Ճանչնալով մեր հայրենիքի սահմանները եւ հազարամեակներու ընթացքին անոր խմորումները, առաւել յստակ կը հասկնանք ու կը գնահատենք ինքներս մեզ, մեր մշակոյթը, հոգին եւ ազգային իսկական արժեհամակարգը․․․
Երկրի մը քարտէսը սոսկ այն գիծը չէ՝ որ կը սահմանազատէ տուեալ երկիրը իր հարեւաններէն, այլ, անիկա այդ երկրի բնակիչներէն ամէն մէկուն ինքնութիւնն է, ոչ միայն անցեալն է այլեւ ապագան․․․ եւ այդ գիծը ընդունուած է գծել կարմիրով՝ որը սոսկ մելանի գոյնը չէ, այլեւ այդ երկիրը պաշտպանած ու պաշտպանող նահատակներուն եւ զաւակներու արեան հոսքը կը խորհրդանշէ․․․ Ճանչնանք մեր գիծը եւ այն փոխանցենք մեր ժառանքորդներուն․․․
Այս կարգախօսով, եւ «Հայաստանի սահմաններու 2600 տարուայ պատմութիւնը» խորագրով, 5 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին յաջողութեամբ կայացաւ Երեւանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած շահեկան դասախօսութիւնը ՀԲԸՄ Հայաստանի դահլիճի մէջ, որտեղ աշխարհագրագէտ, քարտիսագէտ Ռուբէն Գալչեանը հաճելի եւ ուսանելի ձեւով փաստացի եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ փոխանցեց թիւով 80–է աւելի ուշադիր ներկաներուն, ներշնչելով անոնց մէջ ազգային ոգի եւ արժանապատւութիւն։

Հետ դասախօսութեան կայացած աւանդական հիւրասիրութեան ընթացքին հնչեցին բազում հարցումներ եւ շնորհակալական խօսքեր ներկաներուն կողմէն։

Ծանօթ․ Ռուբէն Գալչեան․ բրիտանա-իրանցի հայ աշխարհագրագէտ և քարտիսագէտ-քարտէսաբան է: Գրած է բազմաթիւ գիրքեր Կովկասի պատմութեան ու քարտիսագրութեան մասին, հեղինակած է շարք մը քարտիսագրական յօդուածներ, որոնք տպագրուած են աշխարհի տարբեր ամսագիրներու մէջ: Ան դասախօսած է Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Իրանի, Հայաստանի և այլ երկիրներու մէջ։ Կը գրէ անգլերէն, որոնք կը թարգմանուին ինչպէս հայերէն, այնպէս ալ ռուսերեն եւ պարսկերէն լեզուներով։

