Ակնարկ
Ինչպէս բոլորին յայտնի է, ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, Կիրակի օր կայացած, Գիւմրի քաղաքի Տեղական Ինքնավարման Մարմինի ընտրութիւններուն 82 ընտրատեղամասերու արդիւնքները յաջորդ օրն իսկ ամփոփեց:
Այնտեղի 82 ընտրատեղամասերու վերջնահաշուարկը ի յայտ բերաւ, որ տուեալ ընտրութիւններուն մասնակից ոեւէ քաղաքական ուժ չէր կրցած հաւաքել 50+1 տոկոսը՝ տեղական իշխանութիւն ձևաւորելու համար։
Ըստ հրապարակուած արդիւնքներուն 1 իշխանական եւ 4 ընդդիմադիր խումբեր կրցան հատել ընտրաշեմը, մուտք գործելու համար աւագանի, որուն առաջին ժողովին ընթացքին պէտք է իրար մէջ ընտրեն քաղաքապետը:
Ընդդիմադիր չորս խմբաւորումներէն երեքը, յանուն հետապնդուած նպատակին, որն էր «Քաղաքացիական Պայմանագիր»՝ իշխանական խումբը հեռու պահել Գիւմրիէն, ազնուութիւնը ունեցան միաւորուելու: Արդարեւ ընտրաշեմը անցած 3 ընդդիմադիր խումբերուն առաջնորդներն ալ ՝ Վարդան Ղուկասեան, Ռուբէն Մխիթարեան, եւ Կարէն Սիմոնեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու յանուն միացեալ նպատակին: Այնտեղ մնաց մէկ, այսպէս կոչուած ընդդիմադիր խմբաւորումի առաջնորդ, որ իրեն յայտնի պատճառներով լագոնիկ յայտարարութիւններէ բացի յստակ կեցուած մը տակաւին չցուցաբերեց:
Խնդրոյ առարկայ անձը՝ Մարտուն Գրիգորեանն է, որ տակաւին կը յամենայ: Չեմ գիտեր, թէ այս պահուն ինք ի՞նչ է կը մտածէ եւ ի՞նչ կը սպասէ եւ ինչո՞ւ այսքան կը սպասեցնէ Գիւմրեցիներու այն հայրենասէր զանգուածին, որոնք իրենց ձայները իրեն է, որ վստահեցան: Սպասման վիճակի մէջ է, ինչու չէ նաեւ Հայ ազգի զաւակներուն լաւ տեսակը:
Ես ալ իմ կարգիս անշուշտ կը սպասեմ: Սակայն ափսոս, որ ամէն օր աւելի եւս իմ մօտ այն կարծիքը կը դրոշմուի, թէ մեր Հայրենիքին մէջ կ՛ապրի անհայրենիքներու մէկ ստուար զանգուած, որուն «հայրենասիրութիւնը» փողով է, անհասկանալի պայմանաւորուածութիւններով է ու շատ յաճախ նաեւ սեզոնային: Մինչ աւելի վատը այն է, որ ղեկավարի մակարդակի մարդուկներ կան, որոնք պատրաստ են զոհելու ամենավեհ ու վսեմ գաղափարներն ու արժէքներն անգամ, իրենց, իրար հանդէպ ունեցած ոխակալութեան, ինքնակեդրոնութեան, եւ հիւանդագին յիշաչարութեան յագուրդ տալու համար, թքած ունենալով, թէ իրենց անձին վրայ վստահութիւն տածած հաւաքականութեան եւ թէ՝ մեր Հայրենիքին:
Իսկ եթէ այս պահուս խօսքս կը վերաբերի Գրիգորեանին եւ իր ետին կանգնողներուն, այնպէս չէ, որ վերջին 7 տարիներուն ամբողջ ընթացքին աւելի եւս բարձր պաշտօն զբաղեցուցած մարդիկ, ընդ որում նախկին նախագահներ աւելի նուազ ատելութեամբ ու անհեթեթ մրցակցութեամբ վարուեցան մեր ազգին համար պատմական այս չափազանց վտանգաւոր պահուն: Անոնք, այնպէս ալ չկրցան իրենց նեղ հաշիւները մէկդի դնելով միաւորուիլ, մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը փրկելու համար այս աղէտալի վիճակէն ու նիկոլ կոչուած երեւոյթէն, որ լաւագոյնս կ՛օգտուի իր մրցակիցներուն սոյն յոռի նկարագրէն:
Ամօթ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն փրկութեան ճանապարհը եւ ունին անոր վրայէն քալելու կօշիկները ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը, սակայն տակաւին կը յամենան յանուն իրենց Ես-ին:
Ես իմ կարգին, վստահ եմ, որ պատմութիւնը ինչքան անողորմ պիտի ըլլայ այսօրուայ իշխանութեան պարագլուխներուն հանդէպ, ան աւելի եւս անողորմ պիտի ըլլայ կամայ, թէ ակամայ անոնց իշխանութեան երկարակեացութեանը նպաստող այսպէս կոչուած ընդդիմութեան պարագլուխներուն հանդէպ:
Թող, որ նզովեալ ըլլան անոնք Աստուծոյ եւ պատմութեան առջեւ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ