Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

0

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Երեւանն Ու Ստեփանակերտը Արտաքին Քաղաքականութեան Հարցերուն Մէջ «Կը Ճշդեն Ժամացոյցները»

Սեպտեմբեր 17-ին աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը շարք մը հանդիպումներ ունեցած է: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումին քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Քննարկումներու օրակարգի առաջին կէտին մէջ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան թեման է: Զօհրապ Մնացականեանը կը կրկնէ այն ինչ աւելի կանուխ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը յայտարարած էր՝ Արցախի հարցին մէջ որոշիչը պէտք է ըլլայ արցախցիներու ձայնը: «Արցախի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորումը կը վերաբերի առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղին, եւ վերջնական որոշումն ու որոշիչ ձայնը այս հարցին մէջ կը պատկանի Արցախին: Եւ առանց խորհրդակցելու, առանց միասին աշխատելու՝ մենք չենք կրնար որեւէ լուրջ յառաջընթաց գրանցել»,- ընդգծած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:

         Նոյն թեմային շուրջ քննարկումներ ծաւալուած է նաեւ Արցախի խորհրդարանին մէջ՝ Աշոտ Ղուլեանի եւ Զօհրապ Մնացականեանի մասնակցութեամբ: Զօհրապ Մնացականեանը նշած է, որ  Արցախի հարցին գծով այժմ կարեւորագոյն խնդիրը անվտանգութեան եւ կարգավիճակի ապահովումն է: «Լեռնային Ղարաբաղը հակամարտութիւն չէ, Լեռնային Ղարաբաղը մարդիկ են,- նշած է Զօհրապ Մնացականեանը:- Արցախցիները, մարդիկ, ստոյգ՝ 150 հազար, իրենց անուններով, առօրեայով, ընտանիքներով, հոգերով, յոյսերով, նպատակներով, ինչպէս իւրաքանչիւր ժողովուրդ, կը կերտեն իրենց ապագան եւ կեանքը: Կը ցանկամ աւելի ընդգծել այն հանգամանքը, որ երբ կը խօսինք Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի մասին որպէս մեզի համար գերակայ խնդիրներ, նկատի ունինք մարդոց»: Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը խնդիրին անվտանգութեան տեսակէտէն անդրադարձած է. Ազրպէյճանը կը մեծցնէ հայութեան հանդէպ զաւթողականութեան աշխարհագրութիւնը, եւ թիրախին արդէն միայն Արցախը չէ: «Որեւէ նախադրեալ չ’երաշխաւորեր, որ Ազրպէյճանը տրամադրուած է խաղաղ կարգաւորումի: Առաւօտեան տեղեկութիւն ստացանք, որ Նախիջեւանի կողմէն ալ գնդակոծուած է Հայաստանի տարածքը»,- իր մօտեցումները օրուան փաստերով հիմնաւորած Աշոտ Ղուլեանը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք լայնամաշտաբ զօրավարժութիւններուն, որուն սցենարով ՀՀ-ը կը հռչակուի հակառակորդ, Արցախի վրայ յարձակումը՝ գործողութիւններու ծրագիր: Զօհրապ Մնացականեան կ’ընդգծէ՝ Երեւանը կողմնակից է բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ հաւատարիմ է ԵԱՀԿ ՄԽ շրջանակներուն մէջ խաղաղ կարգաւորման իր յանձնառութիւններուն: Բայց անոնք կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ բոլոր կողմերը այդ յանձնառութիւններուն հաւատարիմ մնան: «Այն ինչ կատարուած է այս շրջանին, որեւէ կերպ չի նպաստեր նման միջավայրի ձեւաւորման՝ թէ՛ հռետորաբանութեան առումով, թէ գործողութիւններու առումով,- շեշտած է Մնացականեանը:- Սա դատապարտելի է եւ անընդունելի, երբ մենք ունինք լարուածութեան նշաններ, ունինք խաղաղ բնակիչները թիրախաւորելու գործողութիւններ»:

         Միջգերատեսչական կապերուն վերաբերող հարցերը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ քննարկուած են: Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ հիմնախնդիրին խաղաղ կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ: Մասիս Մայիլեանը Զօհրապ Մնացականեանին յանձնած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան 25-ամեակին նուիրուած յուշամետալը:

Հայկական Երկու Հանրապետութիւնները Կը Ճշդեն Տարբեր Իրավիճակներու Ատեն Իւրաքանչիւրի Ընելիքները

Սեպտեմբեր 18-ին աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած է ՀՀ վարչապետը՝ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ: ՀՀ վարչապետը եւ Արցախի նախագահը հանդիպած են Գետաւանի մէջ: ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաները Արցախ ժամանած են նորակառոյց Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհով: Նախագահ Բակօ Սահակեանն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարճատեւ զրոյցէ ետք զինուորականներուն մօտ շտապած են: Նիկոլ Փաշինեան կ’ընդգծէ այցի օրակարգի յատկապէս ռազմական բաղադրիչը: «Առաջին նպատակն իրավիճակին տեղում ծանօթանալն է, զինուորների ծառայութեան պայմաններին ծանօթանալը, օպերատիւ վիճակի մասին պատկերացում կազմելը»,- լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետը:

Շարունակուող բարեփոխումներուն շնորհիւ՝ առաջնագիծին վրայ փոփոխութիւնները ակներեւ են: Սարքային համալրումը թոյլ կու տայ հակառակորդը դիտարկելու, անհրաժեշտութեան պարագային ալ կանխարգիլիչ հարուած հասցնելու: Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներու եւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետի ուղեկցութեամբ՝ նախագահ Սահակեանն ու վարչապետ Փաշինեան հետեւած են զօրամիաւորումի յատուկ նշանակութեան մէկ դասակի ցուցադրական պարապմունքին: «Մեր տղաները լուրջ պատրաստուած են: Պատրաստ են ոչ միայն նմանատիպ տեղանքի, այլեւ աւելի բարդ, բարձր լեռնային պայմաններու մէջ իրականացնելու այդ գործողութիւնները»,- կը վստահեցնէ միաւորումի հրամանատար գնդապետ Կարէն Շաքարեանը:

Ճանապարհը դէպի ամենաբարձրադիր դիրքերը կը տանի: Նոյն ինքն այդտեղ կը շտապեն Արցախի նախագահն ու ՀՀ վարչապետը: Ծովի մակարդակէն աւելի քան երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ մարտական հերթապահութիւն կ’իրականացնեն դիրքապահները: Չեն դժգոհիր: «Ծառայութիւնը կը տարուի դժուարին պայմաններու մէջ: Բայց քանի որ մեր անձնակազմը վարժ է ատոր, կը յաղթահարէ եւ կը կարողանայ ծառայութիւնը բնական տանիլ»,- կը նշէ գումարտակի հրամանատար Արարատ Քեխեանը:

Նախագահ Սահակեանն ու վարչապետ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ անգամ մը եւս յստակացուցած են հայկական զինուած ուժերու ընելիքները տարբերու իրավիճակներու ատեն: Այցը առիթ էր նաեւ դիրքապահներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն ծանօթանալու, մարտական հերթափոխի տղաներուն հետ շփուելու համար: Նիկոլ Փաշինեանը չի թաքցներ, որ դիրքապահներուն հետ յաճախակի կը հանդիպի, բայց ամէն անգամ ալ տպաւորութիւնները անմոռանալի կ’ըլլան: «Մենք հոգով-սրտով մնում ենք իրենց հետ: Գալուց առաջ էլ էինք իրենց հետ, հեռանալուց յետոյ էլ իրենց հետ կը լինենք: Էնպէս որ՝ պէտք է դուխով լինենք, որ մեր զոյգ պետութիւնների եւ ողջ ժողովրդի առաջ դրուած խնդիրները լուծենք»,- ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

Ստեփանակերտ

Հագնիլ-Հագուիլ

0

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ ասոնց տարբերութիւնը:

        Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը  համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Սոսկածանցաւոր  բայ է եւ  ունի ածանցական խոնարհում՝ հագայ-հագար-հագաւ-հագի՛ր: Ներգործական  է եւ առ այդ օժտուած է ներգործականութեան երկու հիմնական յատկութիւններով.  ա) կրնայ ուղիղ խնդիր ստանալ՝ հագուստ հագնիլ, տաբատ հագնիլ, կօշիկ հագնիլ եւ այլն. բ) նաեւ ունի իր կրաւորականը՝  հագնուիլ.  «Այս կօշիկը դեռ կը հագնուի,  այդ մէկը այլեւս չի հագնուիր»: Ոմանք կ’ըսեն՝ չի հագցուիր, ինչ որ սխալ է. չի հագնուիր-ը կը համապատասխանէ չի տեսնուիր, չի գտնուիր, չի զարնուիր ձեւերուն, որոնք անվիճելի են եւ փոխարինելի չեն տեսցուիր, գտցուիր, զարցուիր  «տարբերակներով»:

          Բայս օժտուած է նաեւ անցողական կամ պատճառական սեռով՝  հագցնել, որ կու տայ  հագցուցի-հագցո՛ւր. օրինակ՝ «Մայրը զաւակին կօշիկը հագցուց»:

         Գալով հագուիլ-ին, ապա այս բայը բոլորովին աշխարհաբարեան ծագում ունի, կը համապատասխանէ ֆրանսերէնի` s’habiller, անգլերէնի to get dressed  բայերուն. սեռով չէզոք է (Տե՛ս Այտընեան,   Քնն. քեր., էջ 65, § 215), հետեւաբար չի կրնար ուղիղ խնդիր ստանալ, եւ ճիշդ այս կէտին մէջ է, որ ընդհանրապէս կը գործուին սխալները: Կարելի չէ ըսել՝  հագուստ կը հագուիմ, կօշիկ կը հագուիմ կամ թէ որեւէ այլ առարկայ յիշել իբրեւ ուղիղ խնդիր: Հագուիլ  կը նշանակէ իր վրայ կրել օրուան կամ եղանակին թելադրած  զգեստները՝ կօշիկէն մինչեւ գլխարկ ի պահանջել հարկին.  այս առումով՝ ան մօտաւոր հոմանիշ է զգեստաւորուիլ կրաւորական բային, որ նմանապէս ուղիղ խնդիր չի կրնար առնել. Ի՞նչ կ’ընես, կը հագուիմ: Հագուեցայ ու ներկայացումի գացի: Տակաւին չեմ հագուած: Ինչպէս նկատելի է, որեւէ առարկայի անուն՝  իբրեւ ուղիղ խնդիրի, չտրուեցաւ: Վերջին նախադասութիւնը չի նշանակեր, թէ ենթական մերկ է, այլ տուեալ պահի թելադրած պատշաճ իրերը չի կրեր իր վրան: Բայիս խոնարհումը կու տայ՝ հագուեցայ-հագուեցար-հացուեցաւ- հագուի՛ր:  Բայս ունի  պատճառական սեռն ալ՝ հագուեցնել, որ կու տայ հագուեցուցի-հագուեցո՛ւր. օրինակ՝ «Մայրը հագուեցուց  փոքրիկները»,_ կը համապատասխանէ զգեստաւորել հոմանիշին, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն habiller  կամ vêtir, իսկ անգլերէն  to get dressed բայերուն:

         Ծանօթ.– 1. Ամէն պատճառական բայ կրնայ ստանալ ուղիղ խնդիր մը, որմէ զուրկ է  այդ նոյն բային չէզոքը, այս պարագային՝ հագուիլ-ը: Սակայն, ինչ կը վերաբերի հագուեցնել-ին, չենք կրնար ասոր իբրեւ ուղիղ խնդիր տալ  զգեստի մը անունը. ճիշդ ինչպէս որ չենք կրնար ըսել հագուստ հագուիլ, այնպէս ալ չենք կրնար ըսել՝ հագուստ հագուեցնել, տաբատ հագուեցնել եւ նմանները. այլ այդ ուղիղ խնդիրը պէտք է ըլլայ զգեստը կրողի՛ն անունը, այլ խօսքով՝ հագուիլ բայի ենթակա՛ն,  այսպէս՝ հագուեցնել  զաւակը, հիւանդը, Թորոսը, Մարկոսը եւ այլն (օրինակ՝ Տղաս հագուեցաւ եւ  Տղաս հագուեցուցի) համազօր է զգեստաւորեցի-ին: 2. Հագուիլ բայը այլապէս կրնայ ունենալ իր լրացումները՝  շատ հագուիլ, քիչ հագուիլ, վայելուչ հագուիլ, անճաշակ հագուիլ, հաստ հագուիլ, բարակ հագուիլ, արագ հագուիլ,  դանդաղ հագուիլ եւ այլն, որոնք բոլորն ալ պարագայական լրացումներ են:

        Պէտք է լաւ  ի մտի ունենալ, որ հագուիլ-ը, հակառակ իր ուիլ վերջաւորութեան, կրաւորական բայ մը չէ, այլ չէզոք է. այսպիսիները հազուագիւտ են հայերէնի մէջ եւ կը կոչուին կրաւորակերպ, այսինքն՝ կերպով, երեւոյթով կրաւորականի կը նմանին, սակայն ըստ էութեան կրաւորական չեն: Կրաւորական բային հիմնական յատկանիշը ներգործող խնդիր ունենալն է, իսկ հագուիլ-ը չի կրնար ներգործող խնդիր ունենալ: Տեսականօրէն կրաւորական կրնայ ունենալ հագուեցնել   բայը, որ  է հագուեցուիլ, որը սակայն շատ ապաշնորհ ու խժալուր բառ մըն է, որ փաստօրէն չի գործածուիր:       

         «Առձեռն»-ը  չունի հագուիլ:  Քիչ անց  1886-ին  Սամուէլ վ. Գանթարճեան իր  «Գաղղիերէն-հայերէն-տաճկերէն բառարան»-ին  s’habiller բառին կից գրած է հագուիլ, մինչ porter-ին կից՝ կրել, իսկ se porter-ին կից՝ հագնուիլ: Ուրեմն կատարելապէս ըմբռնուած է  հագուիլ-ին եւ հագնուիլ-ին տարբերութիւնը:   Քիչ մը զարմանալի է, բայց ահա Յովհ.  Գազանճեան ետքայլ մը ընելով  հագուիլ-ը կը ներկայացնէ իբրեւ հագնիլ-ին կրաւորականը:

        Աշխարհաբարի բառարաններէն միայն Գայայեան  ունի թէ՛ հագնիլ, թէ՛ հագուիլ. այս վերջինին համար տրուած հոմանիշները՝ շքուիլ, յարդարուիլ,  մոլորեցուցիչ  են: Շուքի ու յարդարանքի գաղափարը չկայ այս բային մէջ. ծովազգեստ մը վրան եւ գլխարկ մը գլուխը անցընելն ալ հագուիլ է, արքայական ծիրանի կրելն ալ հագուիլ է:

         Հայր Պետրոս Ճիզմեճեան ունի միայն հագնիլ, որ սակայն  խոնարհած է հագուեցայ  ձեւով, ինչ որ սխալ է. հագնիլ-ը,  տեսանք, կու տայ հագայ-հագի՛ր,. իսկ հագուեցայ-ն կատարեալն է հագուիլ-ին, որ բացակայ է բառարանէն:

         Տէր Խաչատուրեան եւ հայր Կռանեան չունին հագուիլ:

*      *

*

        Բաղդատական տախտակ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի

        ա) Մերիններուն դիմաց արեւելահայերէնը ունի  հագնել, որ կը համապատասխանէ արեւմտահայերէնի հագնիլ-ին. երկուքն ալ ներգործական են եւ կատարեալի մէջ ունին նոյն խոնարհումը՝ հագայ-հագար-հագաւ-հագի՛ր. օրինակ՝

        —Այսօր նոր զգեստդ հագի՛ր:

        —Նրանց կանայք մուշտակ կը հագնեն:

        —Հագաւ Դաւիթ զէնք ու զրահ:

        —Սեւ ու փայլփլուն կօշիկներ հագան:

        Ասոնք լրիւ կը համապատասխանեն արեւմտահայերէնին.

         —Այսօր նոր զտեստդ հագի՛ր:

         —Անոնց կիները մուշտակ կը հագնին:

        —Հագաւ Դաւիթ զէնք ու զրահ:

        —Սեւ ու փայլփլուն կօշիկներ  հագան: 

        բ) Ունի նաեւ հագնուել, որ չէզոք է եւ կը համապատասխանէ արեւմտահայերէնի հագուիլ-ին. երկուքն ալ զրկուած են  ուղիղ խնդիր առնելէ. օրինակ

        —Շտապ հագնուեց ու փողոց վազեց:

        —Վասակը սկսաւ արագ հագնուել:

        —Ամառ-ձմեռ նա միատեսակ կը հագնուի:

        —Ներս մի՛ գար, դեռ հագնուած չեմ:

        Ասոնց դիմա, ուրեմն, արեւմտահայերէնը կը դնէ հագուիլ. այսպէս՝

        —Շտապ հագուեցաւ ու փողոց վազեց:

        —Վասակը սկսաւ արագ հագուիլ:

        —Ամառ-ձմեռ ան միատեսակ կը հագուի:

        —Ներս մի՛ գար, դեռ հագուած չեմ:

        գ) Ուրեմն այս երկուքէն բացի՝ արեւմտահայերէնը ունի հագնուիլ կրաւորականը, որ կը սերի  հագնիլ ներգործականէն եւ կը պակսի արեւելահայերէնին. այսպէս

        —Այս կօշիկը շատ հին է ու այլեւս չի հագնուիր:

        —Նման տաք վերարկուն միայն ձմեռը կը հագնուի:

 

Ամերիկեան Բարքեր

0

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

14 Տարեկան Մանչուկը՝ Թեկնածո՞ւ…

Միացեալ Նահանգներու նախագահ կրնայ ըլլալ այն անձը, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ թեւակոխած 35 տարիքը։ Նահանգներն ալ իրենց կարգին ունին պայմաններ, զորս լրացնելէ ետք միայն կրնայ անձ մը դիմել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Օրինակի համար, Գալիֆորնիոյ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին տիրանալու համար անձ մը պէտք է գոնէ հինգ տարի բնակած ըլլայ այդ նահանգին մէջ եւ թեւակոխած 18 տարիքը: Իսկ Գալիֆորնիոյ մերձակայ Արիզոնա նահանգի կառավարիչ ըլլալու նուազագոյն տարիքն է 30-ը։

Գալով Վըրմանթ նահանգին՝ դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, այդ նահանգի կառավարիչ դառնալու նուազագոյն տարիքի պայմանը չկայ իր սահմանդրութեան մէջ։ Ուստի, ոեւէ տարիքի անձ մը կրնայ իր թեկնածութիւնը առաջադրել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Եւ ահա վերջերս  ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Արդարեւ, 14 ամեայ մի ոմն՝ Իթհըն Սանպորն (տես նկարը) իր թեկնածութիւնը դրած էր այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։ Նախնական ընտրութիւնները (primary elections) տեղի ունեցան Օգոստոս 14-ին, եւ իրեն հետ կային նաեւ երեք այլ թեկնածուներ։

Թեկնածութեան իր յայտարարութեան մէջ Իթհըն կ’ըսէ. «Ես թէեւ տարիքով փոքր եմ, սակայն պէտք է մարդիկ լուրջի առնեն զիս, որովհետեւ ունիմ գործնական եւ յառաջդիմական գաղափարներ նահանգի ղեկավարման համար»։ Ան իր ընտրապայքարին համար գոյացուցած էր 1.700 տոլար, որ չնչին գումար մըն է՝ նկատի ունենալով ծախս մը, որ կը հասնի հարիւրաւոր հազար տոլարի։ 

Անշուշտ Իթհըն չշահեցաւ ընտրութիւնը։ Սակայն գնահատելի է  անոր յանդուգն քայլը, մանաւանդ անոր հասունութիւնը քաղաքական ասպարէզի ըմբռնումին տեսակէտէն եւ հետեւողական աշխատանքը այդ պաշտօնին տիրանալու։ Վստահ եմ, Իթհըն պիտի չգոհանայ այսքանով եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ իր երազին հասնելու համար։ Ես ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ անոր եւ կը փափաքիմ, որ ուրիշներ ալ որդեգրեն նոյն ուղին։


Հասարակ Յայտարար…

Այս եզրաբանութիւնը ընդհանրապէս կը գործածուի թուաբանութեան մէջ, երբ կոտրակներով գումարում կամ հանում կը կատարենք։ Սակայն մեր այսօրուան պատմութեան մէջ զայն պիտի կիրարկենք մարդուն համար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Եօթը ընտանիքներ՝ երկուքը Թեքսասէն, երկուքը՝ Նիւ Եորքէն, մէկը՝ Գալիֆորնիայէն, մէկը՝ Գոլորատոյէն եւ մէկն ալ Նիւ Ճըրզիէն, տարին մէկ անգամ կը հաւաքուին եւ լաւ ժամանակ կ’անցընեն։ Բայց ինչո՞ւ այս տարօրինակ հաւաքոյթը…

Այդ եօթը ընտանիքներուն տասը զաւակները (3-5 տարեկան) խորթ քոյրեր եւ եղբայրներ են։ Այսինքն՝ անոնք սերած են նոյն մարդուն սերմէն, եւ ահաւասիկ հասարակ յայտարարը անոնց միջեւ։ Ուրեմն տարեկան այդ հաւաքոյթին նպատակն է ծանօթացում մը ստեղծել եւ յարաբերութիւն մշակել այդ հարազատներուն միջեւ։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ այդ եօթը ընտանիքները (տես նկարը) համացանցի միջոցաւ (donor sibling registry) ծանօթացած են իրարու եւ վերահասու դարձած, որ իրենց զաւակները ազգականական կապ մը ունին իրարու հետ։

Իսկ տասը զաւակներու հօր ինքնութիւնը թաքուն կը պահուի Վըրճինիա նահանգի Ֆէրֆէքս գաւառի Sperm bank-ին կողմէ, մինչեւ որ այդ զաւակները 18 տարիքը թեւակոխեն եւ յաչս օրէնքի իրաւունք ունենան բացայայտելու անոր ինքնութիւնը, եթէ փափաքին։ Մինչ այդ, այդ մարդը կը ճանչցուի որպէս donor 401.

Հաւանաբար կ’ուզէք գիտնալ, թէ այդ սերմը որքա՛ն կ’արժէ, չէ՞։ Ուրեմն ըսեմ ձեզի թէ անոր արժէքն է 425 տոլար։ Անշուշտ այդ գումարին մէկ մասն է, որ սերմը նուիրողին կը տրուի, իսկ մնացեալը՝ սերմը պահող դրամատան։

Reunión de los cancilleres de Armenia y de Artsaj

0

También en el día de ayer se reunieron en Stepanakert los ministros de Relaciones Exteriores de la República de Artsaj (Karabaj) y de Armenia, Masís Mailian y Zohrab Mnatsaganian. Este último se hallaba de visita de trabajo en la capital artsají.

Los cancilleres se mostraron satisfechos por la frecuencia en que se dan estas reuniones y consultas y señalaron su importancia en términos de lograr la cooperación bilateral y una política coordinada en diferentes asuntos de políticca exterior.

Durante la reunión, los interlocutores analizaron las prioridades de la agenda de política exterior de ambos Estados y también hablaron sobre el proceso de solución del conflicto que enfrenta a Azerbaiyán con Karabaj.

Las partes consideraron importante mantener la dinámica de las negociaciones y la necesidad de introducir medios políticos y diplomáticos a fin de disuadir a Azerbaiyán sobre su postura y asegurar la irreversabilidad del proceso de paz y la seguridad regional.

También intercambiaron puntos de vista sobre el avance de la restitución de la participación plena de la República de Artsaj al proceso de negociaciones y sobre los pasos tendientes al reconocimiento internacional de Artsaj.

Luego, la reunión continuó en formato extendido con la participación de otros funcionarios de ambos ministerios, con quienes se trataron temas relativos a la expansión y profundización de la cooperación entre ambos d epartamentos.

Al término del encuentro, Masís Mailian condecoró a su par de Armenia con la medalla conmemorativa dedicada al 25º aniversario de la creación del Ministerio de Relaciones Exteriores de Artsaj.

Nikol Pashinian y Bako Sahakian visitaron las posiciones defensivas

0

El 18 de septiembre, el primer ministro de Armenia, Nikol Pashinian, se dirigió en visita de trabajo a la República de Artsaj, acompañado por el ministro de Defensa, David Donoian y el jefe del staff de las Fuerzas Armadas, general Ardak Davidian.

En Stepanakert, lo recibió el presidente de Artsaj, Bako Sahakian, con quien recorrió las posiciones defensivas armenias apostadas en el norte de la República, acompañado por los titulares de Defensa de Armenia y Artsaj, David Donoian y Levón Mnatsaganian y el general Ardak Davidian.

Los jefes de Estado fueron objeto de una demostración sobre infraestructuras de ingeniería y fortificación, tecnologías de defensa, armamentos modernos y actividades tendientes a mejorar la seguridad y el equipamiento de los hombres en servicio.

En un centro de entrenamiento, el presidente Bako Sahakian y el primer ministro de Armenia  observaron ejercicios tácticos.

En el contacto directo con los soldados, el primer ministro valoró su dedicado servicio, habló de la obligación para con la Patria y les deseó mucha salud y un servicio pacífico.

“El principal objetivo de mi visita a posiciones de combate es familiarizarme con la situación, ver las condiciones de los hombres en servicio para tener una idea sobre la situación operativa. Al parecer, todo está en orden y podemos afirmar con confianza que la situación está plenamente controlada por el Ejército de Defensa y las Fuerzas Armadas de Armenia.

Estamos con todos nuestros pensamientos y corazón con nuestro personal militar, de manera que debemos ser valientes y resolver los problemas a los que se enfrentan nuestros dos Estados y la Nación, como un todo” -sentenció el primer ministro de Armenia, quien al anochecer, regresó a Ereván.

Armenia, en los Juegos Olímpicos Juveniles en Buenos Aires

0

SARDARABAD, Buenos Aires.- El 3 de octubre viajará a Buenos Aires la delegación de Armenia que participará en los Juegos Olímpicos.

Armenia será representada por ocho atletas en los juegos juveniles, que tendrán lugar entre el 6 y el 18 del próximo mes.

La delegación es menos numerosa que la que participó en los Juegos en Singapur en 2010 y en Nanjing en 2014, cuando estuvo compuesta por 14 deportistas.

“Nuestro equipo es muy poderoso. Entre sus integrantes hay ganadores de medallas de campeonatos europeos y mundiales.

Los atletas seguirán entrenando hasta último momento. Lógicamente que quieren regresar con medallas, de otra manera nuestra participación no tendría sentido” -explica Derenik Gabrielian, jefe de la delegación.

Componen el grupo atletas de diversas disciplinas: Karén Markarian (77 kgs.) y Liana Guirdjian (63 kgs.): levantadores de pesas; Sahag Hovhannisian (60 kgs.): lucha grecorromana; Haig Babaian, tiro; Antranig Jachatrian (73 kgs.) taekwondo; Artur Barsegian: natación (50 m., 100 m. y mariposa), Yulia Vodopianova (gimnasia rítmica) y Juri Israelian (55 kgs.): yudoca.

El primer ministro se reunió con directivos de TUMO

0

SARDARABAD, Buenos Aires.- Hace unos días, el primer ministro de Armenia, Nikol Pashinian, recibió a los integrantes del Consejo Directivo del Centro de Tecnologías Creativas TUMO, Pegor Papazian, Rev Lebaridian, Alex Seropian y a la directora ejecutiva del Centro, Marie Lou Papazian, para analizar cómo incentivar el desarrollo de las altas tecnologías de información en Armenia.

Al darles la bienvenida, Pashinian destacó la disposición de la diáspora en la promoción del desarrollo de Armenia en esta nueva etapa y apreció el trabajo de TUMO en el sector de tecnologías de la información. Señaló que TUMO puede convertirse en la marca de Armenia a nivel global, teniendo en cuenta el creciente interés de visitantes extranjeros sobre el modelo educativo que ofrece.

Los directivos de TUMO por su parte presentaron las recomendaciones desarrolladas conjuntamente con los Sres. Alexis Ohanian y Raffi Krikorian, también integrantes del Consejo, sobre el desarrollo de tecnologías de la información y la cooperación, para que Armenia pueda establecer vínculos de negocios con empresas líderes del Silicon Valley. Analizaron temas operativos, el trabajo conjunto para atraer inversiones, el desarrollo de ideas innovadoras y la organización de talleres anuales para intercambios de ideas y estrategias.

Atento a la propuesta, el primer ministro propuso la creación de un Consejo de Soporte en Tecnologías de la Información, el desarrollo de una hoja de ruta sustentada en la acción y la creación de una plataforma online para lograr la continua comunicaión entre las partes.

Reunión con la Ministra de Cultura, Lilit Makunts

0

El día 4 de septiembre, el embajador Gonzalo Urriolabeitia mantuvo reunión con la Ministro de Cultura de Armenia, Lilit Makunts.

Los interlocutores dialogaron acerca de las relaciones culturales entre ambos países.

Luego, los funcionarios se refirieron a nuevas posibilidades de intercambios de experiencia entre ambos países en la esfera cultural, tales como la intensificación y promoción de proyectos conjuntos en el ámbito de la industria literaria y audiovisual.

 

Celebración de la Semana del Tango Argentino

0

SARDARABAD, Buenos Aires.- Organizada por la Embajada de la República Argentina en Armenia junto con el Converse Bank y la colaboración de la oficina de Ereván de la Unión General Armenia de Beneficencia y  Bodega “Karas”, del 10 al 16 del corriente se realizó la “Semana del Tango Argentino” en Armenia.

En el transcurso de esos días, se desarrollaron numerosas actividades que tuvieron tres puntos principales de reunión: la capital Ereván, Guiumrí e Icheván, donde hubo proyecciones de películas y documentales, shows de tango y clases magistrales.

Un público muy entusiasta y curioso siguió cada una de las propuestas y -sobre todo- se animó a dar sus primeros pasos en la danza tradicional rioplatense, declarada “Patrimonio Cultural Inmaterial” por la UNESCO, de la mano de eximios bailarines con los que además aprendieron danzas folklóricas argentinas.

Los acompañó una orquesta típica en vivo.

También apreciaron las películas “Our last tango” “Pichuco” y “Tango”, en las que la protagonista es la danza, a través de la óptica de distintos realizadores.

En Icheván, el show tuvo lugar el viernes 14 en la Plaza de las Fuentes; en Guiumrí, fue al día siguiente en la Plaza del Teatro, en tanto que en Ereván se realizó el cierre en el Jardín de las Esculturas del Centro Casfejian.

“Ereván tiene un lugar especial en el corazón de los parisinos”

0

SARDARABAD, Buenos Aires.- Durante su visita de trabajo a Francia, el primer ministro Nikol Pashinian se reunió con la alcadesa de París, Anne Hidalgo, con quien mantuvo un encuentro muy cordial. Las partes subrayaron la gran satisfacción por las relaciones de cercana amistad que unen a ambos países, desde el establecimiento de relaciones diplomáticas.

El primer ministro y la intendente señalaron la importancia de desarrollar y profundizar la cooperación entre las dos ciudades hermanas. En ese sentido, Pashinian señaló que el nuevo gobierno armenio intenta no solo mantener el actual nivel de relaciones con Francia, sino dar mayor dinámismo a la agenda de cooperación.

En ese contexto, agradeció la contribución personal de la Sra. Hidalgo al fortalecimiento de las relaciones entre las dos administraciones municipales.

Por otra parte, el premier señaló que la experiencia de París, como una de las ciudades más importantes del mundo, es muy valorable para Armenia en todas las esferas. Por ello, expresó su esperanza de que la cooperación denote mayores y más tangibles resultados.

El primer ministro, una vez más, aprovechó la oportunidad para invitar a la intendente de París a los actos celebratorios del 2800º aniversario de la fundación de Ereván, que tendrán lugar el próximo mes.

Anne Hidalgo, por su parte, también destacó el alto grado de amistad existente entre los dos pueblos y elogió a la comunidad armenia de París, por cuanto muchos de sus miembros han alcanzado puestos de relevancia tanto en la actividad pública como privada, contribuyendo con su quehacer al desarrollo de la capital francesa.

Además, expresó su admiración por el Centro de Tecnologías Creativas TUMO y anticipó el estado de los trabajos para la apertura de un centro similar en París, lo que se constituirá en otro puente de amistad entre ambas ciudades. Por otra parte, dio detalles de distintos programas que está llevando adelante su gestión y se mostró dispuesta a compartir esas experiencias con la Municipalidad de Ereván.

“Ereván tiene un lugar especial en el corazón de los parisinos y estamos ansiosos de fortalecer aú más los lazos con la capital armenia” -dijo.

Luego de la reunión, Hidalgo ofreció una recepción en honor del primer ministro, a la que fueron invitadas personalidades de la comunidad armenia.

Al hacer uso de la palabra en la recepción, la intendente se refirió al presente armenio, “presente que consiste en toda la gente joven que lo apoyó en defensa de la democracia y de su futuro; la gente que marchó con usted desde Guiumrí hasta Ereván y fue un viento pacífico que sopló en su país.

Hoy, hay una generación que comparte su enorme responsabilidad. La juventud se une a nosotros hoy, apenas unos días antes de la inauguración del centro TUMO en París, una idea que nos inspiró Armenia. Eso permitirá que se entrenen miles de parisinos en tecnologías digitales, en un clima de amabilidad, respeto y confianza.

Trabajamos mucho y elegimos un hermoso establecimiento cultural en París. Quisiera felicitar al director y a Mary Lou y Pegor Papazian por aceptar el desafío. Estamos enfrentando el desafío de construir nuestro presente y nuestro futuro juntos; debemos multiplicar nuestros programas conjuntos y emprenderlos juntos porque sé que queremos constuir sociedades más democráticas, justas y modernas.

Señor primer ministro: entiendo muy bien el costo de esta lucha. Alcancemos nuestros objetivos juntos” -concluyó la intendente.

Al retribuir las atenciones con su discurso, el primer ministro recordó que el movimiento de la Revolución de Terciopelo, se inició en la Plaza Francia, que cuenta con una hermosa escultura de Rodin, donada por el pueblo francés a Armenia. En torno de esa simbología, Pashinian dejó en claro que “queremos ser parte importante en el progreso humano, de la civilización, de hacer al hombre más libre, más feliz, más tolerante y más civilizado”.