութեան փորձն ալ այդպէս էր: Ցեղասպանութենէն ետք «նոր»-ը շինելով է, որ հայը վերապրեցաւ եւ ոչ թէ սպաննելով, այդ «նոր»-ն է, որ հայուն կու տայ ուժը եւ վճռակամութիւնը շարունակելու իր «աւանդ»-ը քիչ մը ամէն տեղ եւ մինչեւ Թոքիօ: Այդ «նոր»-ին ուժով է, որ Ռազմիկին զաւակը ու բոլոր հայ մանուկները պիտի շարունակեն ներկայացնել ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը` յիշելով եւ պահանջելով…:

Իսկ այսօ՞ր: Հայը պիտի շարունակէ իր երթը հարիւրամեակէն անդին, պիտի շարունակէ «նոր» կեանքեր կերտել ամէն տեղ, որովհետեւ «նոր» կեանքեր կերտելով է, որ հայը պիտի կրնայ զօրաւոր կերպով յիշել, յիշեցնել, պահանջել ու տակաւին պահանջատէր ըլլալ թէ` Թուրքիոյ «պատմութիւնը դաժան» է, պէտք է «սրբագրուի», բայց նաեւ «նոր»-ը հատուցուի…:

Հայ Աւետարանական Գոլէճ – «Ծիրանի» Երգչախումբին Փայլուն Ելոյթը

0

Կիրակի, 22 Մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ դպրոցի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին տարեկան ելոյթը։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք դպրոցի վաստակաշատ տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան կատարեց բացման խօսքը նշելով թէ հայոց վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրած էր ձեռնարկը, յատկապէս շեշտելով որ ցեղասպանութիւնը լրիւ չէր յաջողած եւ ունէինք հայրենիք ու պետականութիւն եւ ապրող հայութիւն։

Հայաշունչ եւ ոգեշնչող խմբերգներ ներկայացուեցան «Մենք Թոռներն Ենք Մաշտոցին», «Մշեցի Մօր Երգը», «Ղարաբաղի Բալիկն Ենք», «Ջան Հայրենիք» (մեներգող Անթոնի Օպէյտ), «Հայաստան», «Կիլիկիա», «Իմ Անունը Հայաստան Է»։ Երգչախումբը հմտօրէն կը ղեկավարէր Տիկ. Նեկտար Փալազեան եւ դաշնամուրի վրայ կÿընկերակցէր Ժ. դասարանէն Քրիսթին Մաամարպաշի եւ պարբերաբար ջութակի վրայ նուագներ՝ Լոռի Եունիսէսի (Ժ. դասարան) եւ Կրէյս Մաամարպաշիի (Ը. դասարան) կողմէ։

Նախ. Ա.ի փոքրիկներն ալ չորս մանկական երգեր երգեցին։ Փակման խօսքը եւ օրհնութեան աղօթքը ըրաւ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի հովիւ Վեր. Հրայր Չոլագեան։

Երեւանէն Թռիչք Առած «Միտըլ Իսթ»ի Օդանաւը Ստիպողական Էջք Կը Կատարէ

0

Մինչ լիբանանեան MEA ընկերութիւնը կը տօնէ իր 70-ամեակը, երէկ՝ Երկուշաբթի 1 Յունիս 2015-ի  գիշեր աննախընդաց դէպք մը պատահեցաւ անոր Երեւան-Պէյրութ թռիչքին:

Արդարեւ երէկ գիշեր «Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Պէյրութ թռիչք առած  օդանաւը, խանգարում մը ունենալով թռիչքէն կէս ժամ ետք վերադարձած է Երեւան՝ անակնկալ, ստիպողական ու դժուարին էջք մը կատարելով հոն, ուր օդանաւը ուժգնութեամբ օդակայանի գետնին բախած է:

Բարեբախտաբար ճամբորդները անվնաս դուրս եկած են անկէ: Դէպքէն ետք MEA յատուկ օդանաւ մը ղրկած է գիշերը Երեւան ճամբորդները Պէյրութ բերելու համար: Կը շնորհաւորենք սիրելի ճամբորդներն ու օդանաւին անձնակազմը արկածէն անվտանգ դուրս գալուն համար  մաղթելով, որ նման արկած մը բնաւ չկրկնուի:

Հանդիպումներ Ցեղասպանութենէ Վերապրած Կրօնափոխ Հայերու Հետ՚ ՌԱԿ Զարթօնք Ակումբի Դասախօսական Երեկոն

0

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Զարթօնք ակումբի Պէյրութի Վահան Թէքէեան կեդրոնի մէջ ուշագրաւ դասախօսութեան առիթով` միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեանի 30 ամեայ ոդիսականը կրօնափոխ համշէնահայերու, Տերսիմի եւ իրալեան Քիւրտիստանի կորսուած եւ այսօր վերածնունդ ապրող ՙքրտացած՚ քրտախօս խիզախ հայորդիներու հետ:

Լիբանանի հայութեան ընտրանին, ազգային ու քաղաքական, դիւանագիտական ու մշակութային ընտրանին ներկայ էր Ուրբաթ, 29 Մայիս 2015ի երեկոյեան, Պէյրութի Վահան Թէքէեան կեդրոնի Գերսամ Ահարոնեան անուան դահլիճին մէջ, ներկայ ըլլալու միջազգային լրագրող, կրօնափոխ հայերու եւ իրաքեան Քիւրտիստանի հայերու մասնագէտ ընկ. Համօ Մոսկոֆեանի դասախօսութեան: Իր 30 ամեայ ոդիսականը Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի թէ Ռուսիոյ եւ կեդրոնական Ասիոյ տարագրեալ համշէնահայերու, Տերսիմի հայկական արմատներով զազաներու, քզլպաշներու եւ իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական գաղթօճախի քաջարի զաւակներուն մասին տեսաերիզներու, սահիկներու եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Ընկ. Արա Թէրզեան
Ընկ. Արա Թէրզեան

Հրաւիրեալներն ու մասնակից հիւրերը դահլիճ առաջնորդուեցան հայ ժողովուրդին զազա ՙԿոմիտաս՚ Միքայէլ Ասլանի ՙՎետակ՚ երաժշտական ալպոմի Տերսիմի հայութեան 1000 ամեայ երգերու հնչիւններու ներքոյ: Ապա ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Զարթօնք ակումբի ատենադպիր ընկ. Արա Թէրզեան ներկայացնելով օրուան դասախօսը: Ան հրաւիրեց հալէպահայ գեղանի եւ տաղանդաշատ ջութակահարուհի Լիւսի Չամսարեանն ու երգչուհի Դալար Սիմոնեանը, որոմք հիանալիօրէն ներկայացուցին Կոմիտասի ՙԿռունկ՚ը:

ջութակահարուհի Լիւսի Չամսարեան ու երգչուհի Դալար Սիմոնեան
ջութակահարուհի Լիւսի Չամսարեան ու երգչուհի Դալար Սիմոնեան

Հուսկ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հայաստանեան ՙՇանթ՚ հեռատեսիլի կայանին հետ Համօ Մոսկոֆեանի նշանաւոր հարցազրոյցին տեսաերիզը Հավրէզ իրաքեան Քիւրտիստանի հերոս, հրամանատար Մուրատ Վարդանեանի մասին ինչպէս նաեւ նոյնանման նիւթով իր դասախօսութեան  ՙՖյիւչըր TV՚ի նկարագրականը:

Ապա պատուանդանի մօտ հրաւիրուեցաւ միջազգային լրագրող ընկ. Համօ Մոսկոֆեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, ողջունեց պետական նախկին երեսփոխաններ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, տոքթ Նուրիճան Տէմիրճեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ՙԴիտակ՚ ամսագրի խմբագրապետ, աջակից տոքթ. Սէմ Ռագուպեանի ու բոլոր ներկաներուն: Օրուան դասախօսը ապա ներկայացուց իր բազմաթիւ ճանապարհորդութիւններուն ոդիսականը, կրօնափոխ համշէնահայերու ՙքրտացած՚ ու քրտախօս հայերու, իրաքեան Քիւրտիստանի ՙՏէ Ֆաքթօ՚ պետութեան, որպէս ապահով երկրորդ հայրենիք Իրաքի թէ Սուրիոյ հայերու 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած Վանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մեր ազգակից քոյրեր եւ եղբայրներուն:

Ընկ.  Համօ Մոսկոֆեան
Ընկ. Համօ Մոսկոֆեան

Ցուցադրական սահիկները կը ներկայացնէին համշէնահայերու հետ հանդիպումներ հարաւ-արեւելեան Ռուսիոյ Ֆրէցովքա գիւղին մէջ, Գերմանիոյ զազաներու եւ քզըլպաշներու Հայաստանի ՙզազա լեզու եւ մշակոյթ՚ համագումարին, իրաքեան Քիւրտոստանի Էրպիլ, Տհոք եւ Զախօ քաղաքներուն եւ Հավրէզի հերոս Մուրատ Վարդանեանի, պետական երեսփոխան Երուանդ Ամիրեանի, Վարդգէս Սարգիսեանի, ՙՂեւոնդ Երէց՚ ներ Տէր Առաքել Գասպարեանի, Տէր Մասիս Շահինեանի, փեշմերկայ պետական երեսփոխան Արամ Շահի Բակոյեանի եւ այլոց հետ:

Դասախօսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ արաբերէնով եւ հայերէնով տեսաերիզ, ուր Երուանդ Ամինեան, Սալեմ Թօմա Գոգօ, Տուայիտ Թայէպ խորհրդարանականները եւ իրաքեան Քիւրտիստանի փոխ նախագահ Յաֆա Էմինքի կը խօսին հայ Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման ու քննարկման մասին քիւրտ եւ հայ աւելի քան 40 խորհրդարանի անդամներուն կողմէ:

Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ զօր. Մուրատ Վարդանեանի խիզախ կոչով, դիմուած աշխարհի հայութեան:

Շնորհաւորելով կազմակերպիչներն ու դասախօսը ներկաները ակամայ հեռացան դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

Զարթօնք Ակումբ

‘I’d Never Felt So at Home,’ Kardashian Says about Armenia Trip

0

Reality star Kim Kardashian spoke about her and her family’s recent trip to Armenia as she appeared on the May 25 episode of “Live! With Kelly & Michael.”

The family was in Armenia, the Kardashians’ ancestral homeland, and Kim Kardashian says the visit had a profound effect on her.

“That’s my heritage,” she said. “My parents had never been, my grandparents had never been; they talked about it my entire life.”

“So the fact that we were able to go – and we brought our cousins and my daughter, and I was teaching her some Armenian words, eating all the Armenian food – it was… I’d never felt so at home.”

As for Kanye’s concert in Yerevan, she said it was a last minute decision and they were surprised to see more than 5,000 people gathered at the Swan Lake.

You may watch the related video by clicking the link below:

https://www.youtube.com/watch?v=_MJ90TEaxtg

 

«Ծագումով Հայեր»

0

Սոյն յօդուածը հրատարակուած է անցեալին (2008) մեր մամուլին մէջ, սակայն նկատի ունենալով անոր շահեկանութիւնն ու այժմէականութիւնը, զայն դարձեալ կը հրատարակենք այս անգամ մեր կայքին վրայ:

«Խմբ.»

[divide]

* ՅՈՎԵԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ*

Hovel 2013 (2)

Անցեալ Փետրուարի արեւոտ օր մը, Հայրենիքի Հ1 կայանէն երկու լրագրողներ զիս այցելեցին Փարիզ՝ եւ հարցազրոյց մը արձանագրեցին: Վերջերս, հետաքրքրութեամբ դիտեցի սալիկ մը որ ուղարկուած էր ինծի Հ1-էն, եւ կը պարունակէր անցեալ Յունիս ամսուն հեռասփռուած յայտագիրը: Հոս պէտք է ընդունիմ որ հեռատեսիլի, եւ ի միջայլոց Հայրենիքի հաղորդումներէ ընդհանրապէս անտեղեակ եմ:

Հաղորդումի «Ծագումով Հայեր» խորագիրը զարմանք պատճառեց ինծի: Արդեօք ե՞ս սխալմամբ ծագումով հայերու հաղորդումի մէջ ինկած էի, կամ թէ հաղորդումը տարօրինակ ձեւով անուանուած էր. որպէս թէ սփիւռքահայերը չըլլային բառին բուն իմաստով՝ ամբողջութեամբ հայեր, այլ՝ ըլլային նախ ուրիշ բան, ետքը՝ միայն ծագումով հայեր: Կուշտը անօթիին վիճակէն եւ հողին վրայ ապրողը՝ ղարիպին զգացումներէն չեն հասկնար: Հողէն զրկուողը որոշապէս աւելի կը կառչի ձեռքը մնացածին՝ անունին, լեզուին, մշակոյթին եւ ազգութեան:

Հարցազրոյցը յաջողապէս համակարգուած էր, այսուհանդերձ, անաւարտ մնացածի զգացումը կը թողէր: Արդարեւ, հարցազրոյցի ընթացքին կ’արտայայտուիմ «որպէս Հայ՝ ունեցած երկու մտահոգութիւններուս» մասին, կը ներկայացնեմ անոնցմէ առաջինը, եւ յանկարծ վերջ կը գտնէ հաղորդումը:
Ազգի եւ հայրենիքի բարգաւաճումը ինծի համար էութեան պատճառի համապատսախան նկատելուս, ներքեւ կը կրկնեմ երկու հարցերը:

Առաջինը, որ հաղորդուած էր, սփիւռքի գոյատեւումն է: Թէպէտ Միջին Արեւելքի մեր գաղութները դարերու պատմութիւն արձանագրած են, յանուն իրաւատեսութեան, պէտք է ընդունինք որ Քրիստոնէական մշակոյթի երկիրներու մէջ, շուտ կը շաղուինք… կը ձուլուինք: Այսօր ու՞ր են տասներորդ դարու Ղրիմի մէջ մեծամասնութիւն կազմող, կամ տասնեօթներորդ դարու Լեհաստանի երեք հարիւր հազար հոգի հաշուող գաղութները: Յիսուն տարի ետք ի՞նչ որակի սփիւռք պիտի ունենանք, եւ ան ի՞նչ մակարդակի նպաստ պիտի բերէ ազգին, մշակոյթին եւ Հայրենիքի բարգաւաճման:

Երկրորդ եւ չհաղորդուած մտահոգութիւնս, Հայրենիքի աւելի արագընթաց բարցաւաճման հարցն է: Վերջին տարիներու ակնյայտ տնտեսական յառաջխաղացքը կը բացառէ գաւառը, եւ մասամբ երեւութական է:

Դժբախտաբար՝ Համմըր կամ Մէրսէտէս ինքնաշարժերու բարձր համեմատութեամբ չ’որակուիր երկրի մը տնտեսութեան առողջութիւնը: Ճիշդ է որ միջազգային դրամատունը շատ բարձր կ’արժեւորէ անցեալ տարուայ Հայաստանի միջին եկամուտի արձանագրած 13 տոկոսի աճը, սակայն մենք պէտք չէ գոհանանք թիւով մը որ Ափրիկեան կամ Հարաւ-արեւելեան ենթազարգացած երկրի մը գոհունակութիւն կրնայ պատճառել: Մենք ունինք հազարաւոր տարիներու մշակոյթ, ունեցած ենք Սովետական շրջանին որոշ արդիւնաբերական ճարտարարուեստի փորձառութիւն, ունինք զարգացած ժողովուրդ, եւ բազմատեսակ փորձառութիւններով օժտուած Սփիւռքի նեցուկը: Մեր թիրախը, փոխան աճի տոկոսին, պէտք է ըլլայ բարձրացնել Հայաստանի միջին եկամուտի մակարդակը, ներկայի մօտ երեք հազար Եւրոյէն, առնուազն Եւրոպական Միութեան միջինին, որ 2007 թուականին քսան հազար Եւրօ էր:

Խնդիրը նախագահի մը, կամ կառավարութեան մը վրայ չի կայանար, այլ` ընդհանուր, Սովետական շրջանէն ժառանգուած տնտեսական դրութեան վրայ: Նոյնիսկ ամենապարկեշտ եւ անշահախնդիր նախագահ մը, առանց ուժեղ զօրաւիգի չի կրնար փոխել դրութիւնը: Առողջ պետութիւն մը հիմնուած կ’ըլլայ առողջ աշխատավարձ ստացող պետական պաշտօնեաներու, եւ իր կարգին հաշուեքննիչներու վրայ: Աշխատավարձեր, ֆինանսաւորուած տուրքերով: Տուրքեր՝ համեմատուած իւրաքանչիւրի եկամուտին. քիչ շահողէն ոչինչ, շատ շահողէն շատ:

Ներկայի դրութեամբ եւ աշխատավարձերով, բուժքոյր մը կամ ուսուցչուհի մը «կ’ապրի» շնորհիւ «նուէրներու» ստացուած քաղաքացիներէ. եւ դժուար է փոխել այսպիսի սովորութիւններ ու մտայնութիւններ: Քաղաքացին համոզել փոխելու սովորութիւնը, որ փոխան նուէրի, որու արդիւնքը անմիջական է, վճարէ տուրք. տուրք՝ կառավարութեան, որու պատկերը վստահութիւն չէ ներշնչած սերունդներէ ի վեր. դիւրին չէ, բայց ոչ անկարելի:
Այսպիսի զարգացում կարելի է ստանալ, սերունդի փոփոխութեամբ, առ նուազն երեսուն տարուայ ընթացքին, կամ պատրաստուած ծրագրով մը, հինգէն տասը տարուայ ընթացքին: Պէտք եղած յեղաշրջումը, կը կարօտի «Մարշալ ծրագրի» մը, արագընթաց եւ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու: Մեքանիզմի մը ամբողջական փոխարինումը ուրիշ տեսակի մեքանիզմով մը, կարելի չէ իրականացնել ընթացաբար, փոխարինելով կտորները մի առ մի, մինչ մեքենան ընթացքի մէջ է:

Զարգացման միջին եզրի արդիւնքները պիտի ըլլան վստահութեան հաստատում՝ ներքին եւ արտաքին, ներդրումներու յաւելում, անգործութեան նուազում՝ մինչեւ չգոյութիւն, աշխատավարձերու յաւելում, եւ հայրենադարձ՝ սփիւռքահայերու որոշ հատուածի մը: Ո՛չ, այս ցնորք չէ, ո՛չ ալ երեւակայական: Ֆրանսայի, Քանատայի, Հոնք Քոնկի եւ Չինաստանի մէջ հիմնարկներ հաստատելէ, եւ Հայրենիքի տնտեսական մթնոլորտի ու աշխատաւորներու հետ շփումէ ետք, քաջատեղեակ եմ մեր կարողական վիճակէն. բաղդատութեան եզր չկայ Հայրենի, եւ Հարաւ-արեւելեան երկիրներու արհեստավարժ աշխատաւորներու հմտութեան որակի, հասկացողութեան եւ յարմարացումի կարողութիւններուն միջեւ:

Այսպիսի բաղձալի կառոյցի մը համար, սփիւռքի մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է: Նախ՝ հարուստ իր արեւմտեան տնտեսութիւններու կառավարական պաշտօններու, կամ սեփական արդիւնաբերութիւններու փորձառութիւններով, բարեփոխութեան ծրագրի մշակման իր մասնակցութիւնը բերելով. ետքը, ծրագրի առաջին փուլի ֆինանսաւորման բաժնեկցելով. եւ ի վերջոյ, զօրաւիգ կանգնելով տեղւոյն իշխանութեանց, որոնք ի գործ պիտի դնեն զայն. այս ունենալով նպատակակէտ, վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին, եւ «համոզել» ներկայի տնտեսական համակարգին կարեւոր դերակատարները, ընդունիլ ըլալիք բարեփոխութիւնները: Բնականաբար ծրագիրը ի գործ պէտք է դրուի տեղւոյն քաղաքագէտներու ղեկավարութեամբ:

Հ1-ի հաղորդումը վստահաբար ժամանակի սահմանափակման պատճառաւ «խուզած» էր վերոյիշեալ մտահոգութիւններէս երկրորդը. մտահոգութիւններ, որոնց ուղղութեամբ յուսով եմ որ Սփիւռքը ի վերջոյ պիտի զգաստանայ, եւ կառուցաւորուի, իր պատասխանատուութիւնը վերցնելու համար: Վերցնելու պատասխանատուութիւնը, որ առ նուազն մենք ալ երկու սերունդ ետք չդառնանք ծագումով հայեր:

Փարիզ

Սեղմել Հետեւեալ Կապին Վրայ Դիտելու առնչուած տեսաերիզ մը՝

Հայ Ժողովուրդի Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին

0

*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*

70 տարի անցաւ այն օրէն, երբ խաղաղութեան թշնամի նացիական Գերմանիան, ի շարս այլ երկիրներու յարձակում գործեց նաեւ Խորհրդային միութեան վրայ եւ խորհրդային միւս ժողովուրդներու շարքին մեր ժողովուրդն ալ ներքաշեց Երկրորդ համաշխարհային աւերիչ պատերազմին մէջ բայց ձախողեցաւ:

Սակայն խորհրդային ժողովուրդը փայլուն քննութիւն մը տուաւ եւ անոր զինուած ուժերը պատմական-համաշխարհային յաղթանակ մը կերտեցին Ֆաշիզմի դէմ: Այդ պատերազմին մէջ բոլոր հակա-ֆաշիստ ժողովուրդները ուս-ուսի տուած` ոչ միայն պաշտպանեցին իրենց հայրենիքներուն պատիւն ու անկախութիւնը, այլեւ ամբողջ մարդկութիւնը փրկեցին ֆաշիստական ստրկութենէն, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն շնորհեցին ողջ աշխարհին:

Այս պատերազմին գործօն մասնակցութիւն բերաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար հայրենի մեր եղբայրներն ու քոյրերը: Մեր փոքրիկ Հայրենիքը հաստատապէս իր մարտական արժանի տեղը գրաւեց ընդհանուր պայքարին մէջ:

ՙՀայ ժողովուրդը առաւել ու խորապէս զգաց մեր երկրին վրայ կախուած մահացու վտանգը, այն պատճառով, որ ան իր բազմադարեան պատմութեան մէջ քանիցս ենթարկուած է օտար բռնակալներու յարձակումներուն: Ան գիտէ, թէ ի՞նչ բան են կոտորածը, աւերը, սովը, բռնատիրութիւնները: Հայ ժողովուրդը չէ մոռցած հայերու ֆիզիքական ոչնչացումը, որ կազմակերպուած էր արիւնառուշտ Հիթլերի նախորդը` Վիլհեմ կայսրը` Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն…՚ գրած է ՙՓրաւտա՚ն իր 1941 Օգոստոսի 25ի թիւին մէջ:

Պատերազմի առաջին օրերէն, հայրենի ժողովուրդը ՙԱմէն բան յաղթանակի համար՚ նշանաբանով ձեռնամուխ եղաւ պայքարի, իր մարդկային ուժերով ու նիւթական եւ թեքնիքական միջոցներով:

Թշնամին վիթխարի կորուստներ ունենալով հանդերձ, կատաղութեամբ կը յարձակէր Կովկասի եւ Ատալինկրատի վրայ: Ահա այդ օրերուն ստեղծուեցան ազգային զօրամասեր, որոնց կարգին` հայկական զօրախումբեր:

Այդ օրերուն հայրենի երկրին մէջ սկսան գործել երեսուն նոր գործարաններ եւ 110 արդիւնաբերական կեդրոններ: 1943 թուականին զգալիօրէն սկսաւ աճիլ Հայաստանի ռազմական արտադրութեան տեսակարար կշիռը, որ ռազմաճակատին փոխանցեց մեծ քանակութեամբ տեսակաւոր առարկաներ:

1943 թուականին նոր հիմնադրուած հայկական գիտութեանց կաճառին գիտնականները` մեծ նուաճումներով իրենց կարելին չզլացան այս յաղթանակին իրագործման համար:

Հայրենի ժողովուրդը չսահմանափակեց իր աշխատանքը միայն թիկունքային աշխատանքով, այլ մասնակցեցաւ կռիւներուն ռազմաճակատի ամենատաք կէտերուն վրայ: Պատերազմի սկիզբէն իսկ խիզախ անուն վաստակեցան, թշնամիին առաջին հարուածները իրենց վրայ ընդունած, արեւմտեան սահմաններու վրայ կռուող բազմաթիւ ռազմիկներ ու հրամանատարներ, գնդապետ Աշոտ Սարգսեանը զօրավար Ալավերտեանը, Խորհրդային միութեան կրկնակի հերոս, ֆաշիստական Գերմանիոյ ՙսարսափ՚ը նկատուող օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը, հեծելագունդի հրամանատար Մուշեղ Կարապետեանը, ՙՊրեստի՚ ամրոցին անօրինակ հերոսական պաշտպանութեան մասնակիցներ Սամուէլ Մատթէոսեանը, Վահան Գրիգորեանը եւ ուրիշներ:

Հայ ժողովուրդի անվեհեր զաւակներուն մասնակցութիւնը ճակատամարտերու ընթացքին աւելի ցայտուն կերպով դրսեւորուեց’աւ, երբ 1942ի Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն ռազմաճակատ մեկնեցան հայկական 89րդ, ապա 408րդ զօրախումբերը: 1943ին Կովկասի ազատագրութեան ճակատամարտերուն, յատկապէս աչքի ինկաւ 89րդ հրաձգային հայկական զօրախումբը` զօրավար Նուէր Սաֆարեանի հրամանատարութեամբ: Այս զօրախումբը որ կը կոչուէր նաեւ ՙԹամամեան Զօրախումբ՚ իր մարտական գործողութիւնները աւարտեց Էլպա գետի ափին: Այս զօրախումբը արժանացաւ երեք շքանշաններու, եւ այս զօրախումբի ռազմիկներէն 7333ը պարգեւատրուեցան շքանշաններով, 9 հոգի արժանացան խորհրդային միութեան հերոսի կոչումին:

Մեծ թիւով ռազմիկներ մասնակցեցան Պերլինի գրաւումին, տարբեր միաւորումներու մէջ: Այդ մարտերու ընթացքին աչքի զարկին հրամանատարներ, Խորհրդային միութեան հերոսներ, Բաբաջանեանը, Գասպարեանը եւ ուրիշներ:

Վերոյիշեալ հերոսներու կողքին կարելի չէ մոռնալ անունները Խորհրդային միութեան մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի, ռազմա-ծովային ուժերու ծովակալ Իսակովին, օդային ուժերու մարաջախտ Արմենակ Խանփերեանին, ինչպէս նաեւ Չեխոսլովաքիոյ ազատագրիչին` Սարգիս Մարտիրոսեանին, եւ անշուշտ կան բազմաթիւ ուրիշներ:

Ճափոնական ռազմամոլներու ջախջախման մասնակցեցան հրամանատարներ Բարսեղովը, զօրավար Չայլախեանը եւ ուրիշներ:

Ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ մղուած պայքարին մէջ անմասն չմնաց նաեւ սփիւռքահայութիւնը: Ան հայրենասիրաբար միջոցներ գտաւ ՙՍասունցի Դաւիթ՚ եւ ՙԲաղրամեան՚ հրասայլային շարասիւններ կառուցելու համար:

Սփիւռքի հայերէն շատեր զէնքը ձեռքին կռուեցան դաշնակիցներու բանակներուն (ամերիկեան եւ ֆրանսական) մէջ:

Այսպէս, համաշխարհային Բ. Պատերազմին պատիւով կատարելով իր պարտքը, հայ ժողովուրդը խորհրդային բանակի շարքերուն մէջ ունեցաւ վաթսուն զօրավարներ, իսկ խորհրդային միութեան հերոսի կոչման արժանացան հարիւր ռազմիկներ:

Մայիսի 28-ի խորհուրդը

0

Սուրեն Թ. Սարգսյան,

ԳԱԱ ՊԻ առաջատար գիտաշխատող

Մեծ տառապանքների, բազմաթիվ փորձությունների, մաքառումների ու հերոսական պայքարի շնորհիվ երկարդարյա ընդմիջումից հետո հայ ժողովուրդը 1918 թ. մայիսի 28-ին նվաճեց իր անկախությունը: Ծնվեց Հայաստանի Հանրապետությունը, որը հայ ժողովրդի դարավոր պայքարի պսակն էր` ամենամեծ վերափոխությունը, որ նոր ժամանակներում կատարվեց հայ ժողովրդի հոգում և գիտակցության մեջ: Միանգամայն իրավացի էր  ՀՀ առաջին վարչապետ Հովհ. Քաջազնունին, երբ ասում էր, որ մայիսի 28–ը մեր պատմության ամենամեծ տոնն է և հեռու չէ այն օրը, երբ մայիսի 28–ը կտոնվի իբրև համազգային անհերքելի ամենամեծ տոն, և ամեն հայ երկյուղածորեն պետք է խոնարհվի այդ տոնի առջև: Տոն, որը մեծ խորհուրդ ունի, իմաստ և արժանի ամենայն ուշադրության:

Իսկապես, ո՞րն է այդ օրվա խորհուրդը: Իմ խորին համոզմամբ նախ այն, որ մինչ այդ որպես հպատակ, ենթակա, նվաճյալ ու ռայա գոյատևող հայը այդ օրը հռչակվեց քաղաքացի, իր երկրի տեր ու կառուցող, արարող ու սեփական ճակատագիրը կերտող: Իսկ ազատ երկրի ազատ քաղաքացի դառնալու ճանապարհը երկար է եղել, բարդ ու խոչնդոտներով լի: Դժվարություններ, որոնք հայ ժողովուրդը հաղթահարել ու հաղթահարում է մինչև այսօր: Պատմության տարբեր կեռմաններում կործանման եզրին հասած, օրհասական պահերին միշտ հայ ժողովուրդը կարողացել է համախմբվել, միակամվել և անհնարին հաղթանակներ կռել: Այդպես եղավ նաև 1918 թ. մայիսին, երբ ցեղասպանված, հայրենազրկված ու բոլորի կողմից մոռացված հայությունն ի փոքրաթիվ քաջորդիներով խիստ անհավասար պայմաններում կարողացավ միմյանց հետևից հաղթանակներ տանել: Հայության հավաքական կամքն իսկապես հրաշքներ գործեց այդ օրերին, և մենք հիմնավոր հպարտությամբ ու երախտագիտությամբ ենք դա ասում, քանի որ մայիսյան ճակատամարտերի հերոսների կյանքով ու արյունով Հայաստանը փրկագնվեց մահվան ճիրաններից: Հայության բոլոր հատվածներն ու ժողովրդի բոլոր խավերը պատվով բռնեցին ճակատագրական քննությունը: Եվ դա կատարվեց մի այնպիսի պատմական պահի, երբ շատերն աշխարհում բարձրաձայն կամ իրենց մտքի մեջ արդեն խաչ էին քաշել Հայաստան երկրի և հայության վրա:

Մյուս խորհուրդը, որ կարծում եմ պակաս կարևոր չէ, այն հեղաբեկումն էր, որ տեղի ունեցավ հայ ժողովրդի հոգեբանության մեջ: Մինչ այդ եվրոպաներին ու այլ հզորների ապավինող, նրանց կողմից կառավարվելու և իշխվելու պատրաստ հայը վերափոխվեց, իրեն զգաց իր երկրի ու ապագայի տերը, բանակ ստեղծեց, խորհրդարան, կառավարություն, համալսարան հիմնեց ու իր դիվանագիտությունը: Դարձավ համայն հայության փարոսն ու պահանջատերը, իղձերի ու երազանքների մարմնացումը: Սկսեց ինքնուրույն մտածել, չվախենալ մյուսներից, պահանջել իր հասանելիքները, հոգով լինել անկախ ուազատ:

Կարևոր էր նաև այն, որ աշխարհն ու մարդկային ցեղը սկսեցին ճանաչել հային ու նրա պետականությունը, վերաբերվել նրան ոչ թե կրոնալեզվական ինչ-որ հանրույթի, այլ ձևավորված, ինքնակառավարվելու հասունությունն ունեցող ժողովրդի, ազգի: Ու թեև դժկամությամբ սկսեց բացել շատ պատվարժան կառույցների դռներ ու ներս թողնել հային, դիվանագիտական հարաբերություններ հաստատել, բանակցել և, նույնիսկ, խորհրդակցել կարևոր հարցերի շուրջ:

Շատ կարևոր մի խորհուրդ էլ կա: Թեև մայիսի 28-ով ծնված երեխան` ՀՀ Առաջինը կարճ կյանք ունեցավ, սակայն կարողացավ իր գոյության երկուսուկես տարվա ընթացքում այնքան հասունանալ, որ դարձավ դպրոց, փորձի շտեմարան ու օրինակ ՀՀ Երկրորդ ու Երրորդ հանրապետությունների համար: Կարողացավ ապահովել մեր անկախության, սեփական պետությունն ունենալու և ճակատագիրը կերտելու շարունակականությունը, կամ այլ խոսքով` հաստ, աներեր ու հստակ գծելու մեր հավերժ գոյատևման ու մշտապես դեպի վեր, դեպի նոր հաղթանակներ տանող ուղեգիծը:

Ի վերջո` 1918 թ. մայիսի 28-ի անկախության խորհուրդը 1991թ. սեպտեմբերի 21-ի մեջ է, մեր նորօրյա հաղթանակների ու նվաճումների մեջ է: Կարծում եմ, որ ոչ ոք չի կասկածում, որ Եղեռնից հետո Սարդարապատ երկնած ժողովուրդն անպայման պիտի իր պատմական ներդրումն ունենար Հայրենական մեծ պատերազմում խորհրդային ժողովրդի տարած հաղթանակի մեջ, ձգտեր անկախության եւ իր պատմական տարածքների ազատագրում ունենար, ունենար Շուշիի ազատագրում, հաղթանակի ու խաղաղության տոն եւ ազատ, անկախ Արցախ:

Շնորհավորելով աշխարհասփյուռ ողջ հայությանն այս պատմական և մեծախորհուրդ տոնի առիթով, ցանկանում եմ ընդգծել, որ դժվարություններն անցողիկ են, որ ավելի անելանելի իրավիճակներում ենք եղել ու պատվով ենք դուրս եկել, սա էլ կհաղթահարենք: Որպես կանոն, հայ ժողովուրդը միակամվել է օրհասական պահերին ու միշտ հաղթել, արդյո±ք ժամանակը չէ, որ միակամվենք, համախմբվենք ու բռունցքվենք նաև հիմա, այս <<շարքային>> իրավիճակում, հաղթահարենք սոցիալական և այլ բնույթի մերօրյա դժվարությունները, կանգնեցնենք արտագաղթը: Վերջապես գործով ապացուցենք, որ թանկ են մեզ համար մայիսն ու անկախությունը, անփոխարինելի` ապագայի նկատմամբ մեր հավատը: Այն հավատը, որի ուժով ծնվեց Մայիսի 28-ը ու մյուս բոլոր եղած ու հաստատ լինելիք հաղթական մայիսները:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գիտաժողով Նոր Ջուղայի Մէջ

0

Սպահանի հայոց թեմի (Իրան) Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի Համալսարանական ենթայանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հինգշաբթի՝ 2015 թուականի Մայիս 21-ին, Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն, պատմութիւն, դատապարտում եւ փոխհատուցում» խորագիրով: Գիտաժողովին որպէս ունկնդիրներ ներկայ էինª Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը, թեմի հոգեւորականաց դասը, Իրանի Իսլ. Խորհրդարանին մէջ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը, Սպահան քաղաքի հինգերորդ շրջանի քաղաքապետ ճարտ. Ասարզադեգանը, Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ հայոց ազգ. դպրոցներու ներկայացուցիչները եւ տարբեր համալսարններու հայ ու պարսիկ դասախօսներ եւ ուսանողներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք» օրաթերթը:

Ծրագրի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 10-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի խօսքը ընթերցեց դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեանը, որմէ ետք Սպահանի հայոց թեմի Հայոց Ցեղսապանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի անունէն արտայայտուեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Նոէլ Մինասեանը£ Պրն. Մինասեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց Ցեղսապանութեան մարդկային կորուստներուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին պատճառած նիւթաբարոյական ահռելի վնասներուն եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանի պատգամին, աւելացուց. «Այս գիտաժողովի կազմակերպման նպատակն էª տարբեր երկրների  մտաւորականների եւ դասախօսների գիտութեան եւ փորձի փոխանակման միջոցով կատարել փոքր բայց հաստատուն քայլեր գիտական հետազօտութիւնների համար, օգտւելով ժամանակակից մեթոտները՝ ախտորոշում, յանցագործութիւնների պատճառների քննարկումկանխարգելում եւ որ ամենակարեւորը  դատապարտումն է»:

Որպէս զեկուցաբեր սոյն գիտաժողովին  ելոյթ ունեցան ազգութեամբ պարսիկ, հայ եւ թուրք 10 մտաւորականներ Իրանէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն: