Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

«Համագործակցութիւն՝ Փոփոխութիւններու Արագացման Նպատակով՝ Համաշխարհայնացումէն Դէպի Տեղական». «Կանանց Միջազգային Օր»-ուան Առիթով, ՀԲԸՄ Լիբանանը – Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի  Արաբ Կիներու Հիմնարկին (LAU AiW) Համատեղ Սեմինար

«Կանանց Միջազգային Օր»-ուան առիթով, ՀԲԸՄ Լիբանանը, Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի  Արաբ Կիներու Հիմնարկին (LAU AiW) հետ համատեղ, կազմակերպեց 

«Համագործակցութիւն՝ Փոփոխութիւններու Արագացման Նպատակով՝ Համաշխար-

հայնացումէն Դէպի Տեղական» խորագիրով սեմինար մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Տօնին առիթով, Երկուշաբթի, Մարտ 3,  2025-ին, Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի Irwin Hall, Faculty Lounge-ին մէջ:  Աւելի քան 55 հոգիներու  ներկայութեան:

Քննարկման մասնակցեցան նշանաւոր բանախօսներ, փաստաբաններ ու համայնքային ղեկավարներ, որոնք անդրադարձան սեռային հաւասարութեան համաշխարհային քաղաքականութեան եւ անոր տեղական խոչընդոտներուն յաղթահարման միջոցներուն մասին: Քննարկումը վարեց Արաբ Կիներու Հիմնարկին Տնօրէնուհի Միրիամ Սֆէյր՝ շեշտելով գործընկերութան անհրաժեշտութեան՝ տեղական մակարդակի վրայ շօշափելի փոփոխութիւններ բերելու գործընթացին նպատակով:

Ֆինլանտացի Դեսպան Աննէ Մեսկանենը, խօսեցաւ Ֆինլանտայի սեռային հաւասարութեան զարգացման մասին, շեշտելով համայնքային ներգրաուածութիւնը:

Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ Հալիմա Քաաքուր՝ հանրային միջազգային իրաւունքներու դասախօս, անդրադաձաւ սեռային զգայուն քաղաքականութեան ներդրումի  ու օրէնսդրական բարեփոխումներու կարեւորութեանց:

Ատէլ Խոտր, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան եւ Եունիսէֆի Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէյի տարածաշրջանի նախկին տնօրէն, անդրադարձաւ հակամար- տութենէն տուժած կիներու եւ երեխաներու իրաւունքներուն հետ առնչուող  հարցերուն մասին:

Այման Մհաննա, լուսարձակեց սեռային հաւասարութեան դէմ աճող հակազդեցութեան վրայ, մասնաւորապէս՝ ծայրայեղ աջ շարժումներու կողմէ առցանց հարթակները զինելու միջոցով: Ան ընդգծեց լրատուական միջոցներու ներգրաւման կարեւորութիւնը կարենալ ապահովելու ներառական ու հաւասարակշռուած տեղեկատուութիւն:

ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Վարիչ-Տնօրէնուհի Արին Ղազարեան իր խօսքին մէջ նշեց թէ  հաստատուն եւ իմաստալից փոփոխութեան կարենալ հասնելու համար, անհրաժեշտ համագործակցութիւն հաստատել տարբեր ոլորտներու միջեւ:

Քննարկումը դրսեւորեց աշխոյժ ու եռանդուն փոխանակում ոլորտի նշանաւոր գործիչներուն միջեւ, անդրադառնալով Լիբանանի եւ աւելի լայն տարածաշրջանին առջեւ ծառայած սեռային հիմնախնդիրներուն:

Եզրափակելով, Միրիամ Սֆէյր կոչ ուղղեց շարունակել համագործակցութիւնն ու ժողովրդական ներգրաուածութիւնը՝ սեռային հաւասարութեան հասնելու նպատակով: Ան շեշտեց թէ փոփոխութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն, սկայն իւրաքանչիւր նոր լուծում նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ:

Նշենք թէ այս միջոցառումը ՀԲԸՄ Լիբանանի ու AiW-ի չորրորդ համագործակցութիւնն է, վերահաստատելով միատեղ նուիրուածութիւնը, ներառական եւ արդար հասարակութիւններու զարգացման ծիրէն ներս,

Ձեռնարկին աւարտին, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցադրումները ներկայանելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին