Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր՝ 25 Մարտ 2023-ին Շիջեցաւ Ընկեր Ե­րուանդ Ա­զա­տեան

Կենսագրական

Երուանդ Նազարէթ Ազատեան (Էտմոնտ Կոտալազեան, 13 Մայիս 1935, Պէյրութ, Լիբանան – 25 Մարտ 2023, Մայամի, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Ամերիկաբնակ յայտնի մտաւորական, գրականագէտ, հասարակական գործիչ:

Կրթութիւն

Երուանդ Ազատեան աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, 1958 թուականին, Պոսթընի «Նորթ Իսթըրն» եւ Տիթրոյիթի «Ուէյն Սթէյթ» համալսարանները, 1973 թուականին:

Մամուլի խմբագրական գործունէութիւն

Երուանդ Ազատեան մեծ ներդրում ունեցած է սփիւռքահայ մամուլի զարգացման կանոնաւոր ընթացքի մէջ` 1954-1958 թուականներուն ան եղած է Պէյրութի «Զարթօնք-սփոր» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիրը, իսկ 1959-1967 թուականներուն՝ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խմբագրապետը:

Խմբագրական գործունէութիւնը 1960-ականներու վերջերէն արդէն շարունակած է Արեւմուտքի մէջ, 1967-1972 թուականներուն, ըլլալով Պոսթընի «Պայքար» հաստատութեան վարիչ-տնօրէնը, «Պայքար» գրական եռամսեայ հանդէսի եւ «Տը Արմենիըն Միրըր Սփէքթաթէօր» թերթի խմբագրակազմերու անդամ:

Երուանդ Ազատեան 1971-ին Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթի, 1986-ին՝ Նիւ Եորքի «Արարատ» (անգլերէն) հանդէսին, 1991-ին Հայաստանի «Ազգ» օրաթերթին, 2006-ին Պէյրութի «Կամար» գրական հանդէսի հիմնադիրներէն եւ գլխաւոր աշխատակիցներէն եղած է:

Վերջին տասնամեակներուն «The Armenian Mirror-Spectator» շաբաթաթերթի գլխաւոր սիւնակագիրներ, մինչ իր յօդուածները միշտ հրապարակուած են ՌԱԿ-ի մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն մէջ:

ՀԲԸՄ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ գործունէութիւն

Ան երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային կառոյցներէն ներս, եղած է ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանի անձնական գրասենեակի վարիչը, իսկ 1972 -1997 թուականներուն` ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային հիմնադրամի ատենապետը, Տիթրոյիթի «Հայ մշակոյթի ժառանգութիւն» (անգլերէն) ձայնասփիւռային ծրագրի տնօրէնը, նաեւ Տիթրոյիթի ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետը:

Հրատարակութիւններ

Ան հեղինակ է «Կեանք ու երազ Հայաստան» (1964, ուղեգրութիւններ), «Գրական-գեղարուեստական սեւեռումներ» (1988), «Դիմանկարներ եւ դիմաստուէրներ» (անգլերէն, 1995) գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու, «Պատմութիւնը ընթացքի մէջ» (քննասիրութիւն, անգլերէն, 1999), «Դիտումներ եւ դատումներ» (2006, հրապարակագրութիւն), Վահան Թէքէեանի «Հատընտիր» եւ «Perspectives Armniennes»` իր յօդուածներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբագրած է Վահան Թէքէեանի փունջ մը քերթուածներու հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու հրատարակութիւնը:


24 Փետրուար 2022-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Երուանդ Ազատեանի «Ազգային-Քաղաքական Յորձանուտի Մէջ» երկհատորեայ գրքի շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Առաջնորդ Յոհնան արք. Տէրտէրեանը։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ գործունէութիւնը

Ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) ամենաբարձր մակարդակներու վրայ:

Անդամակցութիւն

Ան անդամ էր Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ յաճախակի այցելութիւններով` Հայաստան եւ այլ երկիրներ, սերտ կապեր հաստատած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան միջեւ:

Պարգեւներ եւ Պատուոյ Տոքթորի կոչում

  • Պարգեւատրուած է՝ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» հայրապետական շքանշանով, ձեռամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
  • Արժանացած է՝ «Մովսէս Խորենացի» նախագահական եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետայլներուն։
  • Արժանացած է՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Պատուոյ տոքթորի կոչումին։
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին