13 Մայիս 2022-ին Իրաքի հայոց առաջնորդարանի սրահին մէջ, Պաղտատ, թեմի նախկին առաջնորդի եւ հոգեւորականաց դասի ներկայութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին կատարուեցաւ նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած թեկնածուներէն, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան:

Տարի մը ետք, 8 Հոկտեմբերի 2023-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Առաջնորդ Հայրը եպիսկոպոսական կոչումին արժանացաւ: Ձեռնադրութիւն եւ օծումը կատարուեցաւ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառին ձեռամբ։

Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի սան, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1986-ին: Յունիս 1986-էն մինչեւ Ապրիլ 1987 ծառայած է իբրեւ կաթողիկոսութեան քարտուղար, ապա ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` Էջմիածինի մէջ Քանատայի թեմի նախկին առաջնորդ Վազգէն արք. Քէշիշեանի ձեռամբ: 1987-1988 թուականներուն ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Քանատայի Բրիտանական Քոլոմպիա նահանգի Վանքուվըր քաղաքին մէջ: 1988-ին Օշական Հայր Սուրբը, պաշտպանած է իր թէզը Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին` Օշականի վանքին մէջ, եւ ստացած է վարդապետի աստիճան:
1989-ին ան իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: 1990-1993 թուականներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի Ռեչմոնտ քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ` իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա ուսումը շարունակած է Ռեչմոնտի Աստուածաբանական ճեմարանին եւ Վըրճինիայի Համագործակցութեան համալսարանին մէջ:
1993-ին նշանակուած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ լուսարարապետ, իսկ 1994-ին` Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
Մայամիի մէջ աշխատած է մնայուն շէնք մը հաստատել եկեղեցւոյ համար` գործող վարձու շէնքին փոխարէն. ձեռնարկած է Հարաւային Ֆլորիտայի մէջ նոր եկեղեցւոյ կառուցման եւ աշխուժօրէն մասնակցած է դրամահաւաքի ու հողի գնման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական շէնք եւ մշակութային կեդրոն կառուցելու աշխատանքին: Այդ ջանքերուն արդիւնքը եղած է Ֆլորիտայի ներկայ Սուրբ Մարիամ եկեղեցին:
1997-ին Տ. Օշական Կիւլկիւլեան եղած է Մասաչուսեց նահանգի Չելմսֆորտ քաղաքի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ ազդու կերպով մասնակցած է եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգման համար դրամահաւաքի կազմակերպման ու ղեկավարման գործերուն:
2001-ին նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 1700-ամեակի յանձնախումբի կազմին մէջ` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ: Իսկ 2002-ին օժանդակած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի զարգացման գրասենեակին` Նիւ Եորքի մէջ, եւ իբրեւ այցելու հովիւ` ծառայած է թեմի եկեղեցիներուն: 2003-ին ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում, նաեւ` կրօնական ուսուցման վկայական` Ինտիանա նահանգի Երրորդութիւն աստուածաբանութեան ճեմարանէն:
Աւելի ուշ, նոյն տարուան ընթացքին, ան նշանակուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ հովիւ, իսկ 2005-ին ստանձնած է Հայկական մարդասիրական ակադեմիայի կառավարիչի պարտականութիւն` Հնդկաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներու հովուութեան կողքին: Այդ շրջանին հիմնովին վերանորոգած է դպրոցական համալիրը եւ երկու եկեղեցիներ Պենկալի մէջ, Հնդկաստան: Ան այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ մայիս 2009, ապա վերադարձած է ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմ, ուր նշանակուած է Փենսիլվենիա նահանգի Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոն ծառայած է մինչեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուիլը ու Պաղտատ փոխադրուիլը` Յուլիս 2022:
Իրաքի Հայոց Առաջնորդ ընտրուած Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 18 Յունիս 2022-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ժամանած է Պաղտատ:
Առաջնորդ Հայրը Իրաքի մէջ ի պաշտօնէ իր անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցած է Պաղտատի աթոռանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 24 Յունիս 2022-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, ուր ներկայ եղած են նաեւ Իրաքի պետական ներկայացուցիչներ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակատարը եւ քոյր համայնքներու եկեղեցականներ:
Խմբ.
- Զ. Աստուած Օգնական Սրբազան Հայր. Իրաքահայութիւնը յետ-պատերազմեան աննախընթաց վերելք մը կ՛ապրի, ուր համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդը, յանձին Դուք, մեր համեստ կարծիքով անզուգական դեր մը կը կատարէք: Խնդրեմ հակիրճ ակնարկով մը, մեր ընթերցողներուն աւելի եւս ծանօթացնէք Իրաքի հայկական հինաւուրց գաղութին:
- Սրբազան. Նախ շնորհակալութիւն ԶԱՐԹՕՆՔ-ին այս առիթին համար, որուն միջոցաւ առիթ պիտի ունենանք քննարկելու եւ խօսելու իրաքահայ համայնքի մասին: Ինչպէս արդէն շատերուն ծանօթ է, Իրաքը որպէս պատմական համայնք կամ գաղութ, իր արմատները կ՛երթան մինչեւ 7-րդ դարու պատմութեան գիրկը. Արդարեւ, 7-րդ դարու վկայութիւններ կան այն մասին, որ եղած են հայ առեւտրականներ, որ Տիգրիս գետի միջոցաւ նաւարկելով եկած են Իրաք եւ իրենց առեւտուրը ըրած: Շատ հետաքրքրական նկար մը կայ, Հայաստանի գինիներէն մէկուն շիշին վրայ: Այդ նկարը կարծէք թէ իրականութիւն է հայ վաճառականներու հետ առնչուող, որ Տիգրիսը օգտագործած են:

- Շատ գեղեցիկ այդ նկարը կարծէք իրական պատկեր է, որովհետեւ եթէ նայինք Իրաքի աշխարհագրական դիրքին, որ կ՛իյնայ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու միջեւ (արաբերէնով՝ պիլատ մա պայն էլ նահրէյն – Միջագետք): Երկու գետերու միջեւ գտնուող այդ բերրի դրախտավայրին մէջ հաստատուած են Հայ վաճառականներէն շատեր որոնք ժամանակի ընթացքին կացութիւն հաստատած են ուր աւելի աւելի ուշ ալ վերջնական բնակութեամբ, այնտեղ հաստատուած:

Պատմականօրէն ունինք վկայութիւն, որ Իրաք ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ նուիրակ 1222 թուականին: Անկէ ետք քիչ մը կը լռէ պատմութիւնը, սակայն աւելի ուշ նորէն Իրաքի հայութիւնը շարունակած է կենսագործել, որպէս իրանա-հնդկական թեմի մաս: Ունեցած ենք առաջնորդներ, որոնց շիրիմաքարերը կան առ այսօր: Իրաքի Հայոց թեմը շրջան մը կապուած է նաեւ Պոլսոյ պատրիարքութեան, որովհետեւ վերջերս նկար մը գտայ, պատմական նկար մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Կ. Պոլսոյ Զաւէն պատրիարքը 1921-ին եկած է Իրաք:

Ան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցուոյ (որ ափսոս հիմա փլած ըլլալու հանգամանքով գոյութիւն չունի) շրջափակին մէջ նկարուած է պատարագէն ետք, պատարագի զգեստով անշուշտ: Ասոնք ամբողջ վկայութիւններ են: Ժամանակին այստեղ եղած են հայեր, իրաքահայեր, բնիկ հայեր, որ իրաքցիները պաղտատցի կը կոչեն: Պաղտատցիները այսինքն հին հայերն են, որ շատ հետաքրքիր է. ինչպէս մենք գիտենք Երուսաղէմի հին հայերը, տարօրինակ ձեւով արաբախօս հայեր են, որոնք ունէին, արաբերէն տառեր օգտագործող հայերէն գրականութիւն: Իրաքի հին հայերն ալ, իմա պաղտատցիները այդպիսի հայերէն օգտագործած են, որ իւրօրինակ է: Այս բոլորը մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներ:
Սակայն նշեմ, որ հայերու ներկայութիւնը, 16-րդ, 17-րդ դարերուն շատ աշխուժացած է: Այս բանին վկայութիւններէն մէկն ալ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին է, որ կառուցուած է 1639 թուականին,: Այս եկեղեցին հետաքրքիր պատմութիւն մը ունի, որ կապուած է Գէորգ Նազարէթեանի կամ Գոգ Նազար անունով զինուորականի մը հետ: Այդ զինուորականը հմուտ թնդանօթաձիգ եղած է: Օսմանցի Սուլթան Մուրատ 4-րդը ուզած է գրաւել Պաղտատ սակայն դժուարութիւններ ունեցած է: Այդ դժուարութիւններու ժամանակ, ըստ վկայութիւններու կ’ըսուի թէ, յայտարարած է, ով որ կը կարողանայ այս պարիսպը քանդել կամ ձեւը գտնայ քանդելու, ինչ որ կը փափաքի պիտի շնորհեմ իրեն: Եւ Գոգ Նազար խնդրած է, որ իրեն հնարաւորութիւն տրուի թնդանօթ մը պատրաստելու, աւելի մեծ թնդանօթ մը: Սուլթանը ընդունած է առաջարկ: Հայազգի զինուորականը պատրաստած է թնդանօթ մը, որ կարողացած է փլել պարիսպը եւ Սուլթան Մուրատ գրաւած է Պաղտատը: Անոր հիման վրայ, ուրեմն Գոգ Նազարին ըսած է. «ինչ կը փափաքիս պատրաստ եմ քեզ տալու», այն ակնկալութեամբ, որ ըստ մարդկային հոգեբանութեան ան գումար պիտի պահանջէ: Սակայն Գոգ Նազար ըլլալով հայրենասէր անձնաւորութիւն մը (իր արարքէն կը բացայայտենք այդ) խնդրած է, որ Սուլթանը գրաւեալ երկրին մէջ տայ հողամաս մը, ուր կարելի ըլլայ կառուցել հայկական եկեղեցի յարակից հողամասով եւ գերեզմանոցով: Ուրեմն այս վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ մենք Իրաքի մէջ ունեցած ենք մեծ համայնք, որ եկեղեցիի կարիքը ունեցած է, եւ քանի, որ ինչպէս ծանօթ է պատմութեան, որ իսլամական աշխարհի մէջ, քրիստոնեաները չեն թաղուիր իսլամներու գերեզմանին մէջ, ուրեմն այս եղած է գերեզմանոցի մը պահանջին հիմնական դրդապատճառը:
Հայրենասէր Հայ զինուորականին շնորհուած է փափաքը, եւ 1636-ին սկսած մինչեն 1639-ը կառուցած են եկեղեցին եւ կոչած Մարիամ Աստուածածին: Իսկ թէ ինչու հենց Մարիամ Աստուածածին, քանի ինչպէս բոլորիս յայտնի է Ս. Մարիամը ընդունուած եւ յարգուած կերպար է Իսլամական աշխարհին մէջ եւս: Նոյն աշխարհին մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ Ս. Մարիամի անունով կոչուած են զերծ մնալու համար անտեղի թիրախաւորումէ:
- Զ. Ներեցէք, որ ընդմիջեմ Սրբազան. Ընթացքին հայկական դպրոց ալ եղա՞ծ է եկեղեցիին կողքին:
- Սրբազան. Դժբախտաբար այդ տարիներուն հայկական դպրոց չենք ունեցած: Աւելի ուշ շրջաններուն սակայն եղած են դպրոցներ մեր եկեղեցիներուն կողքը: Անկէ ետք, 1700-ականներուն, մաս մը հայեր արդէն Մէյտանի հին շրջանէն տեղափոխուած եւ հաստատուած են Շորճայի շրջանը եւ հոն կառուցած են երկրորդ եկեղեցին, Ս. Երրորդութիւն անունով: Ի միջի այլոց ըսեմ, որ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ պատերէն մէկուն մէջ կայ նաեւ Սեբաստիայէն եկած 40 Մանկանց աճիւնները եւ անոր համար կը համարուի սրբատեղի, եւ մինչեւ օրս, Աստուածածնայ տօնին, յատկապէս Օգոստոս 15-ին, բազմահազար ժողովուրդ կու գայ եւ կրնամ ըսել, որ մինչեւ այսօր 5-էն 10-ը հազար իսլամներ կու գան այս եկեղեցին: Նշեմ, որ Ս. Մարիամ եկեղեցին կառուցուած է Պաղտատի մերձակայ արուարձանի մը մէջ, որ կը կոչուի Մեյտան թաղամաս: Իսկ հայկական երկրորդ եկեղեցին Ս. Երրորդութիւնը, կը գտնուի Շորճայ թաղամասին մէջ որ նոյնիսկ Իրաքի Ֆէյսալ Ա. թագաւորը այցելած է ատենին: Յետագային Տիգրիսի ջուրերը, որ բարձրացեր են, ջուրի տակ մնացած է եւ վնասուած ու խոնարհած է, տեղը այսօր մեծ առեւտուրի շէնք մը կարուցուած է եւ կը կոչուի Սուք ալ Արմէն (Հայերուն շուկան): Ս. Երրորդութիւնէն ետք Պաղտատի հայ գաղութը կարուցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին քաղաքի կեդրոնը Սահէթ Էլ Թայարան կոչուած շրջանին մէջ եւ հոն առաջնորդին նստավայրն է. Ի դէպ 1800-ական թուականներուն եկեղեցիներ կառուցուած են Պասրայի, Մուսուլի եւ Քէրքուկի մէջ: Պասրայի եւ Քէրքուքի եկեղեցիները կը կոչուին նոյնպէս Մարիամ Աստուածածին, Մուսուլի եկեղեցին կը կոչուի Ս. Էջմիածին, որ 1857-ին կառուցուած է, եւ անկէ առաջ ալ եղած է եկեղեցիին ու անոր ճշգրիտ վայրին մասին շատ քիչ են տեղեկութիւնները:
- Զ. Պատմական շրջաններէն եթէ գանք համեմատաբար արդի ժամանակներ, ե՞րբ է, որ Իրաքի հայ համայնքը պատկառելի թիւի հասած է:
- Սրբազան. Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, հիմնականին մէջ Վանէն եւ նաեւ տարբեր շրջաններ Իրաք եկած են Եղեռնէն մազապուրծ բազմահազար հայեր: Անոնք հաստատուած են Իրաքի տարբեր շրջանները:
Օրինակ Զախոյի մէջ ունեցած ենք տարածք մը, որ մեզի քիւրտ մը տուած է այդ օրերուն, որպէսզի հայ որբերը կամ գաղթական հայութիւնը ընդհանրապէս, տեղ ունենան: Եկուորները սրահ մը կառուցած են այնտեղ, եւ միեւնոյն սրահին մէջ խորան մը: Երկար ժամանակ, շուրջ 100 տարի այդպէս էր, մինչեւ վերջին շրջանին, նոր եկեղեցի կառուցուեցաւ եւ անցեալ տարի օծումը կատարեցինք : Մեր նոր եկեղեցիին քարերը, կարմիր տուֆ, Հայաստանէն բերինք: Զախոյի հայութիւնը բարեպաշտ, հայասէր, հաւատարիմ եւ աշխուժ համայնք մըն է:
Այսօր հայկական հիմնական համեմատաբար մեծ գաղութները կ՛ապրին Պաղտատի, Պասրայի, Քէրքուքի եւ Մուսուլի մէջ: Պաղտատի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ետք որը հիմնուած է (1954-1957)թ., աւելի ուշ, (1971-1973)թ. Ազգային ծերանոցի բակին մէջ կառուցուեցաւ եկեղեցի մը Ս. Կարապետ անունով, այստեղ ունինք նաեւ Ռեժինա Աղեքսանդրեանի վաքըֆը, (աւանդապահութիւնը), ուր կայ հայկական ծերանոց, որ անկախ է, ամէն ինչը անկախ է, եւ Թեմի առաջնորդն է, որ ձեւով մը այդպէս աւանդապահն է (մութաուալին) է այդ հիմնարկին, հակառակ, որ ան առաջնորդարանէն անկախ է:
- Զ. Ծերանոցի պատսպարեալները բացառապէս Հայե՞ր են եւ տակաւին կը գործէ՞:
- Սրբազան. Այո անպայման: Այնտեղ կը պատսպարուին տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող հայորդիներ:
Ծերանոցը անխափան կը գործէ, որուն կողքին ունինք այլ կալուած մը, որ կը բաղկանայ 8 բնականներէ: Այնտեղ ալ հայեր կ’ապրին: Մերձակայութեան մէջ կայ դարձեալ մեծ տարածք մը, որ աւանդապահութեան կը պատկանի: Այնտեղ կայ նաեւ ՀԲԸՄ-ի շէնքը: Ունինք երրորդ շէնք մը եւս, որ Նորաշէն կը կոչենք, այնտեղ ներքեւի մասը Տիկնանց յանձնախումբին է, 2-րդ յարկն ալ Եկեղեցասէր երիտասարդացին յատկացուած է:
1990-ական թուականներուն էր երբ, տեղական իշխանութիւնը որոշում առաւ, որ գերեզմանները, յատկապէս հիմնականը քրիստոնեաներունը, քաղաքէն դուրս պէտք է ելլեն: Մեր գերեզմանոցը, որ կար 1900-ական թուականներէն էր, որուն կողքին առաջնորդարանի շէնքը կայ եւ առաջնորդանիստ եկեղեցին՝ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչը: Այս կալուածին գերեզմանին մասը տեղափոխուեցաւ Խան Պէնի Սաատ գիւղաքաղաքը որը, Պաա՛քուպա կոչուած քաղաքի ճամբուն վրայ մօտաւորապէս 45 վայրկեանէն մէկ ժամուայ հեռաւորութեան վրայ է: Այնտեղ տեղափոխուեցան ոչ միայն հայերուն, այլ քրիստոնեայ արաբ բոլոր յարանուանութիւններուն գերեզմանները: Իւրաքանչիւրին բաժին ինկաւ ամէն գրեթէ 5 հեքթար տարածք, կամ իրենց համայնքին մեծութեան համաձայն մեծութեամբ տարածք: Հայ համայնքը տեղւոյն վրայ յետագային կառուցեց մատուռ մը, որ կը կոչուի Սրբոց Նահատակաց: Ուրեմն այսպէս Պաղտատի մէջ ունեցանք 4 եկեղեցիներ: Յետագային, Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան տապալումէն ետք, այսինքն 2003-էն ետք, երբ երկրին հիւսիսային մասին մէջ գտնուող Քիւրտերով բնակուած շրջանը՝ Իրաքեան Քիւրտիստանը ձեւով մը կիսանկախ վիճակ ունեցաւ, այսինքն պետութեան մէջ փոքր ինքնավար պետութիւն, այնինչ մենք կ’երազէինք, որ ըլլար Լեռնային Ղարաբաղի պարագային: Այսօր Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ ունինք հայկական 5 բնակավայրեր՝ Զախօն, Տըհոքը, Էրպիլը, եւ 2 հայկական գիւղեր, որոնցմէ մին կը կոչուի Հաւրէզ, որ շատերը կ’ըսեն թէ Հայ Վրէժ անունով ծագում առած է: Գիւղը հիմնուած է Լեւոն փաշա Շառոյեանի կողմէ, եւ այնտեղ այսօր ունինք եկեղեցի եւ անշուշտ հայկական դպրոց: Միւսը գիւղին անունն է Աւզրուկ, որ շատ հեռու չէ այդ տարածաշրջանէն, ուր հիմնականին մէջ քրտախօս հայեր են: Այնտեղ ունինք եկեղեցի մը՝ Սուրբ Վարդան, իր դպրոցով հանդերձ: Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Իրպիլի մէջ ունինք եկեղեցի մը:
- Զ. Ընդհանուր առմամբ այսօր քանի՞ եկեղեցի ունինք Իրաքի մէջ: Արդեօ՞ք բոլորն ալ կանոնաւոր կը գործեն:
Սրբազան. Իրաքի ամբողջ տարածքին այսօր ունինք 11 եկեղեցիներ: Բացի Մուսուլի եկեղեցիէն, բոլորն ալ կանոնաւոր կը գործեն: Մուսուլի մէջ նոր եկեղեցի մը կառուցուած էր, որ տակաւին չանուանակոչուած իր պաշտօնական օծումէն ընդամէնը ամիս մը առաջ աւերուեցաւ ՏԱԷՇ կոչուած ծայրայեղականներուն կողմէ, շրջանի արիւնոտ դէպքերուն օրերուն: Բարեբախտաբար կառոյցը տակաւին կանգունէ, բայց աւերակ վիճակի մէջ է: Իսկ Էջմիածին եկեղեցին, ՏԱԷՇ-ը օգտագործեց, որպէս բանտ, այնտեղ արգելափակելով գերեվարուած քաղբանտարկեալներ: Յետագային տարածաշրջանէն հեռանալէ առաջ եկեղեցիի կառոյցին մեծ վնասներ հասցուց:
- Զ. Արհաւիրքէն ետք այսօր, Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին տեղւոյն համայնքին վերահսկողութեան տա՞կ է:
Սրբազան. Այո: Ուրախ եմ յայտնելու, որ շուրջ շաբաթ մը առաջ Մուսուլ էի: Այնտեղ այցելեցի նահանգապետարան: Անկէ առաջ ալ միշտ առիթը ունեցած եմ նահանգապետին հետ հանդիպելու: Նահանգապետարանը խոստացած է որ ինք պիտի վերանորոգէ Ս. Էջմիածինը, եւ հիմա այդ ծրագրին իրագործումին ընթացքին մէջն ենք: Յատուկ ճարտարագէտ մը նշանակուած է, որ գծագիրները պատրաստած է: Պետութեան հետ ալ անմիջական յարաբերութիւններու մէջ ենք, որ ամբողջ եկեղեցին եւ իր տարածքը միաժամանակ վերանորոգուի:
Այստեղ ցաւով նշեմ սակայն, որ 2003 թուականի Մուսուլի ծանօթ արիւնալի դէպքերէն ետք, հայութեան մեծ մասը գաղթեց շրջանէն: Մուսուլ ունէր իր եկեղեցին, դպրոցը, բաւական աշխոյժ համայնք կար: Այսօր այնտեղ մնացած է երկու Հայ ընտանիք:
- Զ. Գաղթ ըսելով հասկնանք ներքի՞ն թէ արտաքին գաղթականութիւն:
- Սրբազան. Երկուքն ալ պատահեցան: Մուսուլի մէջ հիմնականին Զախոցիներ կային, որոնք վերադարձան Իրպիլ: Դէպի արեւմուտք իրաքցիները ընդհանրապէս կը գաղթէն դէպի Հոլանտա:
Բացի Հոլանտայէն հայեր կը մեկնին դէպի Գալիֆորնիա, Թորոնթօ եւ կամ Աւստրալիա: Ուրախ եմ, որ շատ մը հայեր արեւմուտքի փոխարէն կ՛ընտրեն վերահաստատուիլ Հայաստան եւ այսօր Հայաստանի մէջ ունինք նախկին իրաքահայերու որոշ թիւ մը՝ շուրջ 100 ընտանիք:
- Զ. Ի՞նչ միջոցառումներու կը դիմէք իրաքահայերուն գաղթը հակակշռելու համար:
- Սրբազան. Ինչպէս գիտէք եւ անձնապէս ալ կը հասկնաք, արեւելքցիներուս լեզունիս այրած է այսօր եւ շատեր մածունն ալ փչելով կը խմեն: Երկար տարիներ վայելեցինք մեր ծննդավայրին՝ արեւելքի բարիքները, սակայն այսօր Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը դարձած է զայն քննադատողը: Տեղացի արաբն ու քիւրտը լաւ կը հասկնայ այս պարագան եւ չուզէր, որ հայերը ձգեն իրենց ծննդավայրերը: Քիչ առաջ ֆէյսպուքի վրայ հանդիպեցայ սրտագին կոչի մը, որուն հեղինակն ֆէյսպուքի իսլամ օգտատէր մը: Ան գրած էր. «… Եղբայրներ, քրիստոնեաներուն լաւ նայեցէ՛ք, պաշտօն տուէ՛ք, գործ տուէ՛ք, որովհետեւ ամէն ընտանիքի մէջ անպայման մասնագէտ կայ, բժիշկ կայ, արուեստագէտ կայ, լաւ արհեստաւորներ կան ինչպիսին են ոսկերիչները: Մի՛ ձգէք, որ անոնք երթան մեր երկրէն»:
- Զ. Ուրեմն նմանօրինակ մտածո՞ւմն է, որ կը կարծէք թէ դրդապատճառ է պետական յատուկ հոգածութեան, որ կը դրսեւորուի օրինակ քիչ առաջ ձեր նշած հայկական եկեղեցիներ կամ հիմնարկներ պետական պիւտճէով վերանորոգելու ազնիւ նախաձեռնութիւնը:
- Սրբազան. Այո՛: Այստեղ, Պաղտատի մէջ պետութիւնը կը փորձէ տարբեր ձեւերով օգտակար ըլլալ, հասնիլ Հայ եւ այլ քաղաքացիներուն պէտքերուն: Կայ տակաւին անշուշտ իսլամական կարծրատիպ, բայց պէտք չէ ընդհանրացնենք, քանի երկրին գիտակից տարրը նախանձախնդիր է մեր բարօրութեան հանդէպ:
Օրինակ նոյն ծիրէն ներս Պաղտատի մեր Մայր տաճարը այսօր ամբողջութեամբ վերանորոգման մէջ է:

Այս վերանորոգումը պետութիւնը ինքը յանձն առաւ, կրօնից նախարարութեան միջոցով: Անշուշտ մենք պիտի նորոգէինք, բայց իրենք միջամտեցին եւ ուզեցին, որ իրենց միջոցներով վերանորոգուի մեր եկեղեցին: Բաւականին մեծ ծախսեր են, եւ առաջ Աստուած, կը յուսանք որ յառաջիկայ Մայիս ամսուայ ընթացքին աշխատանքները իրենց աւարտին հասնինք: Այս առիթով կ’ուզենք մեծ խանդավառութիւն ստեղծել անոր վերաօծման առիթով: Մեր սրտագին փափաքն է, ու կ՛աշխատինք զայն զուգադիպեցնել, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հաւանական այցելութեան հետ զուգադիպեցնել, որ արդեն Իրաքի նախագահին կողմէ յատուկ հրաւէր ստացած է այցելելու Իրաք:
Կարեւոր է այստեղ նշել, որ տարիներ առաջ երբ մեր Մայր եկեղեցին կառուցուեցաւ, Վազգէն Ա. Վեհափառը պիտի գար օծելու: Այդ օրերուն 1978թ.. դժբախտութիւն եղաւ: Ասողիկ Սրբազանը անհանգստանալով վախճանեցաւ: Սակայն Վեհափառը ժամանեց Իրաք Հուսիկ Եպս. Սանթուրեանին հետ եւ շատ մեծ շուքով դիմաորուեցաւ եւ ընդունուեցաւ, թէ պէտութեան եւ թէ համայնքի զաւակներու կողմէն. Հուսիկ Եպս. Սանթուրեանը օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր Տաճարը այդ այցելութեան ընթացքին:

Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին
- Զ. Սրբազան Հայր խնդրեմ համայնապատկերը կու տա՞ք մեզի Իրաքի անցեալի եւ ներկայի եկեղեցիներուն եւ ազգային հաստատութիւններուն:
- Սրբազան. Այո սիրով: Ձեզի կը տրամադրեմ հետեւեալ ցուցակը.
Եկեղեցիներ
1. Պաղտատի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցին 1639
2. Պասրայի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցին 1736 վերականգնում 1907, 1931
3. Պաղտատի Ս․ Երրորդութեան Եկեղեցի 1852 խոնարհում 1957
4. Մուսուլի Ս․ Էջմիածին Եկեղեցին 1857: 2014ին մեծ վնասներ կրեց ISIS-ի պատճառով:
5. Զախոյի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցին 1932. Եկեղեցին վերակառուցուեցաւ եւ օծումը կատարուեցաւ մեր ձեռամբ 2024թ.
6. Քէրքուկի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցին 1948-ին այժմ անգործածելի, նորը 2016
7. Պաղտատի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի 1957
8. Պաղտատի Ս․ Կարապետ Եկեղեցին 1973
9. Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի 1990
10. Աւզրուկ գիւղի Ս․ Վարդան Եկեղեցին 2000
11. Տըհօքի Ս․ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցի 2008
12. Հաւրէզք գիւղի Ս․ Սարգիս Եկեղեցին 2016
13. Էրպիլի Ս․ Խաչ Եկեղեցի 2019
14. Մուսուլի Նորակառոյց Եկեղեցին տակաւին չօծուած 2005-ին ռմբակոծուած ԱՄՆ-ի կողմէ: 2014-ին ականուած Իսլամական պետութեան կողմէ: Այժմ խոնարհած:
Հայ Դպրոց
- Թարգմանչաց Վարժարան1852
- Զապէլեան Աղջկանց Վարժարան 1903
- Թարգմանչաց Միագեալ արժարան1917. (Թարգմանչաց եւ Զապէլեան միասին)
- Սվաճեան վարժարան1934
- Ազգային Միացեալ Վարժարան 1945(Թարգմանչաց եւ Սվաճեան միասին)
- Հայ Ազգային Արեւելեան Վարժարան 1934
- Հայ Արեւմտեան Ազգային Վարժարան 1939
- Հայ Կաթողիկէ Էարժարան1944
- Հայ Ազգային Վարժարան 2004 (Միակ բանուկ վարժարան)
Կազմակերպութիւններ
1. Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն «ՀԲԸՄ» 1911
2. Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւն «ՊՀԵԵՄ» 1926
3. Պաղտատի Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւն «ՀՄԸՄ» 1949
4. Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւն 1961
5. Օհան Մարզական Միութիւն 2000
6. Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմ «ՀԵԿ» 1986
7. Մելինէ Աղեքսանդրեան Ազգային Ծերանոց 1970 Երկրորդ յարկի կառուցում 2007
8. Կիրակնօրեայ Հաւաք 1985 – 2003
Այլ Յարանուանութիւններ
1. Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Մայր Վերափոխման Եկեղեցի 1844
2. Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցի 1937
3. Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Նարեկի Տիրամայր Եկեղեցի 1998

- Զ. Մեզի համար ակնյայտ երեւոյթ է Իրաքի Հայ համայնքի մերօրեայ բացառիկ վերաշխուժացումը, որուն ետին անշուշտ կը տեսնենք անոր Բարեջան Առաջնորդին մատնահետքերը: Ի՞նչ ունիք մեզի յաւելեալ տեղեկացնելիք այս մասին:
- Սրբազան. Համեստաբար կ՛ըսեմ, որ կը փորձենք ամէն ձեւով աշխոյժ պահել մեր պապենական հողերուն ամենամերձաւոր եւ հինաւուրց համայնքը: Իրաքահայ համայնքին մէջ, այսօր Պաղտատի մէջ կը գործէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Կայ Պաղտատի Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւնը: Կը գործէ ՀՄԸՄ-ը: Կան նաեւ Եկեղեցուոյ Տիկնանց յանձնախումբն ու Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւնը: Պաղտատէն դուրս շրջաններուն մէջ ալ կը գործածեն հայկական նշեալ մարմինները: Կան նաեւ այլ ազգօգուտ կազմակերպութիւններ: Ուրախ եմ, որ ժողովուրդը համախմբուած է իր եկեղեցիներուն շուրջ: Մայրաքաղաքէն դուրս այսօր ամենաաշխոյժ հայկական խմբաւորումը ունինք Զախոյի մէջ, որ թիւով ալ համեմատաբար մեծ է:
- Զ. Ինչպէ՞ս են Ձեր նշած միութիւններուն յարաբերութիւնը եկեղեցիին հետ:
- Սրբազան. Բոլորն ալ իրար հետ շատ լաւ կը գործակցին: Բնականաբար սերտ գործակցութեան մէջ են նաեւ եկեղեցիին հետ: Առաջնորդարանը իր կարգին կը փորձէ հասնիլ նշեալ միութիւններուն ֆինանսական պէտքերուն:
Բարեբախտութիւն է համայնքին համար մեր նախնիներէն մեզի հասած կտակներն ու շատ մը հանգուցեալ հայորդիներու կալուածային ժառանգութիւնները, որոնց միջոցաւ մենք մեր կարելին կ՛ընենք հասնելու համայնքին հաւաքական թէ անհատական բոլոր պէտքերուն: Այս բոլորին զուգահեռ ունինք Չքաւորաց Օժանդակ Միութիւնը ՉՕՄ, որ Առաջնորդարանի հովանիին տակն կը գործէ եւ ամեն ամիս արժանապատիւ գումար կը յատկացնէ Հայ չքաւոր ընտանիքներուն:
- Զ. Հետաքրքիր է, որ պատմականօրէն հարուստ ճանչցուած Իրաքի Հայ համայնքին մէջ կա՞յ չքաւորի հասկացողութիւն:
- Սրբազան. Հետ պատերազմեան օրերուն, այո դժբախտաբար կան չքաւորի սահմանումին մէջ ինկող Հայեր: Երկարատեւ պատերազմն ու անոր բացասական արդիւնքները, տարեց դասակարգի առկայութիւնը, որոնց պետական թոշակները անբաւարար են, համեստ ընտանիքներու ուսանող զաւակները, որոնք բոլորը կարիքը ունին մեր օգնութեան: Վերը նշած ՉՕՄ-ը իր հերթին դեղամիջոց կը հասցնէ մեր հիւանդ ազգայիններուն:
- Զ. Սրբազան Հայր, այսօր քանի հայկական դպրոց կը գործէ Պաղտատի մէջ, եւ արդեօ՞ք անոր աշակերտութեան թիւը համապատասխան է համայնքի թիւին հետ:
- Սրբազան. Այսօր Պաղտատի մէջ մէկ դպրոց կայ: Անցեալին բաւականին լաւ թիւեր ունեցած ենք, որ ցաւօք այսօր չկան: 2018-էն ետք յատկապէս աշակերտներուն թիւը մեծ անկում արձանագրած է: Բացի համայնքի թիւին նօսրացումէն, այս երեւոյթին հիմնական պատճառներէն մէկն ալ խառն ամուսնութիւններն են:
- Զ. Ուրեմն ժամանակի ազդեցութեամբ ընկերային-մշակութային համարկումը, կը շեշտուի Իրաքի նման պահպանողական համայնքի վրայ ալ: Օրինակի համար կարելի՞ է իմանալ խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը օրինակ 2024 տարուայ ընթացքին: Ի՞նչ կարելի է ընել հնարաւորինս կասեցնելու կամ դանդաղեցնելու ձուլումի ընթացքը:
- Սրբազան. Ցաւօք կրնամ ըսել կէս առ կէս էր խառն ամուսնութիւններու թիւը ընդհանուր թիւին հետ համեմատած: Նոյնիսկ աւելի…: Մենք վերջին շրջանին կը փորձենք օգտակար ըլլալ եւ քաջալերել հայը հայու հետ ամուսնանալու կարեւոր պարագան: Երեք միլիոն իրաքեան տինար (շուրջ 2300 ամերիկեան տոլար) կը նուիրենք երկուստեք Հայ զոյգին: Եթէ անոնք ընտրեն իրենց հարսանիքի խրախճանքը ընել հայկական սրահի մը մէջ , ապա այդ գումարը կը դառնայ 5 միլիոն տինար (շուրջ 3800 ամերիկեան տոլար): Ամէն ինչ կ՛ընենք Հայը հայ պահելու առաքելութեան ի խնդիր:

Պասրայի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Խորանը
- Զ. Կա՞յ արդեօք շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներու ծրագիրներ, օտար վարժարաններ յաճախող մեր աշակերտներուն համար: Բացի լեզուէն հայկական ոգիին փոխանցումը տան մէջ կամ յատուկ ծրագիրներով ինչպէ՞ս կ՛իրագործուի:
- Սրբազան. Այս առումով ՀԲԸՄ-ը ունի շաբաթօրեայ յատուկ դասաւանդութիւններ: ՀՄԸՄ-ն ալ ունի նոյնանմնան ծրագիր: Յատկանշական է Հայաստանէն գործուղուած մեր երիտասարդ քահանաներուն երէցկիներուն ճիգերը այս ուղղութեամբ ծրագիրներ իրագործելու: Իմ ափսոսանքը սակայն այն է, որ յատուկ դասընթացքներու աշակերտները երբ տուն վերադառնան դարձեալ օտար լեզուով պիտի խօսին: Այս իմաստով ընտանիքը մեծ կարեւորութիւն ունի, որ պէտք է մեզի օգնութեան հասնի նման ծրագիրներու լիարժէք յաջողութեան համար:
Ճիշտ էք: Հայկական ոգիի փոխանցումն ալ կարեւոր է ինչքան լեզուն: Անձնական փորձառութեամբ նշեմ, որ ԱՄՆ-ի մէջ շուրջ 30 տարուայ պաշտօնավարութեանս ընթացքին հանդիպած եմ ամերիկածին հայերու, որոնք հոգով եւ սրտով նուիրուած են Հայ եկեղեցիին: Այս առիթով այսօր կրնամ հաստատել, որ յատկապէս Ամերիկայի Արեւելեան թեմի պարագային, բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ ամերիկածին կամ տեղւոյն հասարակութեան խորապէս համարկուած կամ աւանդաբար այնտեղ ապրող հայերն են, որ կառուցած են մեր եկեղեցիները, եւ եթէ վերջին տասնամեակներու ամերիկա գաղթողներուն յոյսին մնայինք , ԱՄՆ արեւելեան շրջանին մէջ այսօր այսքան մեծաթիւ եկեղեցիներ պիտի չունենայինք: Արդարեւ, վաղուց իրենց լեզուն կորսնցուցած, անցեալ դարու 30ական, 40ական կամ 50ական թուականներուն գաղթած հայորդիներն են, որ հայկականութեան ոգին պահեցին տեղւոյն համայնքին սրտերուն մէջ անկախ լեզուական դժուարութիւններէն:
- Զ. Սրբազան Հայր, ի՞նչ ունիք աւելցնելիք մեր այսօրուայ օգտաշատ զրոյցին վրայ:
- Սրբազան. Այսօր, հակառակ ամէն ճիգերուն, մեր համայնքը նօսրանալու վտանգ կը դիմագրաւէ: Ճշմարտութիւն է, որ բոլորն ալ հակում ունին գաղթելու: Կերպով մը կը փորձեմ հասկնալ քանի մարդկային տարրական իրաւունքն է իր եւ իր զաւակներուն համար ապահովութիւն փնտռել: Իրաքը այս իմաստով անցնող տարիներուն շատերուն յուսահատեցուցած է դժբախտաբար:
Շատեր մօտենալով ինձ կը հարցնեն. «Սրբազան, մենք պիտի գաղթենք», կ’ըսեմ. «Լաւ ինչո՞ւ, ի՞նչ է պատճառը, այսօր աւելի լաւ են երկրին պայմանները»: Մեծամասնութեան հիմնական մտահոգութիւնը իրենց զաւակներուն ապագան է: Գիտէք, նման խօսքի մը դէմ յանդիման երբեմն անճար կը պապանձիմ, խրատելով, որ իրենց ուղղութիւնը գոնէ դէպի Հայաստան ըլլայ…:
- Զ. Ի՞նչ կը նախատեսէք ապագայի Իրաքին համար:
- Սրբազան. Կրնամ անվարան ըսել, որ այսօր Իրաքը վերջին նախկին տարիներուն հետ համեմատած շատ փոխուած է: Ժողովրդային լեզուով ըսեմ. «սատանային ականջը խուլ» Իրաքի ներկայ պայմանները բաւականին լաւացած են եւ մեծ յոյսեր ունիմ, որ աւելի եւս պիտի լաւանան:

- Զ. Շատ ուրախ եմ այս լսելով, սակայն դուք նկատի ունիք Իրաքի բոլոր նահանգներու ապագան:
- Սրբազան. Այո, ամբողջ Իրաքը նկատի ունիմ: Եւ ըսեմ, որ առեւտուրի, ճարտարարուեստի՝ ընդհանրապէս business-ի շատ մեծ հնարաւորութիւն կայ այստեղ: Եթէ մարդ աշխատասէր է, կրնայ շատ լաւ գործ ընել: Առատ դրամ կայ business-ի համար, շինարարութիւնը ահագին վերելք կ՛արձանագրէ: Երկրին ներկայ վարչապետը բաւական լաւ աշխատանքներ կը տանի երկրին բարօրութեան ի խնդիր: Այս կարճ ժամանակին ընթացքի , որ Իրաք կը գտնուիմ, կրնամ վկայել, որ 5 հատ հսկայ կամուրջներու բացման ականատեսը եղայ: Հաղորդակցութեան միջոցները շրջանէ շրջան ահագին բարելաւուած են: Շատերու վկայութեամբ, 2003-էն մինչեւ այսօր այսքան դրական գործ չէ եղած երկրին մէջ, որքան այս վարչապետի ժամանակ: Ինչ կը վերաբերի երկրին փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս աւելի առաջ նշեցի յատուկ հոգածութիւն կայ անոնց վախերը փառատելու: Այս տարի պետական յատուկ կարգադրութեամբ Դեկտեմբերի 25-ի Ս. Ծննդեան օրը որպէս պետական տօն յայտարարուեցաւ: Յաւելեալ օր մըն ալ տուին Քրիստոնեայ աշխատողներուն, որպէս տօնական ոչ-աշխատանքային օր: Նոյնը Զատկուան տօնին վերաբերեալ: Պետութիւնը չզլացաւ նաեւ Հայերուս յատուկ Ծննդեան օրերուն ալ պաշտօնապէս շնորհաւորելու Հայ Առաքելական համայնքը: Քրիստոնեայ բոլոր կրօնական հաստատութիւններն ալ ունին պետական յատուկ պաշտպանութիւն: Կրօնապետերը ունին պետութեան կողմէ նշանակուած ապահովական անձնակազմ: Պետական հաստատութեան մը մեր կողմէ առաջադրուած, ցանկացած խնդրանք կամ պահանջ անմիջապէս եւ սիրով կ՛ընդառաջուի: Այս բոլոր միջոցառումները վստահութիւն կը ներշնչեն մեզի: Շատեր դուրսէն առանց կարգ մը արդար իրականութիւններ իմանալու ի զուր կը քննադատեն երկիրը, բայց հայերուս պարագային պէտք ի իրապէս երախտապարտ ըլլանք Իրաքի ժողովուրդին, որոնք մեր Ցեղասպանութեան ամենադժնդակ տարիներուն անվերապահ կերպով մեր կողքին կեցաւ մարդկային եւ մարդասիրական վերաբերմունքի ամէն դրսեւորումներով:
Մեծ եղեռնէն ետք, որ հիւրընկալեց, ինչպէս Սուրիան, Լիբանանը, Իրաքը հիւրընկալեցին մեզի եւ մեծ հնարաւորութիւններ տուին: Այս բոլորը պէտք չէ ուրանալ եւ պէտք է յիշել, որ այստեղ ստացանք կրթութիւն, սնուեցանք, ապրեցանք, եւ ամենակարեւորը՝ վերապրեցանք: Յիշենք, որ շատ մը հայորդիներ Իրաքի մէջ հասան բարձր պաշտօններու: Ֆինանսական մեծ հսկաներ դարձան:
Այստեղ կ՛ուզեմ նաեւ անպայման նշել իմ նախորդիս՝ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան Սրբազանին անզուգական ներդրումը համայնքին մէջ: Պէտք է միշտ յիշել, օր ան իր պաշտօնավարութեան 42 տարիներուն յաջողած է համայնքը հնարաւորիս ոտքի պահել ու այլ ազգօգուտ աշխատանքներու շարքին զարկ տալ նաեւ եկեղեցաշինութեան: Այսօր մեր երէց հոգեւոր եղբայրը թոշակի անցած է ու կը շարունակէ մնալ Իրաքի ասպնջական հողերուն վրայ: Առողջութիւն եւ արեւշատութիւն կը մաղթեմ իրեն:

- Զ. Սրբազան հայր շնորհակալ եմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին տրամադրած Ձեր սուղ ժամանակին համար:
- Սրբազան. Ես եմ շնորհակալ: Չմոռնաք, որ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ծննդավայրին նման Լիբանանը իմ ալ ծննդավայրս է, որուն հետ կապուած կը մնամ շատ մը յիշատակներով, յատկապէս մանկութեանս յաճախած իմ դպրոցիս՝ Պէյրութի մեր Վահան Թէքէեան Վարժարանին հետ, որուն արդէն հանգուցեալ թէ տակաւին մեր մէջ գտնուող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս հետ, ինչպէս Լիբանանահայ իմ բոլոր սիրելիներուն հետ ունիմ հոգեկան անքակտելի կապեր ու ջերմագին զգացումներ:
Յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ շուտով արդէն 90ամեայ սակայն միշտ երիտասարդ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին ու անոր ետին կանգնողներուն: Վարձքերնիդ կատար:
Ծանօթ. ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեր սիրելի ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ կը դնենք Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի պաշտօնական՝ եռալեզու կայքէջի հասցէն բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին հաղորդակից ըլլալ եւ միշտ թարմացած տեղեկութիւններ ունենալ Իրաքի Հայ համայնքին մասին՝ www.iraqiarmenian.church