Այրի Տիկին Շաքէ Ուզունեան
Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Վիքի Մազլումեան եւ զաւակունք՝ Հերա, Արման, Առնօ
Տէր եւ Տիկին Ռազմիկ եւ Թամար Գապաքեան եւ զաւակունք՝ Կարէն եւ Ալիք
Եւ համայն՝ Ուզունեան, Բամպուքեան, Մազլումեան, Գապաքեան, Արսլանեան, Նաժըմ, Պալեան, Հաշոլեան, Տէտէեան, Մկրտիչեան ընտանիքներ եւ ազգականներ սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծհօր, աներհօր եւ հարազատին՝
ԿԱՐԱՊԵՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ-Ի
մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 14 Մարտ, 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 15 Մարտ, 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ- Պուրճ Համմուտ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համմուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային Առաջնորդարանի (ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ) սրահին մէջ: Ինչպէս նաեւ, կիրակի, 16 Մարտին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրէն ներս:
*****
Սոյն տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ թերթիս հաւատարիմ ընթերցող՝ երէց ընկեր ողբացեալ Կարօ Ուզունեանի հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Տակաւին երկար պիտի յիշենք ընկեր Ուզունեանին ատենի զանգերը խմբագրութեանս, միշտ դրական ու գնահատական խօսք մը փոխանցելու համար մեզի:
Յիշատակը մնայ անթառամ:
Խմբ.