Տեսանկիւն
Հայաստանի քաղաքական դաշտին, թէ հանրային քննարկումներուն մէջ Նիկոլ Փաշինեանի որդեգրած «խաղաղութեան օրակարգը» ընդդիմախօսներուն եւ որոշ վերլուծաբաններուն կողմէ։ յաճախ կը բնութագրուի իբրեւ «քարոզչական» կամ «սուտ»:
Անձնապէս կը հաւատամ, որ Փաշինեանի առաջ նետած այսպէս կոչուած «խաղաղութիւնը» քարոզչական հնարք մըն է, կապուած՝ ընտրական ընթացքներուն հետ, որուն նպատակն է նախընտրական շրջանին հանրութեան աջակցութիւնը ստանալ։
Այս էժանագին քարոզչութեան կը հակասէ տարրական բանականութիւնը, որուն համաձայն մենք գիտենք, թէ առանց յստակ անվտանգութեան երաշխիքներու, խաղաղութեան մասին յայտարարութիւնները հայկական կողմին համար լուրջ վտանգներ կը պարունակեն։
Ափսոս, որ սակայն, մեր երկրի ղեկավարութիւնը, զոր չափազանց վատ կերպով կը մարմնաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը, «խաղաղութիւն» եզրոյթը դարձուցած է քաղաքական հեծանիւ (ձի), որուն վրայ նստած կը փորձէ շրջիլ համայնքներով, իր քաղաքական օրակարգը առաջ մղելու համար։
Եղածը սակայն լաւագոյն պարագային կարելի է կոչել քաղաքական անամօթութիւն, քանի Հայաստանի իշխանութիւնները կ’օգտագործեն «խաղաղութեան» թէզը, պարզապէս իշխանութեան վրայ վերարտադրուելու համար, որ իրենց հետաքրքրող միակ օրակարգն է, առանց հաշուարկելու Հայրենիքի անվտանգութեան հարցերը։
Կը մնայ բացատրել սուտ խաղաղութեամբ տարուած մեր հայրենակիցներուն, որ Խաղաղութիւն չ’ըլլար հող յանձնելով։ Փոխարէնը պէտք է պաշտպանել տունդ, հողդ, երկիրդ, հայրենիքդ, որպէսզի ապրիս Խաղաղութեամբ։
Այս միտքը կ’արտացոլացնէ մօտեցում մը, որ կայ շատ մը ժողովուրդներու ինքնապաշտպանական փիլիսոփայութեան հիմքին մէջ։ Այս տեսակէտը հիմնուած է այն համոզումին վրայ, որ իրական խաղաղութիւնը ոչ թէ զիջումներու արդիւնք է, այլ սեփական իրաւունքներու, տան եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ապահովելու կարողութեան։
Պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներ ունի, երբ պաշտպանական ամուր համակարգը եւ սեփական հողին տէր կանգնելու կամքը դարձած են կայունութեան միակ երաշխիքը։ Համաձայն այս տրամաբանութեան՝ խաղաղութիւնը կ’ապահովուի ուժերու հաւասարակշռութեամբ եւ դիմակայելու պատրաստակամութեամբ։
Այս բնաբանին (context) մէջ կը կարեւորուին երեք հիմնասիւներ.
• Անվտանգութիւն. Երբ պետութիւնն ու անհատը կրնան պաշտպանուիլ, ասիկա կը նուազեցնէ թշնամական յարձակումի հաւանականութիւնը։
• Արժանապատուութիւն. Սեփական տունն ու հայրենիքը պաշտպանելը հիմք կը ստեղծէ ապագայ սերունդներու ինքնութեան համար։
• Կամք. Հողին կառչած մնալը եւ զայն շէնցնելը խաղաղութեան հասնելու գործօն քայլ է։
Եզրակացնելու համար, պէտք է շեշտադրել թէ, եթէ առաջին հիմնասիւնին մէջ կայ իշխանութիւններու գործօնը, որուն քաղաքականութիւնը պէտք է համահունչ ըլլայ ազգային գաղափարախօսութեան հետ, բան մը, որ դժբախտաբար կը բացակայի այսօր, երկրորդ եւ երրորդ հիմնասիւները մեծապէս կախեալ են մեր ազգէն ու անոր նուիրեալ զաւակներէն: Եւ եթէ մեր ազգը յառաջիկայ Յունիսի 7-ին ժողովրդավարական կարգով չկրցաւ հեռացնել ներկայ անհասկնալի իշխանութիւնները, այս անգամ ալ զոհը դառնալով սուտ ու պատիր «խաղաղութեան» խօստումին, ապա պէտք է ափսոսանքով ընդունիլ, որ մեր ժողովուրդը իր պատմութեան այս հանգրուանին դադրած է իր սեփական պետականութեան տէրը ըլլալու ներուժը ունենալէ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






