Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հաւատքը Նոր Օրերու Փորձաքարի Դիմաց

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

«Մեր ճիգերը փշրանքներ են միայն

մեր կեանքի վերականգնումի փորձերուն մէջ» ։

Յ. Օշական

Վարդանանքը հաւատքի տօնակատարութեան ազգային օր է ։ 

Տասնհինգ դարէ ի վեր կը նշենք եւ ամէն տարի անշեղօրէն կ՚արտայայտենք  մեր հիացմունքն ու ակնածանքը այն խորունկ հաւատքին համար որ Վարդան եւ վարդանանք ցուցաբերած են 451 թուականին ։ 

Այս առթիւ մենք մեզի հարց կուտանք  թէ ինչի՞ կը ծառայեն այս նշումները, եթէ ոչ ներհայեցողութեան առիթի, չափելու մե՛ր հաւատքի զօրութիւնը՝ ո՛չ միայն քրիստոնէական արժէքներու  իւրացումին,  այլ այն բազմաթիւ ճակատներու վրայ մղուած մարտահրաւէրներուն որոնք կ՚սպառնան մեր կեանքի բազմաթիւ ոլորտներուն   եւ  որոնք կը չափեն մեր հաւատքին անխորտակելիութիւնն ու կամքին դիմադրականութիւնը։

      Հաւա՛տքն ալ,  կա՛մքն ալ,    Վարդան Մամիկոնեանին երկու  հզօր ստորոգելիներն էին, որոնք  կը բխէին անոր   անսակարկելի հայրենասիրութիւնէն։  Վարդան,  հայ ազգային եւ  մարդկային կերպարին, ամրակուռ հաւատքին  անկրկնելի տիպարն է,  ո՛չ գերմարդկային էակ մը, ո՛չ ալ անհասանելի կուռք մը։   Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած մաքուր ու անապական հայրենասէր սպարապետը, որուն համար հայրենիքն  ու քրիստոնէութիւնը գերագոյն ու նուիրական արժէքներ էին  եւ որոնց համար զոհաբերեց իր կեանքը ։ Այդ զոհաբերումն է ու արի կեցուածքը «ոչ» կարենալ ըսելու թշնամիին, որ դարերու ընթացքին զինք վերածեցին առասպելական վիթխարի կերպարին, եւ որ կը շարունակէ մեր նորաբողբոջ մանուկներու առաջին թոթովանքին հետ հայրենասիրական տրոփիւններով դարբնել վաղուան մեր հերոսները, եւ կը սկսի՝ «հա՛յ եմ ես,  հա՛յ եմ ես, քաջ Վարդանի թո՛ռն եմ ես»-ով ։ 

 Ահա՛ մարդկային այս կերպարին ձգտելու վերահաստատումն է, որ  ամէն տարի անշեղօրէն կը նշենք  դաստիարակելու  հասնող սերունդները՝  ըլլալու Վարդանի նման ամուր ու կառչած մեր հաւատքին, արժէքներուն եւ ազգային նպատակներուն։  

Ի՞նչ կը պատգամէ Վարդանանց տօնակատարութիւնը այսօր եւս,   «երբ այլեւս  պարսիկն ու փիղերը պատմութիւն դարձած են» եւ Վարդան՝ «Վարդագոյն արեամբ քո պսակեցիր Զեկեղեցի», իր արեամբ օծեց հայ եկեղեցին  ու անցաւ  պատմութեան ։

Ի՞նչն է խորհուրդը Վարդանանքի յիշատակութեան ուրեմն, եւ  ինչո՞ւ  պարտութիւն մը 1500 տարի ետք, կը շարունակէ մեզ  ներշնչել  տակաւին ։

          Թշնամին, սիրելիներ։

           Թուրքը  տակաւին իրականութիւն  է մեր կեանքին մէջ։  Աւելի քան ութ դար ետք տարբեր ճակատներու վրայ, եւ այսօր Ազերին որպէս զինակից ունենալով,  կը շարունակէ մեզ մաշեցնել, հիւծել, պարպել, սպառնալ՝  մեր հայրենիքին, մեր պետութեան, մեր մշակոյթին, մեր լեզուին ու  մեր գոյութեան։

Եւ ահա Վարդանանքի խորհուրդէն կը բխին՝ անժամանցելիօրէն մեր ազգային նպատակներուն կառչելու յանձնառութիւնն ու անսասան պահելու, ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքը  եւ հայ եկեղեցին,այլ՝

ա-     Գերեվարուած Արարատը տուն բերելու յանձնառութիւնը,  աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր Արարատը կը մնայ բանտուած, հետեւաբար, կառչած մնալ  մեր ճիտին պարտքին՝ Արարատը տուն բերելու ։

բ-      Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու մէկու կէս միլիոն հայերու կոտորածին Արեան գինը պահանջելու յանձնառութիւնը եւ հետապնդելու որ թուրքը Ցեղասպանութեան  պատասխանտւութիւնը ընդունի  եւ հատուցէ բոլոր վնասները որ պատճառած է ։ 

գ-      Չթողուլ որ  թուրքիոյ ուրացումի բարբաջանքները  ծառայէ գինովցնելու  միջազգային արդարադատութեան իրաւարարները    քարիւղի, առեւտրական, տնտեսական եւ քաղաքական նիւթական շահերով եւ անտարբերութեամբ վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին,   լռեն եւ  գործածեն թուրք պետութեան պատճառաբանութիւնները որպէս համաձայնութեան եզրերու խօսոյթ։ եւ թուրքը քաջալերուած շարունակէ ուրացումն ու պատմական եղծումները։

դ-      Չյուսահատելու եւ չընկրկելու յանձնառութիւնը ։  Ամբողջ ժողովուրդ մը կոտորելու եւ անհայրենիք դարձնելու ոճիրը  կը մնայ մարդկութեան վզին  նետուած  պարտքի շղթայ մը։  Մեր հայրենի աւաններն ու շէները  բնակեցուած  Թուրք ցեղերով,  Տարօնը, Մուշն ու Սասունը, Կարսն ու Արտահանը, Նախիջեւանն ու Արցախը օտարուած մեզմէ  կը մնան   բռնագրաւուած թշնամիին կողմէ, եւ մեր իրաւունքն է պայքարիլ զայն վերադարձնելու համար կրկին հայութեան եւ ոչ թէ գիծ քաշել անցեալին ու կորսուած հայրենիքին վրայ։

ե-      Արցախին վերատիրանալու յանձնառութիւնը, որովհետեւ Արցախի  պարտութեամբ կը վտանգուի ամբողջ  Հայաստանի պետականութեան ինքնիշխանութիւնը։ Որովհետեւ   շարունակուող  բռնագրաւումները սահմանային մեր հողերուն  կը սպառնան ոչ միայն Զանգեզուրին ու Մեղրիին այլ մնացած բուռ մը հայրենիքին։

  Ահա՛ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս վարդանանց պատերազմը ու  վարդանանք  կը    շարունակեն հասնող սերունդները  ոգեւորել ու ներշնչել՝ պայքարի ոգին,   անմար պահել  հայու  անպարտելի ոգին, յաղթանակներու հաւատացող ոգին,  մեր գոյութեան յաւերժականութիւնը երաշխաւորող ոգին։ Թէկուզ եւ հարիւր, երկու հարիւր,   հինգ հարիւր տարի ետք, պիտի հասնի՛նք Արարատի սրբազան կատարին, որովհետեւ մեր հազարամեակներու պատմութիւնը կը վկայէ  մեր ժողովուրդի  յաւերժականութիւնը։

Վարդանանքի խորհուրդը ՝ մեր լինելութեան ուժին հաւատալու  պատգամն է,   մեր հաւատքի ամրակուռ եւ կրանիթեայ խարիսխը, որ այսօր աւելի քան երբեք պիտի ներշնչէ՝ չյուսահատելու եւ պարտուածի հոգեբանութեամբ ծունկի չգալու,  թշնամիին առջեւ չչոքելու հպարտութիւնն ու արժանապատւութիւնը ունենալու, գիտակցութեան հրաւէրն է Վարդանանքը։  

Այսօր եւս մենք կը գտնուինք միեւնոյն կացութեան մէջ որ Վարդան եւ Վարդանանք  գտնուեցան  1500 տարի տարի առաջ՝ դէմ դնել թշնամիին ու անհաւասար պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, թէ՞ ենթարկուիլ անոր, եւ կորսնցնել հետզհետէ մշակոյթ, ինքնութիւն, եւ  հող ու հայրենիք  եւ սակայն արիւն չթափել եւ  հանգիստ ու որկրաժետ ապրիլ։ Աւարայրը անհաւասար կռիւի խորհրդանիշն է,  թէկուզ եւ այդպէս, բայց պայքարելու եւ  յաղթանակելու խորհուրդն է  նաեւ որ կը խթանէ մեզ ըլլալ՝ անվհատ, հաստատակամ ու յարատեւող ։    

          Այն գիտակցութեամբ, որ թշնամին չունի մեր բարձր մշակոյթը,  իբրեւ ազգութիւն չունի  մշակոյթ, կարդացէք իրենց պատմութիւնը եւ  պիտի տեսնէք թէ պետութիւն ստեղծեցին հայուն կամ յոյնին ժառանգութեան վրայ ։

 Ժողովուրդ մը որ միայն կը կոտորէ, կը քանդէ, կ՚աւերէ ու կ՚ոչնչացնէ, չի կրնար,  մեզի իշխել  ու ստրկացնել։  Հետեւաբար մենք իբրեւ ստեղծագործ եւ շինարար ժողովուրդ, իբրեւ մշակոյթ կերտող ժողովուրդ, աւելի բարձր ենք քան թշնամին։ Թշնամին պարտութեան մատնելու ամէն առանձնաշնորհում ունինք, կը բաւէ, որ հանենք մեր մէջէն պարտուածի եւ տկարի հոգեբանութիւնը, հաւատանք  մեր ՛ ուժին,  ստեղծագործելու  ու արարելու աստուածատուր տաղանդին ու բնազդին, եւ ազգային միասանականութեան շուրջ ամրացած, ինքնավստահ,  յաղթելու հաւատքով ներշնչուած՝ դառնանք հաւաքական ուժ։

 Մենք ունին պատմական փաստեր հաւատալու այս ըսուածին, ՝

Ա-        885-ին  թուականին,  ասկէ աւելի քան 1100 տարի առաջ, շնորհիւ Աշոտ Բագրատունի թագաւորի դիւանագիտական, քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ ազգային շահերով առաջնորդուող սպարապետին, չորսուկէս դար ետք, յարութիւն տուած է «կործանած հայ թագաւորութեան»[1], որ «բարձրացուցանէր զազգս Թորգոմեան», «սկիզբ դնելով Բագրատունիներու 160-ամեայ հարստութեան» եւ «Հայաստանի զարգացումին ու բարգաւաճման»[2]։

 Երկրորդը. 28 Մայիս 1918 -ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնէն երեք տարի ետք միայն, տակաւին մեր կոտորուած ժողովուրդի արիւն  չլերդացած ,  հիւծած,  սոված ու քանդուած, նոր օրերուՎարդանները իրենց  մէ՛ջ ուժ գտան ոտքի կանգնելու  եւ թշնամին մեր հողերէն դուրս նետելու, ազատագրելով Հայաստանն ու վեց դարերու ստրկութիւնէն ետք կերտեցին Ազատ անկախ Հայաստանը։  Եթէ չ՚ըլլար Մայս 28-ն կերտողներու հանրապետութիւնը, այսօր չէինք ունենար ա՛յս հանրապետութիւնը։ 

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայ պետական այրերը պիտի ընէին այսօ՛ր եւս, հայոց բանակին ու պետականութեան շուրջ հաւաքելով  ողջ հայութիւնը,  Սփիւռքէն՝ Հայաստան, համախմբելով  հաւաքական ուժին ու հայրենիքին գաղափարին  շուրջ եւ տէր կանգնէին. Արցախին։

Հետեւաբար, Վարդանանք պատերազմը կը շարունակուի այսօր եւս։   Կը շարունակուի Սփիւռքի մէջ ՝

-Հայ դպրոցը եւ հայ աշակերտը  հայ պահելու ահեղ ճակատամարտը՝ Լիբանանէն, ֆրանսա,  Արժանթին, Աւստրալիա եւ Ամերիկա։  

 -Հայոց Մեսրոպատառ  Լեզուն պահելու ճակատամարտը,  հանապազօրեայ պայքարով  կը դառնայ դժուար յաղթահարելի։   Մեսրոպատառ կ՚ըսեմ դիտումնաւոր,  այսօր, կա՞յ մէկը որ բջիջային հեռաձայն չունի, սակայն, քանի՞ն յարգելի մեր  հայրենակիցներէն,  իր հեռախօսին վրայ մեսրոպեան, հայկական տառերը ունի, հայերէնով հաղորդակցելու իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ, ամէնքը կ՚օգտագործեն, լատին տառերը եւ այլանդակ հայերէնով ամէն օր կ՚աղաւաղեն մայրենի լեզուն, մինչդեռ նայեցէք Արաբ, Չինացի կամ ֆրանսացի  ժողովուրդներուն, 90 տոկոսը այս զանգուածներուն, իրենց մայրենիով ՝արաբերէնով, ֆրանսերէնով, չինարէնով  իրար հետ կը հաղորդակցին, իրենց ըսելիքները իրենց լեզուներով կը  գրեն նոյն այդ բջիջայինի վրայ։   Թուրքը, իր թրքութիւնը ամրակայելու համար, այսօր սկսած է վերադառնալ իր օսմանեան տառերուն։ Իսկ  մենք՝ մեր մեսրոպեան ոսկեղնիկը լատինատառ այլանդակ լեզուի մը կը վերածենք։ Այսօրուընէ անցուցէք հայերէն տառերը ձեր բջիջայիներուն վրայ  եւ գրեցէք հայերէն թէկուզ եւ դժուար եւ ուղղագրական սխալներով լեցուն, բայց վարժութիւնը հայերէն գրելու եւ լեզուն պահելու կը սկսի այստեղէն։

 Տակաւին Հայ մշակոյթը չխաթարելու, հայ ինքնութիւնը պահելու ճակատամարտերը,  ամէն մէկը մէկ Աւարայր մըն է ,  որ կը սպասէ՝ հայ ստեղծագործ տաղանդին,   հայ երիտասարդի,  մտքի քանքարին, հնարամտութեան, իմաստութեամբ պայքարելու եւ զինաթա՚փ ընելու թշնամին։  Որովհետեւ, միայն զէնքով չէ որ պիտի յաղթենք այլ դիւանագիտութեամբ,  խելքով, հնարամտութեամբ, գիտութեամբ ։ Բոլորս ականատես եղանք  վերջին իսրայէլեան ահաբեկումներուն եւ վկայեցիք թէ ինչպէ՛ս 4000  երիտասարդներ  միեւնոյն ժամուն ամէն մէկը իրարմէ հեռու վայրի մը մէջ  իրենց բջիջայիններու պայթումներով զինաթափ եղան։   Հնարամտութիւնն ու խելքն է որ մեզի յաղթանակներու  պիտի առաջնորդէ։ Եւ մենք ունինք խե՛լքն ալ գիտնականներո՛ւ ստուար բանակն ալ։

Ցեղասպանութիւնէն  աւելի քան եօթանասուն տարի ետք,  մեր հայրերն ու մայրերը ամէն օր Վարդանանց պատերազմ մղեցին եւ ողջ պահեցին՝ լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը  ու պայքարեցան հասցնելու համար այսօր՝ ձեզի,  հաւատալով որ օր մը Հայաստանի անկախացումով  վերջ պիտի գտնէին՝ ինքնութեան,  լեզուի ու հայ մնալու պայքարները։    Ի վերջոյ, հայրենիք վերադառնալով վերջ պիտի գտնէին նաեւ  հայապահպանման ճակատամարտերը,    հայ ըլլալը պիտի դառնար մեր կեանքի բնական ոճը, ապրելով արժանավայել, հայօրէն, հայու պէս մեր հողերուն վրայ։  Ունենալով Հայ դպրոցը որպէս  ինքնութեան զինանոց, հայոց պետութիւնը  իբրեւ հայ ժողովուրդի անսասան  պաշտպան ամրոցը եւ հայերէնը անխորտակելիօրէն բարբարող մեր բոլորի շուրթերուն։

Այդպէս չեղաւ ափսո՜ս։ Հազա՛ր ափսոս։

          Ունեցա՛նք ազատ եւ անկախ Հայաստանը   եւ փութացի՛նք հայրենիք,   սակայն, Հայաստանի անկախացումով եւ աշխարհաքաղաքական միջավայրի նոր մարտավարութիւններով,  մեզի կը պարտադրուէին  նոր  իրականութիւններ   եւ ունեցանք ներքին ճակատի վրայ բացուած նոր Աւարայրներ՝ եւ վարդանանքը կը շարունակուի հայրենիքի մէջ եւս՝

Հայոց լեզուի աղաւաղումին դէմ , Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը  ճապաղեցնելու եւ մեր յիշողութիւնը խաթարելու փորձերուն դէմ, բաժան-բաժան  եղած ժողովուրդը միաւորելու,  մեկուսացուած սփիւռք վերամիացնելու հայրենիքին,  եւ տասնամեակներ ետք հազարաւոր մարտիկներու արիւնով անկախացած Արցախը, ամօթալի ու խայտառակ պարտութեամբ թշնամիէն ետ բերելու, անոր  վերատիրանալու պայքարը։   Հայաթափուած Արցախի մէջ այսօր կ՚անհետանայ մեր դարաւոր  մշակութային ժառանգութիւնը։ Չէր բաւէր  ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին փռուած հազարաւոր մեր վանքերն ու եկեղեցիները կործանեցան կամ վերածուեցան մզկիթներու ու ախոռներու, այսօր Արցախն է որ կ՚արժանանայ  նոյն ճակատագրին։ Ահա՛ թէ ո՛ւր տեղի  կ՚ունենայ մեր ժամանակներու նոր Աւարայրները։

Այսօր ունինք մեր պետութիւնը՝ պարտուած,  բաժանուած ու յուսալքուած, կողմնորոշումը  կորսնցուցած ժողովուրդ ։  Ինչպէ՞ս է որ հոս հասանք եւ ինչ՞ու հասանք, Ի՞նչն էր այս բոլորին պատճառը, ինչո՞ւ  չենք կրնար մէկ բռունցք դառնալ, ու ցցուիլ թշնամիին դէմ։   Պարզապէս որովհետեւ մեզի կ՚իշխէ ՝ ԵՍ- ը,   եւ աւելի ահաւորը՝  մեր ուժերուն չհաւատալու, մենք մեզի չվստահելու,  պարտուողի հոգեբանութիւնը որ մեզ իսկական պարտութեան  կ՚առաջնորդէ ։   Յանձնապաստան, դիւրին, ու հանգիստ կեանքը,  մեզի դարձուցած է անտարբեր, վախկոտ  եւ անձնասէր եւ կրաւորական մեր կեանքի իրադարձութիւններուն հանդէպ՝ անհոգ ու անտարբեր ։

  Մեզի կը պակսին  վարդանանքի ոգին,  մենք մեր ուժին  հաւատալու  եւ յաղթանակելու ինքնավստահութիւնը, աւելցնելով թշնամիին հոգեբանութեանը անծանօթ ըլլալու մեր տգիտութիւնը ։

Մեզի կը   պակսի    քաջ սպարապետը՝  նոր  օրերու,  նոր Վարդան Մամիկոնեանը որ պիտի համախմբէ բովանդակ հայութիւնը մէկ բանակի մէջ, պիտի ներշնչէ հաւատքը՝ հայրենիքին, լեզուին, ու մեր ուժին հաւատալու  ինքնավստահութիւնը, Սպարապետ մը որ ինչպէս 1500 տարի առաջ իր բանակին գլխուն անցած կը խրախուսէր իր զինուորները յայտարարելով՝ թէ  Քրիստոնէութիւնը մեզի համար հանդերձանք չէ,  որ հանենք եւ փոխենք, այլ մեր մորթին գոյնն է եւ ոչ ոք կրնայ զայն փոխել,  թշնամիին երեսին նետելով որ Քրիստոնէութիւնը մեր ազգային նկարագիրն է եւ կարելի չէ զայն  մեր մէջէն  հանել եւ թշնամին ստիպուեցաւ ընդունիլ ու ստորագրել Նուարսակի դաշնագիրը, երեսուն տարի ետք միայն, շնորհիւ՝ Վարդանի եղբօրորդոյն Վահան Մամիկոնեանին շարունակած  միեւնոյն քաղաքական վարքագիծին որ Վարդան դրած էր, պահելով հայ քրիստոնեայ մնալու որոշումը,  եւ պարսիկը ստորագրեց      առաջին պայմանագիրներէն որ փոքրամասնութիւններուն կրօնքի ազատութեան իրաւունքը կը շնորհէր 1500  տարի առաջ։

Այսօր մեզի պէտք են  նոր սպարապետներ, Նոր Վարդաններ որոնք արիութիւնն ու հպարտութիւնը պիտի ունենան թշնամիին երեսին շպրտելու թէ Արցախն ու Հայաստանը ծախու չեն։

 Այսօր եւս մեր նոր սպարապետը պիտի կանգնի հայոց բանակին գլխուն եւ հրամայէ՝ «Արցախը հազարամեակներու մեր հողն ու քարն է, մեր ինքնութիւնն ու հպարտութիւնն է   իր վանքերով ու եկեղեցիներով։  Վարդանանց  ճակատամարտէն  տակաւին  չորս դար առաջ, Ա. դարուն արդէն կառուցուած Դադիվանքով,   Դ. դարու՝  Գանձասարով,   Արամասով, եւ  տակաւին Հատրուդի, Քարվաճարի, Բերդաձորի,  Մոխրենիսի, Մարտակերտի, Այգեստանի,  Քարին Տակի, Շուշիի (Ղազանչեչոցի), Մատաղիսի, Աստղաշէին, հազարաւոր վանքերով ու եկեղեցիներով, մարդ ու մշակոյթ կերտած,  համալսարան հիմնած, հազարամեակներու Արցախը՝  Ազերիկան տարածք՞։ Իսկ եթէ ազերիին  են այս հողերը, ի՞նչ գործ ունին հոն հայկական վանքերն ու խաչքարերը։  Ահա ա՛յս հարցումէն սարսափած, կը կոտորէ, կ՚աւերէ  մեր  դարաւոր հարստութիւնը,  մեր հետքերը,  որպէսի տիրէ հողին, ինչպէս ըրաւ Նախիջեւանին ու   այսօր  կը հասնի Սիւնիքին ։

Որո՞ւ ոսկին որո՞ւ կուտանք։

Ահ՛ա,  թէ  ինչպէ՛ս հետզհետէ կ՚անհետանայ  մեր  դարաւոր ժառանգութիւնը։ Ո՞վ այսօր կը խօսի Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ գոյութիւն ունեցող աւելի քան  2800  եկեղեցիներուն ու 450 վանքերուն մասին,  որուն երկու հազարը արդէն գոյութի՛ւն չունին։

Ահաւասիկ թէ ինչո՞ւ Վարդանանքը անժամանցելի է ։ Եւ մեր բոլոր արհաւիրքի ու մահու կենաց պահերուն կը յայտնուի որպէս՝ ոգի, զգաստացնելու, չվհատելու, չյուսահատելու եւ պայքարելու, թէկուզ եւ անհաւասար միջոցներով։ Մեզ ընկճող ազերին ու թուրքը չունին մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը, մեր հայրենասիրութիւնը եւ ռազմի դաշտը լքող դասալիքներ են։    Հայը հերոս է ու մարտունակ ,  ամէն մէկ հայու հոգիին մէջ  Վարդան մը կայ որ կը զարթնի վերածուելով  ոգիի,  բռունցքի, առիւծի,  որովհետեւ մենք ենք հարազատ տէրերը այդ  հողերուն եւ  մեր պորտալարը եօթը հազար տարուան ժառանգականութեամբ կապուած է այս հողին ու քարին ։

Հետեւաբար,  մի՛ ունենաք միամտութիւնը թէ կը կրնանք գոյատեւել իբրեւ հայեր օտար ափերու վրայ։  ամենահզօր  գաղութներն անգամ կորած գացած են ժամանակի ընթացքին։  Նայեցէք Լիբանանի հայ համայնքին՝ ի՜նչ էր երէկ եւ ի՞նչ է այսօր, ո՞ւր են մեր բեմերը թնդացնող երաժիշտները,  մեր սրահները  ողողող թատրոնի հսկաները,  մեր բեմերուն փառք ու պատիւ բերող  պատկառելի բանաստեղծներն ու  մտաւորականները, գրագէտները։   Մեր հպարտութիւնը եղող արուեստագէտները։

Լիբանանը կերտող սերունդին արմատները կուգային հայրենի հողերէն, հոնկէ արմատախիլ եղած էին։ Բայց  այսօր  մեր սերունդը որ կտրուած է հողէն,   ինչի՞ վրայ պիտի կերտէ իր ինքնութիւնը եթէ ոչ լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի ։ Իսկ  Առանց հողի, պատմութիւն եւ  մշակոյթ չի՛ կերտուիր, եւ առանց մշակոյթի, թափառաշրջիկ գնչուներու ենք, անհայրենիք անհատներ,  հայ ծագումով օտար քաղաքացիներ, անարմատ ու ամէն հովուն ու փոթորիկին հետ կոտորուող ու անհետացող։

Հողն է որ մեզի կուտայ արմատներ եւ ուժ, մշակոյթ, եւ պատմութիւն եւ այս բոլորը գումարած  արժանապատւութիւն եւ հպարտութիւն։

Եւ հետեւաբար ՝

Հող ունենալու համար եւ հայոց պատմութիւն կերտելու համար աշխատանք ունինք տանելիք եւ աշխատելու համար՝ հաւատք է պէտք,  որմէ կը ծնի՝ կամքը, գիտութիւնը եւ յարատեւութիւնը։

★★★

  Տասնամեակներ առաջ երբ շատ փոքր էի եւ այդ տարիներուն անուանակոչութիւններու աւանդութիւնը ընդհանրացած՝ ուրախութեան, ճաշկերոյթի հիւրասիրութեան եւ նուէրներ ստանալու օր  էր,  հարցուցի մայրիկս թէ ե՞րբ էր իմ անուան տօնը,  ակնկալելով որ նուէրներ կրնայի ստանալ,  Մայրիկս շատ արագ պատասխանեց թէ Վարդանանքին էր։ «Բայց անունս Վարդան չէ» պատասխանեցի,

Հա եաւրում Վարդանանքին օրը ամբողջ հայ ժողովուրդը կռուեցաւ եւ նահատակուեցաւ, ատոր համար ալ անոնք որոնք անուն չունին Վարդանանքին օրը կը տօնեն։» Թերահաւատութեամբ, բայց ընդունեցի, եւ սակայն երբեք անուանս օրը նուէր մը չստացայ։

 Տասնամեակներ ետք երբ կը կարդայի վարդանանքի մասին, հանդիպեցայ գրութեան մը ուր կ՚ըսէր թէ հինգերորդ դարուն, հայ եկեղեցին որոշում առած ու է սրբացուցած է Վարդանանքի պատերազմին նահատակուած բոլոր զինուորներն ու հայուհիները, որովհետեւ, անոնք բոլորը քրիստոնեայ մնալու համար նահատակուեցան եւ կը կոչուէին՝  Արիստակէս,Ղեւոնդ, Պարթեւ, Արշակ, Վաղարշակ, Մեսրոպ, Թադէոս, Ներսէս, Համազասպ, Մուշեղ, Վահան, Շուշանիկ, Վարդենի, Վարդանուշ, Վարդուհի, Սահականուշ, Սանդուխտ. Եւայլն։   Ուրեմն մայրիկս շիտակ էր  եւ ինծի պարզացուած կը փոխանցէր վարդանանքի սրբադասման խորհուրդը։       

15  դար ետք հայ եկեղեցին երկրորդ անգամ ըլլալով նման հաւաքական սրբադասման որոշում կ՚առնէր՝  2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն հայորդիներու հարիւրամեակին, Ցեղասպանուած մեր ժողովուրդը,   հաւաքական կերպով սրբադասելու։

Հետեւաբար, այսօր բոլորիս անուակոչութեան օրն է,  եւ բոլորս՝  Վարդաններ ենք,  բոլորիս տօնը շնորհաւոր ։

Թող Վարդանի ոգին ու հաւատքը մեզ պահէ ամուր եւ մեր անուններու փառքով երդուենք ՝ շարունակել  պայքարը՝  հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման, Արցախը ետ բերելու, Արարատը ազատագրելու, Կարսը, Վանն ու Մուշը կրկին շէնցնելու մեր յանձնառութիւններուն  եւ  մեր ժողովուրդի լուսաւոր ապագային տեսիլքով յառաջանալու  անխախտելի  ու անխզելի ուխտով։


[1] ՀԱՍԿ, Հայագիտական տարեգիրք   Լեւոն  Շառոյեան   «Աշօտ Բագրատունի եւ իր ժամանակը» 2024,,էջ 494:

[2] Նոյն էջ՝  509:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին