Պատմութեան Մէջ Այսօր
Մայիս 6-ը Լիբանանի Նահատակաց Օրն է, որ քաղաքական նկատառումներով աւելի ուշ փոխարինուած է Լիբանանի Մամուլի Նահատակաց Յիշատակի Օր անուանումով:
Մեզի համար սակայն պատմութիւնը յստակ է եւ ոճրագործին հասցէն յստակ: 1915-ին եւ 1916-ին, Ժամալ Փաշա Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, երկու տարբեր հրապարակներու վրայ կախաղան բարձրացուց Օսմանեան բռնակալութեան դէմ ձայն բարձրացուցած արաբ՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ մտաւորական ընտրանին, ընդ որում երկու կրօնքներուն ալ պատկանող կրօնականներ (11 ապա 14 անձ Պէյրութի մէջ եւ 7 Դամասկոսի մէջ):
Այստեղ կը յիշատակենք կախաղանի վրայ արտասանուած, նահատակութեան սեմին վրայ գտնուող՝ Ապտըլ Քարիմ Ալ Խալիլի վերջին խօսքը ուղղուած ազգին ու հայրենիքին. «Ձեր ազատութեան համար ապրեցանք, ու ձեր անկախութեան սիրոյն պիտի մեռնինք»:
Այսօր կը խոնարհինք հայրենիքի նահատակներուն յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց մտքով եւ գրիչով կը դիմադրէին օսմանեան բռնակալին` երազելով անկախ եւ ազատ հայրենիքի մասին, ինչպէս հայ մտաւորականները, որոնք ձերբակալուեցան եւ սպանդի ենթարկուեցան Ապրիլ 24-ին նոյն արիւնարբու թշնամիին կողմէ:
Սրտագին ողջոյններ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի ազատագրութեան համար զոհուած Մայիսի 6-ի նահատակներուն անմոռաց յիշատակին:
Ս.Յ.