ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շուրջ ինը տարի առաջ, Պոլսոյ » Փարոս» հրատարակչատունը, համագործակցելով Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին հետ, հրատարակած էր պատմաբան, բանասէր՝ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու» փառաւոր հատորը։
Այդ գիրքի հրատարակութենէն ինը տարի յետոյ, դա՜րձեալ » Փարոս» ամսագրի նախաձեռնութեամբ , այս անգամ լոյս տեսաւ «Հայոց Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն Օսմանեան Գաւառներու մէջ» երկհատոր ուսումնասիրութիւնը, որ լուսարձակի տակ կ՝առնէ գաւառներու մէջ կրթական կեանքն ու հաստատութիւնները։
Նորատիպ երկհատոր գիրքերու շնորհանդէսը սարքուեցաւ 12 Մարտ 2025 Չորեքշաբթի, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ երդիքին տակ։

Խիստ շահեկան ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ գրասէր ու մշակութասէր ընտիր բազմութիւն մը։
Ձեռնարկը հրապարակային ասուլիսի բնոյթ ունէր։
Բացումը կատարեց՝ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիրուհի Պերին, որ ըսաւ. «ուսումով է որ մարդիկ կը զարգանան, պետութիւններ կը յառաջդիմեն, եւ մշակոյթներ կը շարունակեն գոյատեւել։ Ուստի, անցեալի գիտակցութեամբ, այսօրուայ ու ապագայի ձեւաւորման մասին իւրաքանչիւր քայլ կարեւորութիւն ունի մեզի համար»։
Յետոյ իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ «Փարոս» ամսագրի խմբագրապետ՝ Մայտա Սարիս, որ յայտնեց թէ պատիւն ունին ներկաներուն ծանօթացնելու՝ մեծագոյն զոհողութիւններով եւ խղճամիտ աշխատանքով լոյս ընծայուած գիրքերէն մէկը եւս։ «Նուիրական աշխատանք մը, որ կերպարանք ստացաւ մէկ քանի անձերու աջակցութեան եւ ներդրումին շնորհիւ։ Նորատիպ այս հատորներուն մէջ կը պատմուի 1790 թուականէն սկսեալ, մինչեւ 1915, Օսմանեան սահմաններուն մէջ մօտաւորապէս 1000 հայկական կրթական հաստատութիւններու մասին, ուր կ՝ուսանէին շուրջ 120 հազար երկսեռ աշակերտներ, 5000 -ի հասնող ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներով» դիտել տուաւ խմբագրապետուհին։

Ան ընդգծեց նաեւ որ այս հատորները, որոնք անցեալը կը շաղկապեն ապագային, կարեւոր ժառանգութիւններ են, ուստի արժանի են տեղ գրաւելու ամէն հաստատութեան եւ ամէն բնակարանի գրադարաններուն մէջ։
» Խօսքերս աւելի լաւ պիտի հասկնաք, եթէ լսէք մեր արժէքաւոր բանախօսները։ Այս առիթով յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բանասէր Գէորգ Պ. Յակոբեանի, որ ո՜չ միայն իր օրերն ու ամիսները, այլ իր տարիները նուիրեց այս արժէքաւոր ուսումնասիրութեան, հարստացնելով հայ մշակոյթի գանձարանը։ Միւս կողմէ, շնորհակալ եմ իրեն նաեւ, որ ընտրեց մեզի հետ մշակութային գծով գործակցելու որոշում» շեշտեց Մայտա Սարիս, խօսքերը վերջացնելով զանազաններու ուղղեալ շնորհակալութեամբ։
Այնուհետեւ սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Երկու բանախօսներ՝ պատմաբան Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու եւ կրթական մշակ՝ Սաթենիկ Նշան, հետազօտող լրագրող՝ Մարալ Ֆուքսի զրուցավարութեամբ, համապարփակ բացատրութիւններ տուին գիրքերու մասին։ Ելոյթները ափսոսանքի եւ զայրոյթի ալիք կը բարձրացնէին սրտերէ ներս, միաժամանակ դաս ու պատգամ փոխանցելով ներկայ վարիչներուն։
Հայ ժողովուրդը ի գին զոհողութիւններու, դպրոց ու կրթարան բացած էր հոն, ուր գոնէ 10 հայ ընտանիք կ՝ապրէր։ Այդպէս եղած էր մինչեւ 1915-ի աղէտը։ Պայմանները թոյլատու չէին եղած միշտ, բայց հայութեան իմաստուն զաւակները առաջնահերթութիւնը տուած էին կրթութեան։ Նոյնիսկ հինգ աշակերտի համար դպրոց բացած էին։
Բանախօսութիւններու զուգահեռ կ՝ընթանային պաստառին վրայ ներկայացուած լուսանկարները, որպէս խօսուն վկաներ՝ բարձրամակարդակ ուսուցման։ Անկարելի էր առանց յուզման մատնուելու նայիլ անոնց, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, դասագիրքերուն, ճարտարապետական հոյակապ կառոյցներով եկեղեցի ու դպրոցներուն, ուր 18-19-րդ դարերուն կը կերտուէր հայ ժողովուրդի հաւաքական կերպարը։
Հրապարակային զրոյցը արժանացաւ ներկաներու ոտնկաց ցնծագին ծափահարութիւններուն։
» Փարոս»ի խմբագրապետուհին՝ Մայտա Սարիս եւ ատենապետ՝ Սարգիս Չէթինգայա արծաթեայ յուշանուէրներ յանձնեցին բանախօսներուն եւ զրուցավարին։

Յետոյ բոլորը համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր սարքուած էր ճոխ ընդունելութիւն։
Մաղթելի է որ գիրքերու հեղինակը մօտաւոր ապագային, զոյգ հատորներ եւս պատրաստելով, ամբողջացնէ իր ուսումնասիրութիւնը