Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին Մասնակցութեամբ  Տեղի Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի Խաղաղապահ Առաքելութեան Հայկական Զօրախումբին Հերթափոխի Արարողութիւնը

22 Մարտ 2025-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան՝ դեսպանութեան ռազմական կցորդ գնդապետ Արթուր Դալիբալթեանի և դեսպանութեան խորհրդական Ստեփան Գէորգեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագիծին վրայ ծառայող  ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեդրոնատեղին, մասնակցելու հայկական զօրախումբին հերթափոխի արարողութեան:

Այնտեղ, դեսպանը հանդիպում ունեցած է ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի Արևմտեան զօրաբաժնին հրամանատար, զօրախումբի գեներալ Նիքոլա Մանտոլեզիին հետ: Իտալացի գեներալը բարձր գնահատած է ՀՀ զօրախումբին ծառայութիւնը Լիբանան-Իսրայէլ առճակատումի թէժ շրջանին մէջ, յատկապէս նշելով, որ հայկական զօրախումբը շարունակած է իրականացնել զօրանոցի պահակային ծառայութիւնը նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ այլերկրացի խաղաղապահներուն մեծ մասը գտնուած են զինուորական ապաստանարաններուն մէջ:

Դեսպան Աթաբէկեանը ողջունած է  հայ խաղաղապահներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով գերազանց ծառայութեան և Լիբանանի կայունութեան և խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր,  իրենց գործօն մասնակցութեան համար:


Յիշեցնենք, որ ՀՀ զինուած ուժերը միջազգային խաղաղապահ առաքելութեամբ հանդէս սկսած են գալ 2004-ի Փետրուարէն ի վեր: Հայ խաղաղապահները մինչեւ օրս ծառայած են ու կը շարունակեն ծառայել, Քոսովոյի, Իրաքի, Աֆղանիստանի, եւ Լիբանանի մէջ, ուր 2014-ի Դեկտեմբերէն ի վեր 32 զինծառայողներէ բաղկացած հայկական դասակի մասնակցութեամբ, որոնք ընդգրկուեցան իտալական զօրախումբի կազմին մէջ, սկիզբ դրուեցաւ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան:

Հպարտութեամբ աւելցնենք, որ Հայ խաղաղապահները միշտ մասնակցած են են  միջազգային բազմաթիւ և բազմազգ զորավարժութիւններու` միշտ բարձր պահելով հայ զինծառայողի պատիւը և արժանանալով վերադաս հրամանատարութեան, ինչպէս նաև տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան զինուորականներուն գովեստին և պարգևներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին