Ակնարկ
Երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներ պէտք չէ հակասեն տուեալ երկիրներէն մէկուն կամ միւսին սահմանադրութեան: Հակառակ պարագային, տուեալ համաձայնագիրը կը դառնայ կասկածելի ու կրնայ հասնիլ անոր անվաւեր ճանչցուելուն ու չեղարկման:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, Ալիեւի ուշացումին պատճառը այսպէս կոչուած խաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու, պարզ կը դառնայ: Պարզ կը դառնայ նաեւ նիկոլի փորձը համաձայնագրին բովանդակութիւնը չհրապարակելու մինչեւ անոր ստորագրուիլը, քանի որ ըստ երեւոյթին այնտեղ կան մեր երկրին Սահմանադրութեան հետ հակասութեան մէջ եղող կէտեր, եւ ճիշդ այստեղէն է նաեւ, որ կը սկսի Հայաստանի Սահմանադրութիւնը հապճեպ փոխել նախաձեռնելու իր աշխատանքը:
Կը մնայ կցուած նկարին նայիլ ու տիկին նախարարին խօսքին տողատակը լաւ հասկնալ…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ