Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ահաւոր Ոճիր Լիբանանի Մէջ. Սպաննուած Գտնուած է Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեանը

Լսել նիւթին լսողական տարբերակը

Ձայնագրութիւնը յառաջացած  է Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ:


Լիբանանի մէջ Լեռնալիբանան նահանգի Մեթնի շրջանի Պսալիմ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող,   իրեն պատկանող բնակարանին մէջ երէկ սպաննուած  գտնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան՝ Պեքաա նահանգի  Զահլէի եւ Անճարի շրջաններու հոգևոր հովիւ Տ. Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեանը։ Իր հետ կապը կորած էր 31 Յունուարէն ի վեր:

Նախնական քննութեան արդիւնքով պարզուած է, որ ան սուր առարկաներով ու դանակներով իր մարմնին վրայ ստացած է մահացու բազմաթիւ հարուածներ:

Ըստ հաւանական վարկածի, ոճրագործները նշեալ բնակարանին մէջ ներկ եւ  նորոգութիւն կատարող գործաւորները եղած են, որոնք այս անարգ ոճիրը գործած են գողութեան նպատակով:

Ոճիրը գործելէ ետք ոճրագործները փախած են անյայտ ուղղութեամբ: Հետաքննութիւնները կը շարունակուին:

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի մէջ ծնած Հայր Անանիա ուսանած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» դպրեվանքը։ Կրթական շրջանը աւարտելէ ետք Հայր Անանիա ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ եւ աւելի ուշ ծառայութեան կոչուած Իրանի մէջ (Սպահանի Թեմ)։ Վերջին տարիներուն ան հաստատուած էր իր ծննդավայր Պէյրութի մէջ եւ կը ծառայէր Լիբանանի Թեմէն ներս:

Անանիա Վարդապետին վախճանումը գուժած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

ԶԱՐԹՕՆՔ խստօրէն կը դատապարտէ սոյն անարգ ոճիրը, պատկան մարմիններէն պահանջելով լրջութեամբ լծուիլ ոճրագործներուն անյապաղ յայտնաբերումի աշխատանքին: Այս ցաւալիօրէն տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք տարաբախտ Հայր Անանիային միաբան եղբայրներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն ու զինք բոլոր սիրողներուն:

Նշենք, որ ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ այլ հայորդի մը սպաննուած էր Պէյրութի մէջ դարձեալ գողութեան պատճառով: Աւելցնենք, որ հակառակ լաւատեսութիւններու, Լիբանանի մէջ ապահովական իրավիճակը իր լաւագոյն պայմաններուն մէջ, ուր վերջին շրջանին կը շարունակուին կրկնուիլ նմանօրինակ դէպքեր:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին