Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ 64 Քրիստոնեայ Երեսփոխաններ

0

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Բոլորիս ծանօթ հոգեպարար պատմութիւն մըն է Ֆաթիմայի Սուրբ Աստուածածնի երեւումը Առաջին Աշխարհամարտի վերջին տարիներուն: Պատմութիւնը կ’ըսէ, թէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Փորթուկալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ երեւցած է երեք անմեղ փոքրիկներու, անոնց երկնային երեք գաղտնիքներ փոխանցելով, որուն որպէս արդիւնք շատեր  Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը կը վերագրեն այս երեւումին եւ երեք անմեղ փոքրիկներուն աղօթքներուն:

Քանի մը օրեր առաջ Լիբանան բախտը ունեցաւ հիւրընկալելու Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյսի արձանը, որ առիթ մը հանդիսացաւ բարեպաշտ ժողովուրդին իր հաւատքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու, այցելելով այն բոլոր կրօնական վայրերը (ներառեալ Զմմառ), ուր շրջագայեցաւ արձանը:

Այցելութեան վերջին հանգրուանը Լիբանանի խորհրդարանն էր: Հաւատացեալ ամբոխը` կազմակերպիչներով միասին Սուրբ Աստուածածնի արձանով մուտք գործեց Լիբանանի խորհրդարան աղօթելով, որ Սուրբի մուտքը Լիբանանին նոր նախագահ մը պարգեւէ:

Յարգելով բարեպաշտներու անկեղծ հաւատքը, մեզ կը մնայ հարց տալ, թէ որքանո՞վ ճիշդ է իր ամենատագնապալի օրերը ապրող տարածաշրջանին մէջ տակաւին կրօնքը խառնել պետութեան գործերուն: Ինչպէ՞ս կրնայ ընկալուիլ այս երեւոյթը այլակրօն լիբանանցի մեր միւս եղբայրակիցներուն կողմէ: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ քրիստոնեայ համայնքին կեցուածքը` եթէ նոյն պետական հաստատութեան շէնքէն ներս ուրիշ առիթով կատարուի ոչ քրիստոնեայ կրօնական ծէս եւ պաշտամունք:

Արդեօք աւելի իրապաշտ, գործնական, քրիսոնէավայել եւ ի շահ քրիտոնեաներուն պիտի չըլլա՞ր, փոխանակ այս կրօնական ցուցական երեւոյթին, Լիբանանի 64 քրիստոնեայ երեսփոխանները (որոնց շարքին վեցը Հայ) պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, խղճմտօրէն եւ ոմանց պարագային առանց ենթակայ ըլլալու իրենց աշխարհական տիրոջ անձնական քմահաճոյքին, անյապաղ ուղղուէին խորհրդարան` ամբողջ տարածաշրջանին միակ ամենաբարձր պատասխանատու քրիստոնեայ դիրքը հանդիսացող նախագահի ընտրութիւն կատարելու՝ վերջ տալով երկիրը անգլուխ պահելու վտանգաւոր երեւոյթին եւ Սուրբ Աստուածածինը հեռու պահելով նման քաղաքական ողբերգակատակերգութենէ:

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 100-Ամեակի Մանկապարտէզի Հունձք

0

          Յունիս տասնչորսի առաւօտեան ՀԲԸՄ Պ.Գ. Կարմիրեան վարժարանի բազմամարդ մուտքն ու նախասրահը յագեցած էին  տօնական տրամադրութեամբ: Մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը կ’ազդարարէր 2014 – 2015 ուսումնական տարուան բարեյաջող աւարտը, յաջորդելով օրեր առաջ վերջ գտած պրէօվէ դասարանի պետական քննութիւններուն, մինչ միւս` նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն համար քննական շրջանը աւարտական հանգրուան կը թեւակոխէ:

            Օրը տօնական էր անխտիր բոլորին` ղեկավարութեան, թէ ուսուցչական կազմին, ծնողներուն թէ շրջանաւարտ փոքրիկներուն համար: Ծաղիկ դասարանցիներուն խմբակը մկրտուած էր «Հարիւր ամեակի հունձք» անուամբ, իսկ բեմն ու սրահը ներկաները կը պարուրէին  մանուշակագոյնի ու ճերմակի երանգներով…: Հանդէսը որոշեալ ժամուն մեկնարկեց արդար պահանջի ու ծլարձակման խորհրդանիշ գոյներուն սփռած տրամադրութեամբ:

            Բացուող վարագոյրին հետ բեմահարթակ բարձրացան ազգային տարազով չորս «Ծաղիկներ», որոնց շուրթերով հանդիսատեսին մայրենի լեզուին կարկաչը հասաւ…:

            Ծիլ-բողբոջ-կոկոն-ծաղիկ միացեալ երգչախումբը /երգի դասատու` Նորա Եղիայեան/ ներկաներուն եռալեզու երգերու հրաշալի փունջ մը մատուցեց` «Խնջոյքի երգ», «Երիտասարդական քայլերգ» եւ այլն:

            Արարատի հովանիէն հեռու հասակ առնող այս սերունդը «Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ»  կ’երգէ, իսկ հայ երգը, ինչպէս գիտենք, հմայիլի ուժ ունի: ՀԲԸՄ վարժարաններու ղեկավարութիւնը իր սաները գիտէ զինել ազգային պատկանելութեան գիտակցութեամբ:

            Ահա այս միտքն էր, որ  իր կուռ խօսքով արտայայտեց նաեւ Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան:

            Փոքրիկները «Հայկական հարսանիք» ներկայացուցին: Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան կշռոյթին թելադրանքով  հարսանեկան սեղան պատրաստեցին, չմոռնալով սեղանի զարդ աւանդական ղափաման, «հարսն ու փեսան» իրենց գահաւորակներուն վրայ բազմեցուցին, ապա ծափեր խլող գեղեցիկ պարեր ցուցադրեցին /պարուսոյց Վարիա Ճունթոյեան/:

            «Հայորդի եմ», «Իմ հայ լեզու», «Հայրենիք», «Հայաստան», «Ես զաւակն եմ պապերուս», «Արեւի երկիր» երգ, պար ու խօսքով, մեր երեխաները բերկրանքով լեցուցին իրենց ծնողներուն սրտերը: Զարմանալի ճկունութեամբ հնչեցին նաեւ արաբերէնն ու անգլերէնը, որոնք հայերէնի կողքին իրենց կարեւոր դերը պիտի կատարեն մեր փոքրիկներուն ապագայ կեանքին մէջ:

            Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ. Մ. Պալեօզեանին վստահութիւն ներշնչող խօսքը կրկին անգամ հաւաստեց ՀԲԸՄ վարժարաններուն որդեգրած ազգային անշեղ ուղին: Անոր խօսքը հնչեց քառասնամեայ Կարմիրեանի տոկունութեամբ ու գալիք օրերու նկատմամբ արդար լաւատեսութեամբ:

            Ապագայ առաջին դասարանցիներուն մանկապարտէզի աւարտական  վկայականները բաշխուեցան Լիբանանի մէջ ՀՀ հիւպատոս Տիար Աշոտ Վարդանեանի, ՀԲԸՄ կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի, ՀԲԸՄ Լիբանանին վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի եւ Կարմիրեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի կողմէ:

            Այս ուրախառիթ հանդիսութեան աւարտին, դպրոցի շրջափակին մէջ բոլորին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ տօնական կարկանդակի հատումը: Ժպիտներ, ուրախութեան արցունքներ, լուսանկարներ… Գեղեցիկ յիշատակներ, որոնց հենքին վրայ մեր նորագոյն սերունդը պիտի շարունակէ իր ճամբան, իր վերելքը…:

Untitled3

Untitled4

Untitled2

HMADS Nursery and Kindergarten Spectacular Graduation

0

Miss Katherine -HMADS Kindergarten Teacher

On Friday, June 12th, 2015 all of the hard work came together beautifully for the Nursery and Kindergarten Graduation. This was my first year as the Kindergarten teacher at HMADS and a teacher of a graduating class. I have never been apart of a graduation with such joy, love, and excitement as this one at HMADS. All of the students worked extremely hard throughout the year and now it was their time to shine. The students loved learning the songs and dances that they would even sing them in the classroom and at home to their friends and family members.

A quote from the audience Mrs. Doris Mazello: “The children performed to perfection their songs, poems, and dances; embracing their Armenian heritage, and displaying their bilingual skills in an atmosphere filled with warmth and love. Surely, not the usual Nursery Kindergarten performance indeed!” That couldn’t have been written more perfect. The students embraced their culture through their performances and are growing into model students.

Working collaboratively with Mrs. Ethel, Mrs. Socy, Mrs. Mark, Mrs. Ani, Miss Tracey, and Mrs. Crissy, the students learned how to put on a wonderful show while displaying their Armenian heritage. It has been a fantastic school year filled with growth and knowledge. I could not have asked for a better school year with such dedicated teachers and hard working students.

Below is a short article by Mr. Robert Karapetian in Armenian and beautiful photos about HMADS N-Pre-K and K graduation held on Friday, June 12, 2015, at Kalustyan Hall.

ՍՆԱՎ-ի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:

Նիւ-Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանում – ՍՆԱՎ –

Հնչել է Ա.Մ.Ն.-ի և ՀՀ-ի Օրհներգերը՝ Բողբոջ, Կոկոն եւ

Ծաղիկ դասարանի Աշակերտների Շրթներից

Յունիսի 12-ին, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ազգային վարժարանում տեղի ունեցաւ ՝ Բողբոջ, Կոկոն և Մանկապատէզի՝ թիւով 36 երեխաների այս տարուայ աւարտական հանդէսը։

Բացման աղօթքը կատարեց, ցերեկոյթի պատուաւոր հիւր, Նիւ Եորքի Սբ․Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցու հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը։ Դրօշների ներս բերման արարողութիւնից յետոյ հնչեցին ԱՄՆ ի և Հ. Հ. օրհներգերը։Յայտագրում տեղ էին գտել մանկական խմբերգեր, հայկական պարեր և արտասանութիւններ։ Դպրոցի տնօրինութեան և ծնողների կողմից բարձր գնահատականի արժանացան վարժարանի մանկավարժները, որոնք ջանասիրութեամբ աշխատանք են տանում նախադպրոցական տարիքի երեխաների հետ։ Երեխաներին յանձնեցին նաև այս տարուայ աւարտական վկայականներ։

– «Մեր մաղթանքն է, որ բոլոր հայ երիտասարդ ծնողները արթնանան, գիտակցեն և իրենց զաւակները բերեն հայ դպրոց՝ հայեցի կրթութիւն ստանալու։ Կը մաղթեմ որ աւելի աշակերտութիւն ունենանք»– ասաց վարժարանի տնօրէնուհի՝ Զարմինէ Պօղոսեանը։ Ցերեկոյթը աւարտուեց ծնողների կողմից պատրաստուած կարկանդակով, որը նուիրուած էր օրուայ միջոցառմանը։

Ցերեկոյթը աւարտուեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցու հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Աբրահամ քհնյ. Մալխասեանի մաղթանքներով։

Untitled2

untitled4

Untitled5

Untitled1

61 ԾԱՂԻԿՆԵՐ ՈՐՊԷՍ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՎԿԱՅՈՒԵՑԱՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ

0

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ծաղիկ եւ կոկոն դասարաններու ամավերջի հանդէսը եւ աւարտականներու վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Մարիա Պալատի, Լորի Նիկոլեան եւ Լորի Այնէճեան: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք հանդէսի մասնակից աշակերտները կատարեցին երկու խմբերգներ, հինգ պարեր՝ հայկական, արաբական եւ եւրոպական, նուագ՝ խմբային մասնակցութեամբ եւ “Հայաստանը մեր երկիրն է” թատերական պատկերը:

Մեսրոպեան մանկապարտէզի պատասխանատու Մարիա Պէօճեքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ փոքրերը մանկապարտէզին մէջ ձեռք կը բերեն տարբեր գիտելիքներ եւ ընկերային հաղորդակցութեան կանոններ, դառնալու համար նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր: Ան մաղթեց, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները 12 տարի ետք միեւնոյն բեմէն կը ստանան աւարտականի վկայականները: Խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 61 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները, Մեսրոպեան մանկապարտէզի աշակերտներու կրթութեան եւ դաստաիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Կ. Գալուստ ըսաւ, որ առընչակից բոլոր կողմերու հետ գործակցաբար, տնօրէնութիւնը ամէն ինչ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել՝ աւելի բարձրացնելու համար վարժարանին ընդհանուր մակարդակը, դիտել տալով, որ այդ հեռանկարին մէջ իր առանցքային նշանակութիւնը ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ կրթութեան «հիմնաքարը»` մանկապարտէզը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

unt1

Untitled2

Untitled3

Untitled6

Untitled7

Untitled5

Untitled8

Ոչ Եւս է Ընկեր Նորայր Տէօվլէթեան – Ցաւակցագիր Տէօվլէթեան Ընտանիքին

0

Ազնուափայլ ընկերուհի Արաքսի Տէօվլէթեան

Սիրելի Կասիա, Մարալ եւ Կարինէ

Վշտակիր անդամներ Տէօվլէթեան ընտանիքի

Թանկագին հարազատներ,

Սրտի խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի կողակիցին, հօր եւ հարազատին՝ մեր սիրելի ընկեր Նորայրին մահուան գոյժը:

Ընկեր Նորայրը մեզի ծանօթ է, որպէս օրինակելի կուսակցական եւ ազնուական Հայ Մարդ: Այն տարիներ շարունակ իր ազգին ու Հայրենիքին ծառայած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԲԸՄիութեան եւ շարք մը թեմական եւ ազգային հաստատութիւններու միջոցաւ:

Ընկեր Նորայրի վատակը մեծ է Եգիպտահայ գաղութի կազմակերպման եւ բարօրութեան մէջ: Ան իր երկարամեայ գործոն ծառայութինով փաստած է իր իսկական հայրենասիրութինը, կուսակցանուիրութիւնը եւ ղեկավար մարդու արժանիքները: Որպէս պատուոյ անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան մինչեւ իր վերջին շունջը ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւած է կուսակցական եւ ազգային գործերուն: Ընկեր Նորայր իր կողակիցին հետ հասցուցած է երեք աննման եւ կուսակցանուէր դուստրեր, որոնք պատիւ կը բերեն իրենց գաղութին եւ աշխարհասփիւռ մեր անդամակցութեան:

Նման նուիրեալ գաղափարի ընկերներուն  օրինակը սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝ անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան։

Հոգեհարազատ սիրելիներ,

Այս տխուր առիթով, Ձեր գաղափարակից ընկերները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանս  մէջ, մեր աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք Ձեր բոլորին:

Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ մեր սիրեցեալ ընկեր Նորայրին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

«Սփիւռքահայ Տեղեկատուութեան Դաշտը Անցումային Հանգրուանին Տպագիրէն Թուայնացում՚»

0

Հովանաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Կազմակերպութեամբ ՙՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ՚ի երէկ` 17 Յունիս 2015ին Թէքէեան Կեդրոնի ՙԳերսամ Ահարոնեան՚ հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կլոր Սեղանի շուրջ հանդիպում մը՝ ՙՍփիւռքահայ Տեղեկատուութեան Դաշտը Անցումային Հանգրուանին Տպագիրէն Թուայնացում՚ խորագրով:

Կլոր սեղանի դասախօս մասնակիցներն էին Դոկտ. Արա Սանճեան` Միչիկըն Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնի Վարիչ, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան` Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Տնօրէն, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` Արաբական Ծոցի Աստուածաշնչական Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Տիկ. Անիթա Լիպեար, Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վարիչ Տնօրէնուհի, Պրն. Շահան Գանտահարեան` ՙԱզդակ՚ օրաթերթի Տնօրէն եւ Գլխաւոր Խմբագիր ու Պրն. Շիրազ Ճէրէճեան` Մուսթաքպալ հեռատեսիլի եւ ՙՌատիօ Սեւան՚ի լրագրող եւ հաղորդավար ինչպէս նաեւ Պէյրութի ՙԱրարատ՚ օրաթերթի քաղաքական էջի խմբագիր: Կլոր սեղանը վարեց` ՙՌԱԿ Մամուլ՚ի եւ ՙԶարթօնք՚ Օրաթերթի գլխաւոր Խմբագիր` ընկ. Սեւակ Յակոբեան:

_MG_7787

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ընկ. Սեւակ Յակոբեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելով եկեղեցական, դիւանագիտական, կուսակցական, միութենական կազմակերպութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն, դասախօս-մասնակիցներուն եւ հանդիսականներուն:

_MG_7774

Նախքան դասախօսներու ելոյթ ունենալը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան տեսաերիզի ճամբով իր գնահատական ու զօրակցական ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, կարեւորութեամբ շեշտելով տեղեկատուական տպագիր եւ թուայնացած տարբերակները: Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան դասախօսները, ամէն մէկը իր մասնագիտութեամբ եւ հայեցակէտով ներկայացնելով արդի արհեստագիտութեան դրական եւ ժխտական կէտերը:

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցումները ուղղելու բանախօսներուն:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

 

Շնորհաւորագիր Արցախի ՌԱԿ-ին

0

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնս, իր շրջանակի անունով կուգայ շնորհաւորելու Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնաւորումը, իր նորաստեղծ կեդրոնով եւ ստորաբաժանմունքներով:

14 Յունիսի 2015-ին կայացած համագումարին մէջ վաւերացուած են ՌԱԿուսակցութեան տեղական կանոնագիրն ու ծրագիրները, կուսակցութեան շրջանակի ատենապետ ընտրելով՝ ընկեր Բարդուխ Գալստեանը:

Շրջանակիս սրտաբուխ շնորհաւորութիւնները կ՝ուղղուին նախ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, իր անբասիր, յարատեւ եւ  ազգային ոգիով տոգորուած տածած անխոնջ աշխատանքներուն համար, որոնք արդիւնաւորուեցան բացառիկ յաջողութեամբ, Արցախի մէջ հիմնաւորելով ՌԱԿուսակցութիւնը:

Մեր շնորհաւորութիւնները կ՝ուղղուին  եւս՝ Մեր Հայրենիք Արցախի, Ստեփանակերտ մայրաքաղաքի սրտին մէջ նորաստեղծ ՌԱԿուսակցութեան օրինական ներկայացուցչութիւնը՝ «Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» անուան ներքեւ:

Ընկերական ողջոյններով կը դիմաւորենք ազգային այս հրճուալի հաղորդագրութիւնը Արցախէն, մաղթելով յարատեւ կորով եւ քաջառողջութիւն Արցախի ՌԱԿ-ին նորընտիր ատենապետ՝ ընկեր Բարդուխ Գալստեանին եւ Արցախի համայն անդամակցութեան:

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

«Կինոթաւր»-ի Գլխաւոր Մրցանակը Ստացած Է Աննա Մելիքեանի «Սիրոյ Մասին» Ֆիլմը

0

«Կինոթաւր» 26­րդ ռուսական բաց կինոփառատօնի գլխաւոր մրցանակը ստացած է Աննա Մելիքեանի «Սիրոյ մասին» ֆիլմը,, որ կը պատմէ կանանց եւ տղամարդոց փոխյարաբերութիւններու մասին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-­ը, այդ մասին կը հաղորդուի կինոստուգատեսի պաշտօնական կայքին մէջ: «Ինծի համար ասիկա շատ կարեւոր մրցանակ է, որովհետեւ այդ ֆիլմը կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըրած եմ հանդիսականներու, լայն վարձոյթի համար»,­- Մելիքեանի խօսքը մէջբերած է HTB-­ն:

Անցեալ տարի Աննա Մելիքեանը լաւագոյն բեմադրիչ ճանչցուած էր «Աստղ» կինոնկարի համար: Կինոփառատօնի մրցանակը յանձնած են ստուգատեսի նախագահ Ալեքսանդր Ռոտնեանսքին, փառատօնի հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ Ֆէոտոր Պոնտարչուքը եւ մրցոյթի դատակազմի նախագահ բեմադրիչ Ալեքսէյ Ուչիթելը:

«Ֆիլմերը տարբեր էին, այս տարի շատ հետաքրքրական ծրագիր էր: Եթէ որեւէ մէկը որոշէ, որ մենք ճիշտ չենք վարուած, ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վերցնեմ իմ վրաս»,-­ ըսած է Ուչիթելը` յանձնելով պարգեւը:

«Սիրոյ մասին» ֆիլմը քանի մը վէպերու հաւաքածոյ է, որոնք միաւորուած են սիրոյ թեմայով: Մելիքեանի ֆիլմին մէջ խաղցած են Ռենաթա Լիթուինովան, Եւկենի Ցիկանովը, Վլադիմիր Մաշքովը, Իւլիա Սնիկիրը, Ռաւշանա Կուրքովան, Մարիա Շալաեւան, Ալեքսանդրա Պորթիւը եւ յայտնի այլ դերասաններ: Այս տարի գլխաւոր մրցանակին կը յաւակնէր 14 ֆիլմ:

Ռեժիսոր Աննա Մելիքեանը ծնած է Պաքուի: 1988-ի իրադարձութիւններուն ժամանակ 12 տարեկանին ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Երեւան, իսկ 5 տարի անց` Մոսկուա, ուր աւարտած է Կինեմատոգրաֆիայի համառուսաստանեան պետական հիմնարկը: Ամերիկեան Variety ամսագրի հմաձայն` Մելիքեանը ճանչցուած է աշխարհի ամենահեռանկարային 10 բեմադրիչներէն մէկը: Այժմ Մելիքեանը կը ղեկավարէ իր հիմնած «Մակնում» արտադրական կեդրոնը:

Սիրուշոն` 9 Ոչ Ամերիկացի Լաւագոյն Արուեստագէտներու Շարքին

0

«Քարտաշեանները միակ յայտնի հայերը չեն»,- կը գրէ mic.com-ը` տեղեկացնելով, որ Սիրուշոն փոփ-աստղ է Հայաստանէն, որ իր առաջին մրցանակը ստացած է 9 տարեկանին եւ աշխարհին կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը: Այս մասին կը գրէ Bravo.am-ը:

Կայքը ներկայացուցած է աշխարհի 9 ոչ ամերիկացի լաւագոյն արուեստագէտներ, որոնք ամերիկացիներուն այնքան ալ յայտնի չեն: Սիրուշոյին անդրադառնալուն mic.com-ը նշած է, որ ան առաջին կինն է, որ Հայաստանը ներկայացուցած է «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին:

«Առանց Հայրենիքի. Հալէպէն Հայու Մը Պատմութիւնը» Իտալական Քաղաքին Մէջ

0

Ապրիլ 24-էն ետք  ամբողջ աշխարհի մէջ կը շարունակուին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները:

Varesenews պարբերականի փոխանցմամբ` Իտալիոյ հիւսիսային փոքրիկ Գաստիլիոնէ Օլոնա քաղաքին մէջ «Առանց հայրենիքի հայը. պատմութիւն ինծի եւ մեզի համար» խորագիրով մշակութային երեկոյ կ’իրականացուի: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութիւնն ու Կոյս Ռոզարիոյ եկեղեցական ծուխը, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Երեկոյի հիւրը պիտի ըլլայ սուրիահայ գրող Սեզար Պալապան` «Առանց հայրենիքի. Հալէպէն հայու մը պատմութիւնը» վէպի հեղինակը:

Սեզար Պալապան ծնած է 1950 թուականին, Հալէպ, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի ընտանիքի մէջ: Ան մեծցած է երեք մշակոյթներու մթնոլորտի մէջ. Ընտանիքէն ներս` հայկական, շրջապատը` արաբական, դպրոցը` ամերիկեան: 1969 թուականին ան կը մեկնի Իտալիա` այնտեղէն ԱՄՆ ուղեւորուելու համար, սակայն կ’որոշէ մնալ եւ վիրաբուժութիւն ուսանիլ: